Քորոնային «Բարիքները»
ՏԻՐՈՒԿ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ-ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ -Մինչեւ Ապրիլի աւարտը ամէն տեղ փակ է։ -Ո՜հ, ի՛նչ լաւ, կինս գնումի պիտի չերթայ, ո՛չ հագուստ, ո՛չ զարդեղէն, ո՛չ կօշիկ, ո՛չ պայուսակ եւ ոչ ալ քուաֆէր։ Եկող շաբաթները խնայողութեան շաբաթներ հռչակեցինք ուրեմն։ Քիչ մըն ալ տունը նստինք եւ իրարու երես տեսնենք։ Հուռա՜, կեցցէ՛ քորոնան։ *** -Հաւաքոյթներէ խուսափեցէ՛ք։ Տարեդարձի, նշանտուքի կամ հարսանիքի ճոխ խրախճանքներ չկազմակերպէք։ Բոլոր ձեռնարկները չեղեալ նկատեցէք։...




















