Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճարի Հիմնադրոթեան 80-ամեակ. Այնճարը` Հողատարա՞ծք, Թէ՞ Հաւաքականութիւն

Սեպտեմբեր 7, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԻԳԻ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ-ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ

Մուսա Լեռ-Այնճարի պատմութեան էջերուն մէջ հերթաբար կը յիշատակուին զոյգ տօներգ 1915-ը` իբրեւ  թշնամիին  լուծին  դէմ ծառացող եւ ինքնապաշտպանութեան  մարտեր մղած եւ  հերոսամարտ կերտած ժողովուրդի մը հերոսապատումը, իսկ 1939-ը` նոյն այդ ժողովուրդին վերապրելու, կազմաւորուելու եւ գոյատեւելու պայքարի յաղթանակը, որուն լոյսին տակ պիտի հիմնուէր նոր Մուսա Լեռ մը` Այնճարը:

Զոյգ տօները կը նշուին սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին եւ կը խորհրդանշեն ջարդի չենթարկուելու, ապստամբելու, թշնամիին լուծը մերժելու, գոյատեւման պայքար մղելու եւ ի վերջոյ յաղթանակ կերտելու երեւոյթը:

Իր հիմնադրութեան առաջին օրերէն իսկ նոր Մուսա Լեռը հանդիսացող Այնճարը տեղահանութիւն եւ գաղթականութիւն իր ետին թողած` վերածնունդ ապրեցաւ  եւ վերակազմակերպեց ինքզինք ու  հիմնեց հայկական Այնճարը, որ ամբողջ սփիւռքի մէջ  յատկանշուեցաւ իր հայեցի  դիմագիծով: Այո՛, Այնճարի հիմնադիր սերունդը կերտեց երկրորդ յաղթանակ մը, երկրորդ  հերոսամարտ մը:

Այս  յաղթանակի  փառապանծ օրինակը կը հանդիսանայ 80 տարիներ գոյատեւած եւ իր ազգային դիմագիծը անաղարտ պահած ու  պահպանած այնճարցին եւ Այնճարը: Կ՛արժէ անդրադառնալ, որ այս ժամանակամիջոցին շատ էին դժուարութիւնները եւ մարտահրաւէրները, սակայն այնճարցին իր ազգային իւրայատուկ նկարագրով, ինքնատիպ դիմադրողականութեամբ եւ տոկուն ու յամառ կազմուածքով կրցաւ յաղթահարել բոլոր վտանգները:

Այնճարը յատկանշական է իր ազգային ինքնուրոյն դիմագիծով: Հոն կը գործեն  հոգեւոր, մշակութային, կրթական, բարեսիրական, մարզական միութիւններ եւ հաստատութիւններ: Եթէ ակնարկ մը նետենք անոնց գործունէութեան,  հպարտութեամբ կը լեցուին համայն այնճարցիներուն հոգիները:

Եւ ինքնին պէտք է ընդունիլ, որ Այնճարը եզակի երեւոյթ է. Այնճարը այն գիւղաքաղաքն է, ուր յատկապէս ամրան եղանակին կը հաւաքուի  համայն այնճարահայութիւնը: Այնճարցի ըլլալու երեւոյթը մեզ կը համախմբէ ու կը շաղկապէ, եւ չկայ աւելի հարազատ ու մտերմիկ միջավայր, քան այն, ինչ որ է Այնճարը:

Աւելի՛ն`. ակնյայտ երեւոյթ է Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակը մեծ շուքով տօնակատարելու առթիւ նախաձեռնուած ոգեկոչման ձեռնակները`  հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային բնոյթի տարբեր նախաձեռնութիւններ, որոնք  նաեւ նոր փայլք եւ ուղղութիւն կու տան հարցերու դրական ընկալման, եւ որ  կը պահանջէ իրատես եւ առարկայական մօտեցում, մանաւանդ երբ մուսալեռցի այնճարցին դարձեալ կը գտնուի դժուարութիւններու դէմ յանդիման: Այնճարի աշխարհագրական դիրքը, շրջանի քաղաքական անկայուն վիճակը, երկրի տնտեսութեան անկումը եւ ընկերային դժուար պայմանները պարտաւորութեան տակ կը դնեն մեզ` մտածելու, առաջքը առնելու, կազմակերպուելու եւ միջոցներ նախաձեռնելու հրամայականին դիմաց:

Այս բոլորով հանդերձ, հարցին դրական կողմերը կու գան մեզ յուշելու, թէ որքան ալ դժուար ըլլան պայմանները, մանաւանդ երբ Այնճարը իր նոր սերունդով լաւապէս ըմբռնած է Մուսա Լերան հերոսամարտի պատգամը, դժուարութիւնները անպայման յաղթահարելի են: Այնճարցին տակաւին կառչած կը մնայ իր հողին եւ կը շարունակէ  իր գոյերթը, ան  կը պահէ` եկեղեցի, կրօն, մշակոյթ, դպրոց, միութենական կառոյցներ, հայկական դիմագիծ, հայերէնախօսութիւն եւ սփիւռքի տարածքին չկայ  իր հայկականութեամբ այդքան իւրայատուկ միջավայր, քան այն, ինչ որ է մեր հայկական Այնճարը:

Ի վերջոյ, Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի տօնակատարութիւնը կու գայ մեզի ըսելու, որ Այնճարը սոսկ հողատարածք  չէ. Ցեղասպանութիւնը մերժելու խորհուրդ է, պայքար մղելու ոգի է, հաւաքական կամք է,     հայրենասիրութեան պատգամ է եւ դէպի յաղթանակ տանող ուղիին անմար ջահն է:

 

 

 

 

Նախորդը

Նշմար. Գերմանիոյ Նախագահը «Նացիներու Ոճիր»-ին Համար Ներողութիւն Խնդրեց Լեհաստանէն…

Յաջորդը

Լիբանանեան Օրագրութիւն – 3

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?