Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ` Մամլոյ Լսարան Թիւ 153-ի Առիթով

Յունիս 10, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Յարգելի՛ խմբագրութիւն «Ազդակ»-ի,

6 յունիս 2019-ի երեկոյեան մամլոյ լսարան թիւ 153-ին, որուն նիւթն էր` «Սեւրի համաձայնագիրի 100-ամեակին ընդառաջ.  սահմաններ` Սեւրէն առաջ եւ ետք. Հայաստան եւ Միջին Արեւելք», ներկայ գտնուելով, հետեւեալ նկատողութիւնները եւ տպաւորութիւնները կը ներկայացնեմ.

1.- 10 օգոստոս 1920-ին Ֆրանսայի Սեւր քաղաքի յախճապակիի գործարանի մը ցուցասրահին մէջ ստորագրուեցաւ Սեւրի դաշնագիրը եւ ո՛չ թէ` համաձայնագիրը: Դաշնագիրները միջազգային իրաւական յատուկ դասի կը պատկանին: Պէտք է բանը իր անունով կոչել:

2.- Աւետիս Ահարոնեան իր հեռագիրին մէջ կը գրէ. «Միացեալ Հայաստանի անկախութիւնը նուիրագործող դաշնագիրը այսօր` օգոստոս 10-ին ստորագրեցի Սեւրի մէջ, դաշնակիցներուն հետ միասին…»: 1920-ի ղեկավարութիւնը եւ մամուլը Սեւրի դաշնագիրը կոչեցին «Միացեալ Հայաստան»-ի ստեղծումը, որուն անդրադարձ չկատարուեցաւ:

3.- Նպատակայարմար էր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի ստորագրութիւնը եւ նախագահական կնիքը կրող քարտէսը նաեւ ցուցադրուէր միւս քարտէսներուն կողքին, քանի որ իրաւարարական այդ վճիռը ցարդ ի զօրու է եւ, ըստ Ամերիկայի սահմանադրութեան, օրէնքի ուժ ունի (law of the land): Այս մէկը չնշուեցաւ (1), (2), (3), (4), (5), (6):

4.- 29 յունուար 2015-ին գոյացած Համահայկական հռչակագիրին վերջին պարբերութեան մէջ տեղ գտած` «…ինչպէս նաեւ 1920 թուականի օգոստոսի 10-ի Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրի եւ 1920 թուականի նոյեմբերի 22-ի` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռի դերը եւ նշանակութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքների յաղթահարման հարցում…» նաեւ չնշուեցաւ:

Հետեւաբար, այժմ միայն ՀՅԴ-ի օրակարգին վրայ չէ Սեւրի դաշնագիրի գործադրութեան հետապնդումը, ինչպէս դասախօսը նշեց, այլ համահայկական է:

5.- Լսարանին երկու շատ ընդարձակ նիւթերը մէկ երեկոյի մը նիստին մէջ տեղաւորելը եւ իւրաքանչիւր նիւթին միա՛յն 20 վայրկեան յատկացնելը արդար չէր ո՛չ նիւթերուն լուսաբանութեանը համար եւ ո՛չ ալ դասախօսներուն, որոնք ստիպուեցան, կարծես, «հրմշտուքով» ներկայացնել նիւթերը: Կ՛արժէր իւրաքանչիւր նիւթին տարբեր լսարաններ յատկացնել:

6.- Լսարանին ներկաները հետաքրքրուած ըլլալով երկու նիւթերով` պէտք էր որոշ չափով լուսաբանուած դուրս գային սրահէն, որուն լուծումն էր լայն ժամանակ տրամադրել անոնց հարցումներուն եւ պատասխաններուն: Սակայն, կարծես, այս բաժինն ալ հապճեպով կատարուեցաւ, եւ ո՛չ հարցնողները գոհացան, յատկապէս` վերջին հարցումին պարագային, ո՛չ ալ դասախօսները ժամանակ ունեցան լուսաբանելու:

7.- Ներկաներէն մէկուն արդարացի հաստատումին, որ Լոզանի դաշնագիրը չփոխարինեց Սեւրի դաշնագիրը, գոհացուցիչ լուսաբանութիւն չտրուեցաւ:

8.- Հետաքրքրուողներուն եւ դոկտ. Սանճեանին ուշադրութեան կ’ուզեմ յանձնել 1918-1920 Հայաստանի հաղորդակցութեան պայմանները.

