Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմական Մեծ Դէմքեր Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Դեկտեմբեր 4, 2019
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հայրիկի Ուղեւորութիւնները, Ռուսական Կառավարութեան
Կասկածներն Ու Հայոց Եկեղեցական
Կալուածները Գրաւելու Առաջարկին Քննութիւնը
Խրիմեան Հայրիկ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

-Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի Ողջոյնները Եւ Վախճանումը

Խրիմեան Հայրիկ, իրերայաջորդ շրջագայութիւններէ ետք, 1901-ի ձմեռը անցուց Էջմիածնի վանքին մէջ եւ գարունը բացուելուն պէս կրկին ուղեւորութեան ձեռնարկեց:

Հայրիկ 7 ապրիլ 1901-ին մեծաթիւ հետեւորդներով Էջմիածինէն ճամբայ ելաւ եւ հասան Արաքսի ափը, ուր Մարգարա գիւղին մէջ հիւրասիրուելէ ետք շարունակեց ճամբան: Արեւը կը շողար եւ ցորենի դալար արտերը կը ծփային լայնատարած դաշտերու հորիզոնին վրայ:

Ճամբուն վրայ գիւղացիներ կը դիմաւորէին Հայրիկն ու իր շքախումբը եւ կ՛ուղեկցէին անոր դէպի Իգդիր:

Արաքսի աջ ափին, մեծ եւ փոքր Մասիսներուն հիւսիսային կողմը Սուրմալու գաւառն է: Արաքսի ափերէն սկսելով հարթութիւնը աստիճանաբար կը ցածնայ դէպի Մասիս եւ Բարթողեան լեռնաշղթան: Մեծ Մասիս կ՛երեւի ինչպէս անդունդի մը մէջէն ցցուող բարձրութիւն, իսկ Փոքր Մասիս կարգ մը տեղերէ կ՛երեւի:

Իգդիր հասնելէն եւ հանգչելէն ետք Հայրիկ ապրիլ 9-ին ճամբայ ելաւ դէպի Կողբ, որ յայտնի է իր աղի հանքերով:

Կողբի մուտքին գեղեցիկ կամար մը պատրաստուած էր: Գիւղացիք եկեղեցական թափօրով եւ աղ ու հացով դիմաւորեցին Հայրիկը եւ երգ ու պարով առաջնորդեցին գիւղամէջ:

Հանգստանալէ եւ ճաշելէ ետք գիւղացիներու ուղեկցութեամբ Հայրիկ այցելեց Եզնիկ Կողբացիի անշուք մատուռը, ուր կը հանգչին անմահ մատենագիրին աճիւնները:

Հայրիկ վեղարը վերցուց, ծնկաչոք համբուրեց Եզնիկի շիրիմը եւ խօսքը գիւղացիներուն ուղղելով ըսաւ.

-Ձեր գիւղին պարծանքը ու փառքն է այս շիրիմը, բայց դուք անոր յարգը չէք գիտեր եւ այսպէս անխնամ ու անշուք թողած էք: Դուք աղահանքերէն օգուտ կը ստանաք, ամէն տուն թող համեստ գումար մը տայ, բան մըն ալ ես կու տամ եւ այս անմահ մատենագրին շիրիմն ու մատուռը նորոգեցէք: Հայրիկ այս կը խնդրէ ձեզմէ:

Հայրիկ ապրիլ 10-ին Կողբէն ճամբայ ելաւ դէպի Կաղզուան:

Կաղզուան այդ օր տօնական մթնոլորտի մէջ էր. քանի մը տեղեր կամարներ կապուած էին: Խանութները փակ էին եւ ամբողջ քաղաքը դրօշազարդուած էր:

Կաղզուանի մուտքին հայեր, թուրքեր եւ ռուսեր առաձին-առանձին թափօրներ կազմած աղ ու հացով դիմաւորեցին Հայրիկը:

Կարս

Ապրիլ 13-ին Հայրիկ Կաղզուանէն ճամբայ ելաւ դէպի Կարս: Ճամբուն վրայ քիւրտ ցեղապետներ եւ թուրք կրօնաւորներ ու մեծամեծներ ընդառաջ ելան հայոց կաթողիկոսին:

Կարսի ազգային եւ պետական, ինպէս նաեւ ռուսական, յունական, թրքական եւ պարսկական համայնքներու ներկայացուցիչներէն պատգամաւորներ, քառասուներկու կառքերով եւ հարիւրաւոր ձիաւորներով դիմաւորութեան ելան:

