Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայագիտական Կեդրոնը Տուաւ Իր Երկրորդ Հունձքը

Յունիս 13, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 3 յունիս 2019-ի երեկոյեան Անթիլիասի մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կրթական-հայագիտական բաժանմունքին Հայագիտական կեդրոնին երկրորդ հունձքին վկայականաց բաշխումը: Ձեռնարկին նախագահեց Արամ Ա. կաթողիկոս:

Հանդէսին բացման խօսքը կատարեց Հայագիտական կեդրոնի վարիչ Ժիրայր Դանիէլեան: Ան ըսաւ, որ վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութեամբ, քաջալերանքով եւ օժանդակութեամբ, 2012-2013 տարեշրջանին ծնունդ առած արեւմտահայերէնի խտացեալ դասընթացքները 2015-2016 տարեշրջանին ստացան եռամեայ ծրագիրի կերպար: Առ այդ, անցեալ տարի բաժանմունքը տուաւ իր առաջին հունձքը, իսկ այս տարի կու տայ իր երկրորդ հունձքը` 11 աշակերտներով: Դանիէլեան ապա հակիրճ ակնարկ մը նետեց Լիբանանի մէջ գործած հայագիտական կեդրոններուն տարած աշխատանքին, հայագիտութեան ոլորտին ակնյայտ ներկայ բացին եւ սոյն ծրագիրին առաքելութեան: Խօսելով Հայագիտական կեդրոնի կրթական ծրագիրին մասին` ան յայտնեց, որ շուրջ 30 նիւթեր դասաւանդուած են` հայոց լեզու, հայոց պատմութիւն, հայ գրականութիւն եւ մշակոյթ, գրաբար, հայոց լեզուի պատմութիւն, քերականութիւն, ուղղագրութիւն, ընթացիկ սխալներ, լեզուական գիտելիքներ, մատենագրութիւն, արդի հայ գրականութիւն, Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն, կրօնագիտութիւն, հայ տպագրութեան եւ մամուլի պատմութիւն, հայոց պատմութեան հիմնահարցեր, Հայ դատ, մանկավարժութիւն, մանկական հոգեբանութիւն, հայ երաժշտութիւն, կերպարուեստ-նկարչութիւն, ճարտարապետութիւն, համակարգիչ եւ այլն, իսկ դասախօսներու թիւը հասած է 18-ի` ներառեալ հայրենիքէն եւ սփիւռքէն հրաւիրուած այցելու դասախօսները:

Շրջանաւարտներու անունով ուղերձ կարդաց Իրմա Տէտէեան: Ան յայտնեց, որ հայ լեզուին հանդէպ իրենց ունեցած յարգանքն ու սէրը զիրենք առաջնորդած են կաթողիկոսարան` մասնակցելու հայագիտական դասընթացքներուն եւ հակառակ իրենց բազմազբաղ առօրեային` կարողացած են յաջողութեամբ աւարտել եռամեայ ծրագիրը: Ուղերձին մէջ Տէտէեան շրջանաւարտներուն անունով երախտագիտութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին, Ժիրայր Դանիէլեանին ու դասաւանդող մտաւորականներուն եւ ուսուցիչներուն:

Ապա վեհափառ հայրապետին ձեռամբ տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում:

Հուսկ, Արամ Ա. կաթողիկոս տուաւ իր հայրապետական պատգամը: Ան ըսաւ, որ թէկուզ մեր կեանքը յաճախ լեցուն է յուսախաբութեան եւ յուսահատութեան առաջնորդող երեւոյթներով, սակայն հոն գոյութիւն ունին նաեւ հոգիներն ու միտքերը հարստացնող երեւոյթներ, որոնք գոհունակութիւն կը պատճառեն եւ հաւատքով ու կեանքով կը պարուրեն մեր հոգիները: Այս ծիրին մէջ կ՛իյնայ սոյն ծրագիրը, որուն նուիրումով հետեւեցան 11 ուսանողներ ու զոհողութեամբ հարթեցին իրենց ճամբան մինչեւ եռամեայ ծրագիրին աւարտը: Նորին սրբութիւնը աւելցուց, որ վկայականը ոչ մէկ օգուտ պիտի ունենայ, եթէ ի սպաս չի դրուի ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայութեան: «Վկայականը ոչ մէկ արժէք ունի, եթէ չի վերածուիր ծառայութեան: Այս հունձքը պէտք է վերածել ներդրումի` մեր համայնքի հաւաքական  կեանքին մէջ», շեշտեց հայրապետը: Անդրադառնալով կեդրոնին տարած աշխատանքին` վեհափառը գնահատեց ծրագիրին ղեկավար Դանիէլեանը եւ ուսուցչական կազմը ու դիտել տուաւ, որ կեդրոնին մատուցած նիւթերը ոչ թէ խտացեալ դասընթացքի բնոյթ ունէին, այլ համապարփակ էին բառին բուն իմաստով, որուն համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը դարձաւ հայագիտութեան կեդրոն: Ան վստահեցուց, որ հետզհետէ զարգացող այս կեդրոնը պիտի շարունակէ իր ընթացքն ու ա՛լ աւելի զարգանալով` պիտի դառնայ սփիւռքի իրականութեան մէջ գործող կեդրոն, որովհետեւ ոչ թէ շէնքը, այլ ուսուցչական կազմին ու աշակերտութեան որակն է, որ առիթ կ՛ընծայէ կրթական ծրագիրի մը զարգացման:

Ստորեւ կը ներկայացնենք այս տարուան շրջանաւարտներուն անուանացանկը.

Ալին Լիպարեան-Քէչէպաշեան
Ալիս Պէզճեան
Անի Քէլէշեան-Ղարիպեան
Զեփիւռ Չափարեան-Չափարեան
Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան
Ծաղիկ Չափարեան-Խաչատուրեան
Մարիա Յակոբեան-Երանճեան
Նազելի Էպէեան-Նալպանտեան
Շողիկ Թորոսեան-Մխսիճրճեան
Սալբի Խաչատուրեան-Աւետիս
Սեւան Մատեան-Մալճեան

 

 

 

Նախորդը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Սիրան Մանուկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յաջորդը

Սարդարապատում Քո Շունչն Ինչի՞ց Է Կտրւում

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?