Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եկո՛ւր, Եկո՛ւր, Աղուո՛ր Աղջիկ

Դեկտեմբեր 4, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱՉԱՏՈՒՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ

– Ձեր սեղանին կրնա՞մ նստիլ, շուք է:

– Քովի սեղանն ալ շուք է, տիկի՛ն, եւ աւելի տեղ կ՛ունենաք:

– Աղջիկս ամերիկայէն համակարգիչ մը ղրկեց ինծի, ՄաքՊուք է, բայց տակաւին չեմ գործածած:

– Ձեր աղջիկը Ամերիկա՞ կ՛ապրի, ո՞ւր:

– Ամերիկա:

– Բայց ո՞ւր:

– Ուաշինկթըն կ՛աշխատի, բայց Վիրճինիա կ՛ապրի:

– Ես ալ Ամերիկա ապրած եմ:

Այսպէս, մեր խօսակցութիւնը թափ առաւ. հասանք Լիբանան, Սատ Պաուշրիէ, Էշրեֆիէ, Նահր, Սեն Ժոզեֆ համալսարան եւ ուրիշ ծանօթ սիրելի վայրեր: Տիկինը քաղդէացի է, քըլտանի: Ան մեր մօտակայքի Սրբուհի Հեղինէ եկեղեցին կ՛երթայ, վասնզի Նիսի մէջ շատ քաղդէացի չկայ, Փարիզ եւ Լիոն շատ են: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկիզբը Իրաք գացած են ընտանեօք, հայրը տը Կոլին զինուորը եղած է, բայց իրենք Իրաք չեն մնացած, որովհետեւ հոն ֆրանսական դպրոց եւ ֆրանսերէն խօսող չկայ. անգլերէն է: Իրան-Իրաք պատերազմը սկսելուն` Անգլիա գացած են, Լոնտոն, ուրկէ իր ճարտարապետ եղբայրը Ամերիկա հաստատուած է, Շիքակօ, հոն շատ քաղդէացիներ եւ ասորիներ կան, բայց շատ ցուրտ է, այդ պատճառով Քալիֆորնիա հաստատուած են, իսկ իրենք Սաութ Քարոլայնա անցած են. հոն ալ շատ քաղդէացիներ եւ ասորիներ կան: Ճիշդ է, կան, իմ Հասաքէի ասորիներ եւ քաղդէացի իմ պաշտօնակիցներս ալ գացին Շիքակօ, Քարոլայնա, Քոլորատօ, իմ մտերիմ պաշտօնակիցներէս Եունանն ու մտերիմ բարեկամս` Շարլը, որ իրաքի ազնուական ընտանիքներէն էր եւ անգլերէն լաւ կը խօսէր, Հոմսէն Հասաքէ եկած էր ու մեր դպրոցը կը պաշտօնավարէր, կը սիրէինք միասին Պիթըլզի, Ռոլինկ Սթոնզի, Ատիսի եւ այն օրերու երգիչներուն հաճելի երգերը ունկնդրել, Ազգ. Հայկազեան – Ալ Լիուա վարժարանի սենեակիս մէջ® Տիկինը պատմեց, թէ իր ճարտարապետ եղբայրը, Շիքակոյէն Քալիֆորնիա փոխադրուելէն ետք, օր մը գործի գացած ատեն գնացքէ մը զգետնուած եւ մահացած է: Եւ որովհետեւ գործի գացած ատեն մահացած է, կինը հատուցում պահանջած է, ան ալ` մեծագումար, հակառակ անոր որ ինք իրեն պատուիրած էր տրամաբանական գումար մը ուզել, բայց, իրեն մտիկ չէր ըրած. ուստի, հիմա իր ամուսինին աշխատած ընկերութիւնը իրեն ցմահ ամսական մը յատկացուցած է:

Չըսի, որ Գէորգ եղբայրս ալ, այդպէս, Ծաղկազարդի օր մը Անթիլիասէն հեծանիւով տուն երթալու ատեն, անուշադիր կնոջ մը ինքնաշարժէն զարնուած է, եւ մենք կորսնցուցած ենք մեր սիրելի եղբայրը. ասիկա ինծի համար պատմելը դժուար է, շատ տխուր է:

– Դուք հա՞յ էք,- հարցուց, եւ սկսաւ «Եկո՛ւր, եկո՛ւր, աղուո՛ր աղջիկ» երգել. ես ալ իրեն միացայ: Խնդացինք:

Այս երգը իմ մանկութեանս Արաբ Բունար ռատիօ նորոգող Շաֆիքին խանութէն բարձր-բարձր կը լսուէր: Այն ատեն ամէնուն բերանն էր «Եկո՛ւր, եկո՛ւր»-ը, «Վարդ կօշիկս»-ը, «Չեմ ու չեմ»-ը, «Ուզեցի մոռնալ, բայց անկարելի է»-ն, եւ այլն:

Շաֆիքն ալ ասորի էր, Արաբ Բունարի բոլոր ասորիները հայերէն կը խօսէին, Հալէպի սուրիանիներու թաղամասը բնակողներուն պէս, իրենց յատուկ բարբառով եւ շեշտով, որ ուրֆացիականին մօտ, բայց տարբեր էր, եւ ատոնք տարբեր ժամանակներ էին, մեր կեանքի սկիզբի օրերը:

Ամերիկայէն ետք այս կինը եւ ընտանիքը Անգլիա գացած են եւ անկէ ալ հոս` Նիս: Հիմա տիկինը լուծած է իր ապահարզանի դատը եւ աւելի լաւ, հանգիստ է:® Բայց յետոյ իր ամուսինը իրմէ ներողութիւն խնդրեր է` ըսելով.

– Եթէ Յիսուսը ինծի ներէ, դուն ալ կը ներե՞ս ինծի:

– Եթէ Յիսուս քեզի ներէ, ես ալ կը ներեմ,- պատասխաներ է ինք, բայց, յետոյ մարդը մահացեր է:

– Լա՛ւ որ ես իրեն ներեցի, հակառակ անոր որ ինծի շատ գէշութիւն ըրած էր, ներեցի իրեն: Գէշութենէն ի՞նչ կ՛ելլէ:

Այս հաճելի զրոյցը պիտի շարունակուէր, եթէ ես բան մը նշելու համար համակարգիչիս չհակէի:

Խարտեաշ կինը գարեջուրին վերջին ումպը կլլեց, ոտքի ելաւ եւ…

– Հաճելի էր ձեզի հանդիպիլը,- ըսաւ:

Ես ալ իրեն նոյնը ըսի, գոհ էի, որ միասին Լիբանան, Սուրիա, Իրաք, Ամերիկա եւ Անգլիա գացինք, եկանք, ու սկսայ երգել հայ աղջկան մը իրեն սորվեցուցած երգը.

– Եկո՛ւր, եկո՛ւր, աղուո՛ր աղջիկ:

Նիս, 28 սեպտեմբեր 2019

Նախորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Յաջորդը

Յուշատետր. Հոս Կ՛անձրեւէ, Իսկ Հո՞ն

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?