Քաղաքի մուտքին Հայրիկ փառաւոր ընդունելութեան արժանացաւ: Շքեղ կամարի տակ հայեր, ռուսեր, յոյներ, թուրքեր ու պարսիկներ աղ ու հացով դիմաւորեցին հայոց կաթողիկոսը եւ բարի գալուստ մաղթեց:

Կարս կը գտնուի Ախուրեանի վտակ Կարս գետի ափին: Նեղ ծուռումուռ փողոցներով եւ քարաշէն երկյարկանի ու փայտեայ պատշգամներով բնակարաններով քաղաքի բարձունքին կը գտնուի բերդը: Եկեղեցիներ` Սուրբ Առաքելոց, Սուրբ Նշան, Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Գրիգոր եւ Սուրբ Մարիամ:

Հայրիկ Սուրբ Առաքելոց եկեղեցւոյ մէջ կանոնական աղօթքէ ետք այցելեց հայ կաթոլիկներուն համայնքին երկսեռ դպրոցը, որ բարձրորակ կրթական հաստատութիւն էր: Հայրիկ ըսաւ. «Դաւանական եւ ծիսական տարբերութիւնները լուսաւորչական եւ կաթոլիկ. հայոց սրտերը թող իրարմէ չսառեցնեն: Գիտցէք, որ դուք միեւնոյն ազգին եւ հայրենեաց հարազատ զաւակներն էք, միեւնոյն զգացումներով եւ յոյսերով իրար կապուած եղբայրներ: Անմահն բանաստեղծ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան դաւանանքով հայ կաթոլիկ եւ ազգասէր եւ հայրենասէր հայ, որ գրեց եւ երգեց. ընդ աստեղօք ի՞նչ կայ սիրուն, քան զանձկալի եղբայր անուն»:

Հայ կաթոլիկ համայնքը մեծաշուք հանդէսով մը պատուեց հայոց կաթողիկոսը:

Հայրիկ այնուհետեւ այցելեց ռուսաց Միքայէլ Հրեշտակապետի եկեղեցին, ուրկէ ուղղուեցաւ դէպի իսլամ սիւններու մզկիթը: Երբ կաթողիկոսին շքախումբը մօտեցաւ մզկիթին, մոլլա մը բարձր ձայնով սկսաւ կրօնական երգ մը եղանակել: Ապա Հայրիկ այցելեց շիիներու մզկիթը եւ հոնկէ ալ` յունաց Սուրբ Գէորգ եկեղեցին:

Շրջակայ գիւղերէն հազարաւոր գիւղացիներ ժամանած էին Կարս, իրենց սիրելի Հայրիկը անձնապէս տեսնելու եւ անոր աջը համբուրելու համար:

Յաջորդ օր Հայրիկ բարձրացաւ Կարսի բերդը եւ դիտեց քաղաքին ամրութիւնները:

Ապրիլ 16-ին Հայրիկ Կարսէն ճամբայ ելաւ դէպի Ալեքսադրապոլ, ուրկէ անցաւ Սանահին, դիտեց հնամենի վանքին նորոգութիւնները, ապա անցաւ Դիլիջան, հոնկէ` Սեւանի վանք եւ մայիս 1-ին վերադարձաւ Էջմիածին:

* * *

Հայոց կաթողիկոսին յաճախակի եւ երկարատեւ ճանապարհորդութիւնները եւ ժողովրդական խաւերու հետ շփումները կասկածներ արթնցուցին ռուսական կառավարութեան մօտ:

Կովկասի փոխարքայ իշխան Կալիցին այն համոզումը ունէր որ Խրիմեան գիւղէ գիւղ եւ քաղաքէ քաղաք շրջելով եւ ժողովրդային զանգուածներուն մէջ մտնելով ըմբոստութիւն եւ յեղափոխութիւն կը քարոզէ եւ պետութեան դէմ կը գործէ:

Իշխան Կալիցին 31 մայիս 1901-ին ներքին գործոց նախարար Սեպեագիի զեկոյց մը ուղարկեց, ուր կը գրէր.