ա.- Արտաքին աշխարհին հետ հեռաձայնային կապ չկար:

բ.- Արտաքին աշխարհին հետ միակ կապը հեռագիրն էր, որ Վրաստանէն կ՛անցնէր եւ յաճախ դիտումնաւոր կերպով կ՛ընդհատուէր. օրուան մամուլին մէջ վերջին էջին յատակը «Հեռագրեր» գլխուն տակ յաճախ կը հանդիպինք «հեռագրական ծառայութիւնը երէկ ընդհատուած էր» գրութեան:

գ.- Նամակագրական ծառայութիւնը նաեւ Վրաստանի միջոցով կը կատարուէր:

դ.- Դէպի արտասահման ճամբորդութիւնը կրկին Վրաստանի վրայով կը կատարուէր, եւ Երեւանէն մինչեւ Սեւր հասնիլը` շոգեկառք, նաւ կրկին շոգեկառք, օրեր կը տեւէր: Ուստի եթէ նոյն օրերուն Հայաստանի մէջ դիւանագիտական այլ հանդիպումներ եւ համաձայնութիւններ տեղի կ՛ունենային, բնական պէտք է համարել:

Ճիշդ է, որ նոյն օրը 10 օգոստոս 1920-ին Թիֆլիսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Արշակ Ջամալեան եւ Արտաշէս Բաբալեան ու խորհրդային Ռուսիոյ կողմէ Պորիս Լեգրան հաշտութեան համաձայնագիր ստորագրեցին, որ սակայն Սեւրի նման միջազգային կշիռ չունէր, կարելի չէ համահաւասար եւ հակասական համարել երկուքը: Միւս կողմէ, եթէ Անգլիան ու Ֆրանսան դժգոհեցան Թիֆլիսի այս համաձայնագիրէն, պատճառը իրե՛նք իսկ էին, յատկապէս` Անգլիան, որ Հայաստանին օգնութեան չհասաւ եւ նո՛յնիսկ խոչընդոտեց սովահար Հայաստանին Ամերիկայէն նպաստ հայցելու պատուիրակութեան ճամբորդութիւնը դէպի Ամերիկա:

ե.- Փաստօրէն Սեւրի դաշնագիրին ստորագրութեան լուրը երեք կայանէ անցաւ: Սեւրէն Պոլսոյ հայկական դեսպանատուն, ուրկէ Վրաստանի հայկական դեսպանատուն եւ վերջապէս` Երեւան, (տես 7):

Որպէս եզրակացութիւն` այս լսարանէն կարելի չեղաւ նուազագոյն աստիճանի բաւարարում ստանալ, այն ալ` մի՛այն ժամանակի անբաւարարութեան պատճառով: Սեւրի դաշնագիրին նման նիւթեր, որոնք տարիներու ընթացքին սխալ կամ գիտական-առարկայական կերպով չեն մեկնաբանուած, կ՛արժէ միօրեայ կամ կէսօրեայ խորհրդաժողովներով քննարկումներ կատարել` զանազան տեսակէտ ունեցողներու մասնակցութեամբ:

Յարգանօք
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

7 յունիս 2019

(1)  https://www.aztagdaily.com/archives/412354 «Հայաստանի Հանրապետութիւն` 100-ամեակ Հանրապետութեան կերտումը եւ իրաւական քարտէսները»:

(2)  https://www.aztagdaily.com/archives/315557 «Սեւրի դաշնագիրը եւ «Հայաստանի հովանաւորութիւնը»:

(3) https://www.aztagdaily.com/archives/359654  «Սեւրի դաշնագիրը եւ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի «Քինկ-Քրէյն» եւ «Հարպորտ առաքելութիւն»-ները – Ա.»:

(4) https://www.aztagdaily.com/archives/359818 «Սեւրի դաշնագիրը եւ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի «Քինկ-Քրէյն» եւ «Հարպորտ» առաքելութիւնները – Բ.»:

(5) https://www.aztagdaily.com/archives/400768  «Զօրավար Հարպորտի այցելութիւնը Հայաստան 1919-ին (հաղորդագրութիւն` Հայ հեռագրական գործակալութեան)»:

(6)  https://www.aztagdaily.com/archives/404804 «Ակնարկ. Սեւրի դաշնագիրը եւ Ամերիկան»:

(7)  https://www.aztagdaily.com/archives/407575 «Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան լուրը ինչպէ՞ս կը հասնի Հայաստան եւ` Պոլսոյ համազգային ժողովին ողջոյնը»:

Նախորդը

Շահան Սրբազանէն Փոխանցուած Կայծերը…

Յաջորդը

Մի «Փոխհրաձգութեան» Պատմութիւն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?