Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ցաւերէն. Որպէսզի Քարոզի Չվերածուի

Յունիս 11, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Քանի մը ամիս առաջ լոսանճելըսահայ մամուլին մէջ լոյս տեսած ծանուցում մը վրդովմունք պատճառած էր մեզի, վստահ ենք` նաեւ բազմաթիւ նախանձախնդիրներու: Կլենտէյլի «Պերճ» գրատունը կոչ ուղղած էր հանրութեան, որ գիրք չթափեն, այլ իրեն բերեն: Այս բարեմիտ ծանուցումին ետին տեսած էինք ողբերգութիւն մը` գիրք թափելու եւ ընդհանրապէս ընթերցումէ հեռանալու ողբերգութիւնը, օրին արձագանգած էինք սրտցաւօրէն:

Եւ ահա, նոյն գրատունը տրտմեցնող երկրորդ ծանուցում մը լոյս ընծայած է մամուլին մէջ. բացայայտ կը դարձնէ, թէ որոշած է իր գիրքերու պահեստը լուծարքի ենթարկել: Ո՛չ, ինքնահակասում կամ նահանջ մի՛ տեսնէք երկու ծանուցումներուն միջեւ. նորը ակամայ է, ոչ նիւթական հարկադրանքի մը հետեւանքը, որովհետեւ չենք կրնար երեւակայել, որ Պերճին նման նուիրեալ մը հանգիստ սրտով ու գոհունակութեամբ պիտի դիմէր իր հաստատութիւնը ատեն մը ետք փակուած տեսնելու քայլին, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք անոր վաստակը` հայ գիրքի տարածման ասպարէզին մէջ. առաքելութի՛ւն մը, արդարեւ, որ ունի ընտանեկան աւանդներ` սկսելով Հալէպէն ու անցնելով Պէյրութէն: Եւ որպէսզի այս տողերը չստեղծեն ծանուցումի տպաւորութիւն, անմիջապէս ընդգծենք, որ այս գրատունը առանձնակի երեւոյթ չէ մեր իրականութեան մէջ, նման հազուագիւտ աւանդապահներ ունեցած ենք եւ ունինք մինչեւ այսօր, սակայն անոնց հնչեցուցած ահազանգերը կը դիմաւորուին անտարբերութեամբ, իբր թէ փակուող հաստատութիւնը ըլլար… հեմպըրկըրի վաճառատուն մը կամ սովորական արհեստանոց մը. յարգանք ունինք աշխատանքի որեւէ ասպարէզի ծառայողի նկատմամբ, սակայն պէտք չունինք մանրամասնելու, թէ գրատունը ի՛նչ կշիռ ունի եւ ինչպիսի՛ զատորոշուող արժէքով մը պէտք է դիտուի մեր հանրութեան կողմէ:

***

Գրատան մը կամ գրատուներու փակման իրականութիւնը, որոնց անդրադարձած էինք նախորդիւ, մտահոգիչ է. անիկա մեր ընդհանրական ցաւերէն միայն մէկն է. կանգ առնենք նաեւ ուրիշներու առջեւ, որպէսզի մեր այս մտահոգութիւնը դիտուի աւելի լայնածիր բովանդակութեան մը մէջ:

Երկրորդ մտահոգութիւնը ծնունդ է հայ դպրոցին հանդէպ անբաւարար հոգածութեան:

Սխալ չհասկցուինք. մեր ակնարկութիւնը չ՛երթար մեր գործող դպրոցներուն, որոնք կը վայելեն այս կամ այն միաւորին-համայնքին հովանին ու գուրգուրանքը. մեր ակնարկութիւնը կ՛երթայ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՓԱԿՄԱՆ իրականութեան:

Գաղտնիք չէ, որ քանի մը ուսումնարաններ մերթ ընդ մերթ կ՛անցնին պաղ ու տաք ջուրերէ: Գաղտնիք չէ նաեւ, որ վերջին տասնամեակին Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ իրենց դուռերը փակեցին երկու վարժարաններ, որոնց դիմաց նորերու բացման նախաձեռնութիւնները, հակառակ բոլոր բարի տրամադրութեանց ու ճիգերուն, շօշափելի չդարձան, բացի մէկէն, 2006-ին: (Իսկ ո՜վ կրնայ մխիթարական նկատել այն, որ այլ գաղութներու մէջ եւս դպրոցներ ու պատմութիւն կերտած ուսումնարաններ կը փակուին…): Մինչդեռ գաղութի բնակչութեան թիւը աճ կ՛արձանագրէ տարուէ տարի, բնական ընթացքով թէ այլ շրջաններէ ներգաղթողներու ճամբով:

Պարզապէս թւումի կարգով յիշեցնենք, որ անցեալ քանի մը տարիներուն հրատարակութենէ դադրեցան գոնէ երկու շաբաթաթերթեր, որոնք իրենց կարգին վաստակ ունէին մեր պարբերական մամուլի կեանքին մէջ: Իսկ այս տարի «Հայ մամուլի տարի» է… Ինքնախաբէութեան չդիմենք` ըսելով, որ հիմա գիրք ու թերթ կը կարդացուին համակարգիչներու կամ առձեռն սարքերու միջոցով…

Չուրանանք եւ արդար ըլլանք. յանդուգն ծրագիրներ կը մշակենք ու պատկառելի պիւտճէներ պահանջող նախաձեռնութիւններու կը դիմենք: Բոլորն ալ` օգտակար քայլեր. սակայն երբ աչքի առջեւ ունենանք գիրքի, մամուլի բեմերու ու դպրոցներու նահանջը, կը նշանակէ, որ տեղ մը բան մը սխալ ընթացք ունի, ՄՇԱԿՈՅԹ կոչուած լայնածիր ժառանգութիւնը անկումի կը տանինք գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ, առնուազն… անտարբերութեամբ:

Չբաւականանանք միայն սրտցաւօրէն յիշելով, որ հանրային վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներու թիւը աւելի քան տասնապատիկն է հայկական վարժարաններ յաճախողներուն, ոչ ալ մենք մեզ մխիթարուած զգանք` ընդունելով, որ` «Այս գաղութը պէտք ունի կրկնապատիկ կամ եռապատիկ թիւով հայկական դպրոցներու»: Շարունակելը այս սիւնակը պիտի վերածէ… քարոզի:

Լոս Անճելըս
Մայիս 2019

 

Նախորդը

Իր Ցեղին Սրտի Զարկերու Մէջ Մտած 135-ամեայ Մեր Հանճարեղ Բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի Երթը

Յաջորդը

Հենրիկին Կեցուածքը…

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?