«Այժմեան Մկրտիչ պատրիարք կաթողիկոսի Էջմիածին ժամանելով անկարգութիւն այնտեղ նորէն ծայր տուած է: Իր ամբողջ կեանքը անցընելով թրքական բռնակալ ու անարգ տիրապետութեան տակ, ան իր հետ Էջմիածին բերաւ Թուրքիայէն վարչական այնպիսի ձեւեր, որոնց ընտելացած էր իր հայրենիքին մէջ:

Ներկայ պատրիարք կաթողիկոսը, որ ամբողջովին անձնատուր եղած է ոչ այնքան իր հօտի հոգեւոր պետի դերին, որքան անոր քաղաքական ղեկավարման, հետզհետէ աւելի ու աւելի յանդուգն կը դառնայ դէպի մեր կառավարութիւնը եւ անոր օրէնքներու պահանջները: Կարելի պիտի ըլլայ սպասել պատրիարքի կողմէ նորանոր օրինազանցութիւններ, որոնց կրկնութիւնները չեն կրնար չկոտրել արժանապատուութիւնն ու նշանակութիւնը մեր կառավարութեան»:

Փոխարքան ուշադիր կերպով կը հետեւէր Հայրիկի իւրաքանչիւր քայլին: Սինոտի պրոկուրոր Կանչելի օրը օրին գաղտնի զեկուցումներ կը հաղորդէր փոխարքային Էջմիածնի ներքին անցուդարձերուն եւ կաթողիկոսի մասին:

* * *

Նորին մեծութիւն Նիկոլայ Բ. կայսերը բարձր բարեհաճութեամբ 26 յուլիս 1901-ին Ռուսիոյ նախարարաց խորհուրդը իր օրակարգին վրայ ունեցաւ հայոց եկեղեցական կալուածները յարքունիս գրաւելու առաջարկին քննութիւնը:

Ներքին գործոց նախարար Պլեւէ ըսաւ, որ առաջարկուած ծրագիրը բոլորովին հասունցած է եւ ըստ ամենայնի համապատասխան այն միջոցներուն, որոնց ձեռներէց եղած է եւ դեռ պիտի ըլլայ ներքին գործոց նախարարութիւնը` հայոց եկեղեցւոյ չափազանց ինքնավարութիւնը սահմանափակելու համար:

Հարցը քննելէ ետք նախարարց խորհուրդը եզրակացնելով արձանագրեց.

«Հայոց եկեղեցւոյ եւ անոր հաստատութիւններուն, այսինքն դպրոցներուն պատկանող բոլոր ստացուածքները, թէ՛ եւրոպական Ռուսիոյ եւ թէ Կովկասի մէջ, կը յանձնուին գիւղատնտեսութեան նախարարութեան տնօրինութեան, իսկ գումարները` ներքին գործոց նախարարութեան: Վերջինիս այլադաւան քրիստոնեաներու բաժանմունքին մէջ կը կեդրոնանայ այդ կալուածներու եւ դրամագլուխներու արդիւնքի եւ ծախսերու գլխաւոր վերահսկողութիւնը, ինչպէս եւ անոնց լիակատար հաշուետուութիւնը»:

* * *

Աւետիք Իսահակեան

Աւետիք Իսահակեան Վենետիկէն վերադառնալէն ետք 1901 սեպտեմբերին Էջմիածին այցելեց, հայր Ղեւոնդ Ալիշանի ողջոյնները Հայրիկի փոխանցելու համար:

Հայրիկի ներկայանալով Իսահակեան ըսաւ.

– Վեհափառ Հայրիկ, մեծ բաղդաւորութիւն եմ զգում, որ ինձ վիճակուել է յայտնել Նահապետ Ալիշանի կարօտագին ողջոյնները հայոց Հայրիկին:

– Ա՜հ, շա՛տ շնորհակալ եմ,- ըսաւ Հայրիկ,- դուն Վենետի՞կ էիր, ե՞րբ էիր հոն, ինչպէ՞ս է հայր Ղեւոնդը, աղէ՞կ է:

– Այո՛, վեհափառ Հայրիկ,- պատասխանեց Իսահակեան,- այս գարնան Վենետիկ էի եւ պատիւ ունեցայ մի քանի անգամ լինելու ալեզարդ Նահապետի մօտ, որն ինձ արժան համարեց ձեզ ողջոյններ բերելու: Նա հիւանդոտ է եւ թոյլ:

– Ափսո՜ս, ափսո՜ս,- խօսքը ընդհատեց Հայրիկ,- մենք հասակակիցներ ենք, ես շատ կը սիրեմ անոր, անուշ գրիչ ունի. նա շա՜տ է ազդել իմ գրչի վրայ, նա ինձ շատ բան է ներշնչել. ասա՛ ուրիշ ի՞նչ կ՛ընէր:

– Նա ինքն էր ասում,- պատասխանեց Իսահակեան,- որ Հայրիկը իրենից հարիւր օր է մեծ եւ ասում էր թէ բերկրութեամբ եմ լսում, որ Հայրիկը ձի է նստում եւ ժողովրդին այցի ելնում: Միշտ նախանձում էր ձեզ, վեհափառ Հայրիկ, եւ ասում էր, որ Հայրիկի բանն ուրիշ է, նա առոյգ է մնացել, որովհետեւ Մասիսի շուքի տակն է քնում, հայոց դաշտերի ծաղկաշունչ հովն է ծծում եւ Արաքսի ջուրն է խմում:

Հայրիկ ուրախ եւ սրտանց ծիծաղեցաւ եւ ըսաւ.

