Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշատետր. Հոս Կ՛անձրեւէ, Իսկ Հո՞ն

Դեկտեմբեր 4, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռ. Հ.

Ժամը առտուան տասն էր, երբ յանկարծ ահաւոր տեղատարափ մը իջաւ մեր Պէյօղլուի կողմերը: Ասիկա անբնական սաստկութիւն ունէր, այնքան, որ գործս թողուցի ու գացի պատուհանին քով, նայեցայ, թէ ի՛նչ կը պատահէր դուրսը: Նայելու պէտք չունէի, կրնայի ենթադրել: Տրուած ըլլալով, որ փողոցը թեթեւօրէն զառիվար էր, Պէյօղլուի պողոտայէն դէպի մեր փողոցի վարի կողմը գետի նման հոսիլ սկսած էր ջուրի ալիք մը: Այսքան ուժեղ հոսանք  հոս, այս թաղին մէջ, շատ քիչ կը տեսնուէր: Ջուրը իրեն հետ կը քաշէր, կը տանէր փողոց նետուած կամ փողոցի մէջ տեղաւորուած ինչե՜ր ու ինչեր: «Աստուա՛ծ իմ,- մտածեցի,- ինչու այսքան ուժեղ: Պայմա՞ն է, որ այսքան ուժեղ տեղայ»:

Անմիջապէս հեռաձայնեցի կնոջս, որպէսզի հարցնեմ, թէ Թարապիոյ մեր կողմերը ինչպէ՞ս էր կացութիւնը: Հոն տեղատարափը տասնապատիկ աւելի մտահոգիչ կը դառնայ, տասնապատիկ աւելի ուժեղ հեղեղ մը կ՛իջնէ վերերէն դէպի վար:

– Հոն ինչպէ՞ս է կացութիւնը,- հարցուցի:

– Լաւ է,- պատասխանեց կինս,- քիչ առաջ շուկայ ալ գացի, քանի մը գնումներ ըրի:

Զարմացայ:

– Անձրեւ չկա՞յ:

– Քիչ առաջ թեթեւ անձրեւ մը եկաւ, բայց հիմա չկայ:

– Լաւ,- ըսի,- հոս ահաւոր տեղատարափ կայ: Թերեւս քիչ վերջ ալ հոն կը սկսի: Ուշադիր եղէք:

Մինչեւ որ ես այս խօսակցութիւնը ըրի ու ընկալուչը տեղը դրի, տեսայ, որ հոս ալ անձրեւը կանգ առած էր արդէն: Այսքան էր: Բարեբախտաբար: Բայց ես ինծի հարցուցի, թէ հիմա օդը ինչպէ՞ս էր արդեօք Գնալըի մէջ, կամ Գատըգիւղի մէջ, կամ` Պաքըրգիւղի մէջ: Կ՛արժէր, որ մէկ առ մէկ հեռաձայնէի ու հարցնէի:

Օ՜ այս կրկնուող պատկերը` կարծես իրարմէ փրթած թաղերու եւ ապրումներու: Հոս այնպէս, հոն այնպէս, անդին` ի՞նչ: Տարիներ առաջ, երբ յաճախ հեռաձայնով կը խօսէի Ամերիկայի կամ Քանատայի մէջ բնակող բարեկամներու հետ, շատ կը սիրէի, որպէս առաջին գործ, հարցնել, թէ հոն ժամը քանի՞ն էր հիմա: Թէեւ շատ լաւ գիտէի, թէ քանի՛ էր. այնուհանդերձ կը հարցնէի: Որովհետեւ ասիկա յիշեցնել էր, որ մարդոց ճակատագիրներէն մէկն ալ աշխարհի զանազան կէտերուն վրայ ապրիլ էր տարբեր ժամանակներու մէջ: Ապրիլ էր տարբեր ժամացոյցներով: Մէկը պիտի ապրէր գիշերային ժամը, մինչ նոյն վայրկեանին միւսը պիտի ապրէր առաւօտեան ժամը: Երբ կը հարցնէի, թէ հոն ժամը քանի՞ն է, ես նաեւ կը մտածէի, որ ասիկա քիչ մը անբնական բան էր, թէ աշխարհի ամէն կողմը մարդիկ ապրելու էին նոյն ժամուն: Բայց այդպէս չէր եղած: Մնաց որ, արդէն մարդիկ աշխարհի վրայ ո՛չ թէ միայն նոյն ժամուն մէջ չէին ապրեր, այլ չէին ապրեր նաեւ նոյն եղանակին մէջ: Երբ հոս ձմեռ էր, Հարաւային Ամերիկայի մէջ ամառ էր:

