Կարօ Տէրունեանի Ընտանեկան Աստուածաշունչի Եւ Աղօթագիրքերու Մասնակցութիւնը Պուտափէշտի Միջազգային Ցուցահանդէսին
Հունգարիոյ Սեչենի անուան ազգային գրադարանին մէջ մարտ 25-էն մայիս 20-ը կայացաւ «Միութիւն եւ բազմազանութիւն. հայկական Աստուածաշունչը եւ կրօնական աւանդութիւնը» խորագիրով ցուցահանդէսը` Փազմանի Փիթըր կաթոլիկ համալսարանի, «Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի, Պերլինի պետական գրադարանի եւ Լայփցիկի Լայփնիցի անուան արեւելեան երկիրներու մշակոյթներու եւ պատմական հետազօտութիւններու հիմնարկին աջակցութեամբ, նաեւ` գործակցաբար «Յուշամատեան» կայքէջի եւ աջակցութեամբ պատմաբան դոկտ. Վահէ Թաշճեանի: Ցուցահանդէսը ունէր զանազան բաժանմունքներ: Կարօ Տէրունեանի ընտանեկան հաւաքածոյէն...



