– Ան կը նախանձէ՞ ինձ. ես վաղը կը կարգադրեմ, որ անոր Մասիսի հողէն, Երասխի ջուրէն ու Հայաստանի ծաղիկներէն քիչ մը վերցնեն եւ փոքրիկ արկղով մը ղրկեն Վենետիկ:

Փոքր արկղը պատրաստուեցաւ եւ ղրկուեցաւ Վենետիկ:

* * *

Ռուսերու կողմէ Կովկասի գրաւման հարիւրամեակի տօնակատարութիւններուն մասնակցելու համար պաշտօնական պատուիրակութեամբ մը Հայրիկ 19 սեպտեմբեր 1901-ին ժամանեց Թիֆլիս:

Տօնակատարութիւններէն եւ պաշտօնական հանդիպումներէ ետք Հայրիկ հոկտեմբեր 16-ին իշխան Կալիցինի այցելեց եւ խօսակցութիւն ունեցաւ հայ ազգային ու եկեղեցական գործերու մասին:

Նոյեմբեր 4-ին Հայրիկ Թիֆլիսէն ճամբայ ելաւ եւ վերադարձաւ Էջմիածին:

* * *

Հայր Ղեւոնդ Ալիշան

Հայր Ղեւոնդ Ալիշան, 9 (22) նոյեմբեր 1901-ին վախճանեցաւ Վենետիկի Սուրբ Ղազարի մայրավանքին մէջ:

Հայրիկի Վենետիկ ուղարկած արկղը, որ պիտի տրուէր հայոց Նահապետին, հասաւ անոր վախճանումէն ետք:

Հայրիկ կարգադրեց, որ հայր Ղեւոնդ Ալիշանի յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուի Սուրբ Էջմիածնի մայր տաճարին մէջ:

Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի յիշատակին Հայրիկ գրեց.

«Ո՞յր էր այդ մահաստուեր դագաղ. ո՞վ էր որ քաղցր ի բուն ննջէր այդ տախտակին մէջ. աւա՜ղ հայր Ալիշանն էր այն: Այլեւս լռած էր այն խօսուն բանաստեղծ լեզուն, փակուած էին աչկունք, որ միշտ հայէր դէպի յարեւ հայոց աշխարհ. իւր վաթսունամեայ աշխատանոցի` սիրելի խցէն հանուած, ուր դեռ ապրիլ կ՛ուզէր Մաթուսաղային չափ եւ գրել կ՛ուզէր. չէր պետոյ նմա հանգիստ երկնից օթեւան. այլ միայն իւր խցիկն, իւր խցիկն թուղթ ու գրիչ: Այս էր միակ կեանք եւ երջանկութիւն հայր Ալիշանին եւ ուրիշ ոչինչ:

«… Բան առ Ձեզ ուղղելով, ո՛վ Մխիթարեան ուխտ, ո՛վ կարող է բառնալ կամ փարատել Ձեր թախծագին սուգն ու տրտմութիւն:… Հարցանում է հայոց Հայրիկ, ո՞ւր թաղեցիք հայրենեաց սիրահար հայր Ալիշան. դուք կարծում էք թէ նա միշտ Ձեր մէջն էր, կամ էր եւ չէր: Ոչ նորա հոգին վերացեալ շրջում էր հայոց աշխարհ. չթողուց բան մի չերգեց, սարն ու ձոր, դաշտն ու հովեր, ծառն ու ծաղիկ, դրախտի գետեր, Բիւրականի աղբերակունք: Անցաւ հազար հազար աւերակներով, դառնապէս ելաց եւ ողբագրեց: Մտաւ Աւարայրի, Շաւարշանայ դաշտ, մի առ մի համբուրեց Վարդանանց քաջերուն անմահ ճակատներ: Աւա՜ղ այդ ամէն թռուցեալ ոգւով երեւակայութեամբ կատարեց, ո՜հ չտեսաւ աչքով հայոց հայրենիք, եւ չը կոխեց ոտքով հայրենի հող, զոր խանդակաթ ոգւով երգում էր.- Ես այն հողն ու ջուր սրտով եմ սիրել: Մերթ եւս խոնջած Նահապետ ննջում էր Մասեաց շուքին ու հովանեաց տակ: Ո՜ տայր նմա որ իսկապէս անդ ննջէր:… Ի՞նչ էր այն քօղ որ ծածկեց նորա ազատ ոտք. կարօտով երգեց հայոց աշխարհ, կարօտով մեռաւ: Չկամեցա՛ւ կամ արդեօք չկարա՞ց գէթ մի անգամ ողջագուրել իւր նազելին կամ տեսնել այդ հեռաւոր անձկալոյն երես: Ի՞նչ էր այս հակասութիւն:… Արդեօք դուք այնպէս համարում էք որ հայր Ալիշան յանձն իւր բաժանեա՞լ էր. ոգին ի Հայաստան, սիրտն ի Հայաստան, սէրն ի Հայաստան, բովանդակ տենջանք հայրենիք` հայրենիք, իսկ իւր հաւատն ու կրօն դէպ ի Հռովմ, դէպ ի Հռովմ, եւ քան զամէն միաբանական ուխտ գերազանց ջերմեռանդագոյն: Եւ աստ ուրեմն դուք տատամսելով ի միտս գուցէ երկդաւան համարիք զհայր Ալիշան: Այդ ոչինչ փոյթ է ինձ, զի հաւատն ազատ է եւ ես չը կամիմ շօշափել հաւատոյ խնդիր: Բայց դուք տակաւին մեղաւոր դատիք զԱլիշան, ես Քրիստոսի դատաւորին բան յառաջ բերելով ասեմ – թողեալ լիցին նմա մեղք իւր, զի յոյժ սիրեալ հայրենի աշխարհ: Այո՛ բովանդակ իւր կեանքով սիրեց հայոց հայրենիքը եւ մեռաւ, իւր անուան յիշատակն անմահացած է:

«Կուժ մի ջուր Երասխայ դրախտի գետէն, մի բուռ հող Մասիսի ծոցէն պիտի յղեմ Ձեզ, ո՛վ Մխիթարեան ուխտ: Դրախտի գետի ջուրը սրսկեցէք հայր Ալիշանի գերեզմանին վրայ, իսկ մի բուռ հող փոքրիկ սափորիկով դրէք նորա շիրիմին քովիկ. այդ թող լինի միայն նուիրական յիշատակ հայր Ալիշանին:

«Ութսունամեայ Նահապետէն առ Նահապետին ձօնեալ, որ քան զիս վաղ մեռաւ. Տէր այսպէս կամեցաւ որ Հայրիկը ողջ մնար. զի պիտոյ էր մի այլ Նահապետ, որ ողբայր իւր սիրեցեալ Նահապետին մահ»:

Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի յիշատակին ամէնուրեք հոգեհանգստեան արարողութիւններ կատարուեցան եւ սգահանդէսներ կազմակերպուեցան:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (4 Դեկտեմբեր 1969)

Յաջորդը

Եկո՛ւր, Եկո՛ւր, Աղուո՛ր Աղջիկ

RelatedPosts

Հայկական Բանակին Յարձակողականը Եւ Նահանջը Կարմիր Բանակին Կորուստները Խոտանանի Մէջ.   Արցախի Հարցով Զեկուցում Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ
Պատմական

Հայկական Բանակին Յարձակողականը Եւ Նահանջը Կարմիր Բանակին Կորուստները Խոտանանի Մէջ. Արցախի Հարցով Զեկուցում Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ

Յունիս 25, 2025
Արցախի Մէջ Պայքարը Վերսկսելու Առաջադրանք Հայաստանի Կառավարութեան Կոչը Համայն Մարդկութեան  Լեգրանի Վերջնագիրը Եւ Հայոց Դիմադրութիւնը Ճնշելու Մարտական Հրաման
Պատմական

Արցախի Մէջ Պայքարը Վերսկսելու Առաջադրանք Հայաստանի Կառավարութեան Կոչը Համայն Մարդկութեան Լեգրանի Վերջնագիրը Եւ Հայոց Դիմադրութիւնը Ճնշելու Մարտական Հրաման

Յունիս 18, 2025
Կարմիր Բանակին Յարձակումները Սիւնիքի Վրայ.  Կապանի Ազատագրումը Եւ Արցախը Զանգեզուրին Միացնելու Աշխատանքներ
Պատմական

Կարմիր Բանակին Յարձակումները Սիւնիքի Վրայ. Կապանի Ազատագրումը Եւ Արցախը Զանգեզուրին Միացնելու Աշխատանքներ

Մայիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?