Օր մը, երբ քանատայաբնակ մէկ բարեկամիս հարցուցած էի, թէ ժամը քանի՞ն էր հոն, ինքնատիպ մտածում մը ունեցած էի: Նախամարդը ինչպիսի՞ պատկերացում մը ունեցած էր արդեօք աշխարհի տարածութեան ու ընթացող-գացող ժամանակին մասին: Հեռատեսիլ չկայ, հեռաձայն չկայ, շարժանկար չկայ, թերթ չկայ, քարտէս ըսուածին մասին ալ լիակատար գաղափար մը չկայ, աշխարհը որքա՞ն ընդարձակ է, ո՛չ մէկը գիտէ, ուրիշ տեղեր ալ մարդիկ կ՛ապրի՞ն, յայտնի չէ: Նախամարդը քանի մը հարիւր մեթրը միայն կը տեսնէ, հեռադիտակ չունի: Քանի մը հարիւր մեթր անդիէն եկող ձայնը միայն կը լսէ, ձայնասփիւռ չունի: Այդ մարդը կրնա՞յ պատկերացնել, որ այդ երկրագունդին վրայ հեռաւոր կէտի մը մարդիկը տարբեր ժամ մը կ՛ապրին: Ան պիտի չկարծէ՞, որ աշխարհի վրայ ամէն կողմ նոյն ժամանակն է, որ կը տիրէ, թէեւ ժամացոյց ալ չունի դաստակին վրայ կամ գրպանին մէջ:

Պէյօղլուի պողոտայէն վար իջնող տեղատարափը ինծի առաջին ակնարկով կրնար կարծել տալ, որ այս քաղաքին ամէն կողմը հիմա սա պահուն նոյնքան ուժեղ տեղատարափ կ՛իջնէ: Եթէ հասկցայ, որ այդպէս չէ, ատիկա կը պարտէի հեռաձայնի գործիքին: Նաեւ կը պարտէի մէկու մը, որ պիտի խօսէր այդ հեռաձայնի գործիքին միւս ծայրէն եւ պիտի պատասխանէր հարցումիս: Ասիկա այսօր  ինծի համար որքան բնական ու դիւրին լուծում մըն էր: Տեղեկութիւն քաղելու, ինձմէ շատ հեռուներուն մասին գաղափար ունենալու, հեռուի տեսարանը տեսնելու, հեռուի ձայնը լսելու ինչ դիւրին միջոց մըն էր ինծի համար: Բայց ես չէի կրնար չմտածել, որ այդ անձրեւը հիմա նոր դաս մը պէտք էր տար ինծի: Ինծի պէտք էր սորվեցնէր, թէ հակառակ որ այսօր ինչերու ու ինչերու մասին համապարփակ տեղեկութիւններ ունէինք, գիտնալու էինք, որ կարգ մը հարցերու մէջ ալ մենք տակաւին նախամարդ էինք, տգէտ  ու անգէտ մարդ, որ կը կարծէ, թէ աշխարհի ամէն կողմը նոյն օդը, նոյն ժամը, նոյն եղանակը կը տիրէ: Ո՞վ գիտէ,  մեր շուրջ ի՜նչ խորհուրդներ կան տակաւին չեն հնարուած այն գործիքները, որոնք մեզ տեղեակ պիտի պահէին այդ խորհուրդներէն:

Դասը սորված էի: Եւ արդէն դուրսն ալ օդը բացուած էր: Հրաշալի արեւ մը կը շողար պողոտային վրայ: Կարելի՞ էր հաւատալ, որ տասը վայրկեան առաջ ահաւոր տեղատարափ մը իջած էր:

rh@normarmara.com

 

Նախորդը

Եկո՛ւր, Եկո՛ւր, Աղուո՛ր Աղջիկ

Յաջորդը

ՀՅԴ Քանատայի Երիտասարդական Միութեան 2019-2020 Տարեշրջանի Միջվարչական Խորհրդակցական Ժողով Եւ Նորագիր Անդամներու Դաստիարակչական Սեմինար

RelatedPosts

Քալիֆորնիոյ Prop 50-ը Եւ Անկէ Անդին
Անդրադարձ

Քալիֆորնիոյ Prop 50-ը Եւ Անկէ Անդին

Հոկտեմբեր 13, 2025
Էջերն Անմահութեան.  Կարօտ Մկրտչեան
Անդրադարձ

Էջերն Անմահութեան. Կարօտ Մկրտչեան

Հոկտեմբեր 13, 2025
Գիր Երախտագիտութեան Եւ Գնահատանքի
Անդրադարձ

Կոմիտասի Բիւրեղեայ Ձայնը Լռեց. Լռութիւնը Դարձաւ Երգ, Դարձաւ Պատարագ Ու Աղօթք

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?