Հինգշաբթի, 30 մայիս 2019-ին Մխիթարեան վարժարանին մէջ նշուեցաւ Մայրերու տօնը: Յայտագիրը սկսաւ տեսերիզի ցուցադրութեամբ, որով աշակերտները իրենց զգացումները իւրայատուկ կերպով արտայայտեցին իրենց մայրերուն` արցունք խլելով անոնց աչքերէն: Ապա բացման խօսքով տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանը բարի գալուստ մաղթեց բոլոր մայրերուն եւ յայտնեց, որ այս հաւաքոյթով կը նշուի երեք տօն միաժամանակ` Մայրերու տօնը, Համբարձման տօնը եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան տօնը: Ան շեշտը դնելով մայր բառին կարեւորութեան վրայ` ըսաւ, թէ ի զուր չէ, որ մենք կ՛ըսենք` մայր հայրենիք, մայրենի լեզու, մայր եկեղեցի եւ մայրաքաղաք: Ռ. Պոյաճեանը գնահատեց իւրաքանչիւր մօր դերը` իր զաւակի դաստիարակութեան մէջ, մատնանշելով, որ մայրերը կը համարուին իրենց զաւակներուն առաջին դպրոցը, անոնք կը դնեն դաստիարակութեան հիմերը, իսկ դպրոցը զանոնք կ՛արմատաւորէ: Իր խօսքի աւարտին ան քաջառողջութիւն եւ ամենայն բարիք մաղթեց բոլոր մայրերուն:
Գեղարուեստական բաժնով մանկապարտէզի աշակերտները երեք լեզուներով` հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն, մանկական առոգանութեամբ շնորհաւորեցին իրենց մայրերը: «Մայրերու օր» եւ «Ձօն մայրիկիս» քերթուածներով ելոյթ ունեցան Ա., Բ. եւ Գ. կարգի աշակերտները, որոնք նաեւ ներկայացուցին արաբերէն «Իտ ումմի» ասմունքը եւ անգլերէն «Հեփի մատըրզ տէյ» երգը: Դ. կարգի աշակերտները ֆրանսերէնով գովերգեցին իրենց մայրերը, իսկ հայերէնով ասմունքեցին Յովհաննէս Շիրազի «Մայրս» եւ Ղուկաս Սիրունեանի «Նուէր մայրիկիս» քերթուածները: Ապա բարձրագոյն կարգերէն խումբ մը աշակերտներ արաբերէնով ներկայացուցին սփիւռքահայուն ուխտը` նուիրուած Հայաստանի պետականութեան 101-ամեակին: Բոլոր աշակերտներն ալ իրենց ներկայացման աւարտին վարդեր նուիրեցին իրենց մայրերուն:
Այնուհետեւ, ծնողները, հինգ խումբի բաժնելով, Սիպիլա Մալեան վարժարանիս «Թումանեան» պարտէզին մէջ վարեց խաղերու հաճելի յայտագիրը, որուն մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան ե՛ւ մայրերը, ե՛ւ զաւակները: Աւարտին ունեցանք յաղթող խմբակ մը, որուն իւրաքանչիւր անդամը ստացաւ վարսայարդար Ուիսամ Սարժիի կողմէ տրամադրուած նուէրը:
Տեղի ունեցաւ նաեւ Համբարձման տօնին առիթով աւանդական վիճակաձգութիւն: Աւարտին, բոլոր մայրերը համախմբուելով` հատեցին Մայրերու տօնին կարկանդակը, եւ ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Տուն մեկնելէ առաջ ծնողները ստացան իրենց զաւակներուն հետ նկարով պատրաստուած ձեռային աշխատանք մը` որպէս յիշատակ օրուան տօնակատարութենէն: