Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազատ Ու Անկախ Արցախի Մշակութային Ժառանգութիւնը (Արցախի Հանրապետութեան Հռչակման 28-ամեակ)

Սեպտեմբեր 9, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ

Արցախ հարուստ է արուեստի բացօթեայ հնադարեան ու նորաստեղծ կոթողներով, անառիկ բերդերով ու նախշազարդ եկեղեցիներով ու վանքերով, որոնք դարեր շարունակ պահպանած են եւ կը պահպանեն Արցախ աշխարհի հայկական դիմագիծը` զայն դարձնելով իւրայատուկ մշակոյթով երկիր, բացօթեայ թանգարան:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Քրիստոսէ առաջ եւ ետք ստեղծուած արուեստի գործեր:

Արցախի Մարդակերպ Կոթողները

Արցախի Մարտակերտ շրջանին մէջ յայտնաբերուած են մարդակերպ կոթողներ: Քարէ կոթողները երկու հորիզոնական ճեղքերու օգնութեամբ կը բաժնուին երեք մասերու` գլուխ, իրան եւ ստորին հատուած: Բոլոր սալաքարերու վրայ ձեռքերը կուրծքին ծալուած են, իսկ որոշ կոթողներու վրայ ակնյայտ է դաշոյնի առկայութիւնը, որ կը վկայէ յուշարձանի ծիսական եւ պաշտպանիչ դերին մասին:

Ռուս լրագրող եւ լուսանկարիչ Իկոր Շիրեայեւ Արցախ այցելելով` հմայուած է կոթողներով. ան կը յայտնէ, որ կոթողները լաւ պահպանուած են եւ անոնք 2500-3000 տարեկան են: Ըստ անոր, մինչ այսօր յայտնաբերած են աւելի քան 30 մարդակերպ քանդակներ, հետեւաբար այդ բոլորը մէկ քանդակագործի մը պատահական աշխատանքը չեն, այլ` հնագոյն Արցախի հոգեւոր եւ նիւթական մշակոյթին մէկ մասը: Ան կը հաստատէ, որ այդ մշակոյթը գոյութիւն ունէր այդ հողերուն վրայ նախքան քրիստոնէութեան հաստատումը: Ըստ անոր, հաւանաբար այդ կոթողները զինուորներ կը պատկերէին:

Անոր խօսքով, գիտնականները կ՛ենթադրեն, որ կոթողները յետմահու արձաններ են, ամենայն հաւանականութեամբ` յայտնի եւ արժանի մարդոց յուշարձաններ:

«Քանդակներուն մէկ տեղ կեդրոնացած ըլլալը թոյլ կու տայ ենթադրել, որ անոնք տեղադրուած են կա՛մ դամբարաններու վրայ, կա՛մ պաշտամունքային կեդրոնի մը մէջ: Մարդակերպ կոթողներուն լաւ պահպանուածութիւնը կը վկայէ, որ այդ հողերուն վրայ քրիստոնէութեան հաստատումէն ետք ոչ ոք յատուկ այդ հեթանոսական կոթողները աւերած է: Հին քարէ պաշտպանները դիւրութեամբ համադրուած են նոր կրօնի` քրիստոնէութեան հետ: Շատ մեծ էր Արցախի պաշտպանութեան եւ բարգաւաճման համար զոհուածներու նկատմամբ այն ժամանակ ապրող մարդոց յարգանքը», կը գրէ Շիրեայեւը:

Հեղինակը կ՛աւելցնէ նաեւ, որ այդ յուշարձանները շատ արժէքաւոր են պատմական եւ մշակութային առումով, քանի որ անոնք ոչ միայն լոյս կը սփռեն Արցախի Հանրապետութեան հոգեւոր կեանքի եւ ժողովուրդի աւանդոյթներուն վրայ, այլեւ գեղեցիկ խաչքարերու նախատիպը կը հանդիսանան` ապացուցելով Արցախի հնագոյն մշակոյթի ժառանգութիւնը:

Շուշիի Քանդակներու Պուրակը

Ներկայութեամբ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին եւ այլ բարձրաստիճան անձերու, Քանդակներու պուրակի հանդիսաւոր բացումը կը կատարուի 19 յուլիսի 2019-ին Շուշիի մէջ:

37 քանդակագործներ, աշխարհի տարբեր երկիրներէն` Իտալիայէն, Պելճիքայէն, Եգիպտոսէն, Ռուսիայէն, Հնդկաստանէն, Չինաստանէն, Լեհաստանէն, Սերպիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Խրուաթիայէն, Ճափոնէն, Հայաստանէն եւ Արցախէն, ստեղծեցին քանդակներ եւ 62 աշխատանք նուիրեցին Շուշիին, Արցախին:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Գրիգորի Գաբրիէլեանցը, որուն նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է պուրակը, խօսք առնելով` երախտագիտութիւն յայտնած է քանդակագործներուն, որոնց արուեստի գործերը կը զարդարեն Շուշի քաղաքի այս վայրը: Ան կը հաստատէ, որ` «Աշխարհի տարբեր ծայրերէն մարդիկ գալով, ստեղծագործելով հինաւուրց հայկական քաղաքին մէջ` իրենց աչքով տեսած են, որ կայ, գոյութիւն ունի Արցախի Հանրապետութիւնը, որ` այստեղ կ՛ապրին աշխատասէր, հիւրասէր, խաղաղասէր, ստեղծագործ մարդիկ, եւ անոնք վերադառնալով իրենց երկիրները` կը դառնան իւրօրինակ «դեսպաններ», արցախեան հիմնախնդիրի քարոզիչներ»:

«Մենք Ենք Մեր Սարերը»

Բոլորիս հանրածանօթ «Մամիկն ու Պապիկը» դարձած է Արցախի խորհրդանիշ, փառապանծ լեռներու պահապանը:

Յուշարձանը բլուրի գագաթին տեղադրուած է 1967 թուականին:

Քանդակը պատրաստուած է կարմիր տուֆով: Ան կը խորհրդանշէ արցախեան հողի եւ ժողովուրդի արմատներու միջեւ արիւնակցական կապը: Յուշարձանը կը ներկայացնէ աւանդական տարազով տարեց ղարաբաղցի զոյգ մը` ուս-ուսի, հպարտ ու անյողդողդ կեցուածքով ու սեւեռուն հայեացքով: Կոթողը պատուանդան չունի, կարծէք` լեռնաբլուրը ճեղքուած է, եւ անոնք այդ ճեղքէն բարձրացած, կանգնած են` ոտքերը ամուր մխրճած հայկական հողին մէջ:

Յուշարձանի անունն է` «Մենք ենք մեր սարերը»:

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւնները` Անկախ Արցախի Հիմքը

Յաջորդը

Արցախի Շուրջ Համահայկական Միասնականութեան Պահպանումը Գերխնդիր Է

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?