ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Նոր տիպի «Քորոնա» ժահրը վերածուած է պատուհասի` ամբողջ մարդկութեան համար: Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն տոքթ. Թետրոս Ատհանոմ Կեպրէիէսուս զայն կոչեց «մարդկութեան թշնամի», Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել ստեղծուած կացութիւնը որակեց «Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր մեծագոյն մարտահրաւէր», Իտալիոյ վարչապետ Ճիուզեփէ Քոնթին` «Ծովաշարժ», Ֆրանսայի ելեւմուտքի նախարար Պրիւնօ Լը Մերը` «Տնտեսական եւ ելեւմտական պատերազմ», իսկ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը` «Առողջապահական վտանգաւոր պատերազմ»: Բոլորին մատնանշումներն ալ ճշգրիտ են, որովհետեւ իրականութեան մէջ կացութիւնը այդ բոլորն է հաւասարապէս:
Աշխարհի համաշխարհայնացուած ներկայ համակարգը մեծապէս նպաստեց այդ ժահրին տարածումին, մանաւանդ Եւրոպայի մէջ, ուր «անտեսանելի թշնամի»¬ին տարածման կշռոյթը շատ արագ է: Արդարեւ, բաց սահմաններու եւ արագ հաղորդակցութեան բարիքը վերածուեցաւ չարիքի. ժահրը անարգել ու դիւրութեամբ տարածուեցաւ, ուստի բոլոր երկիրներն ալ դիմեցին իրենց սահմաններու փակման` ինքնամեկուսացման: Չքացան անդրազգային տարածքի բացարձակ բարիք մը ըլլալուն պատրանքները եւ վերականգնուեցան ազգ¬պետութիւններու սահմանները:
Արաբական երկիրներ Քաթար, Քուէյթ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ օժանդակութեան ձեռք երկարեցին տակաւին երէկ «թշնամի» եւ «սպառնալիք» նկատուող Իրանին:
Ամէնուրեք առաւել շեշտուեցաւ ու համատարած դարձաւ անգործութեան սթրեսը եւ փոխարինեց իր երկուորեակը` գործի սթրեսը, որ դարձաւ երանելի:
Ֆրանսայի ելեւմուտքի նախարար Պրիւնօ Լը Մեր յայտարարեց, որ ֆրանսական կառավարութիւնը պատրաստ է «Քորոնա» ժահրին պատճառով նեղութեան մատնուած ֆրանսական մեծ ընկերութիւններուն տրամադրելու աջակցութեան ամէն միջոց, ներառեալ անհրաժեշտութեան պարագային պետականացումը` աջակողմեան կառավարութեան մը կողմէ դրամատիրութեան սրբազան սկզբունքէն յստակ շեղում մը, «հայհոյալից խօսք» մը եւ դէպի ձախ թեքում մը:
Ինքնամեկուսացնող ժահրին ազդեցութիւնը ժամանակաւո՞ր պիտի ըլլայ, թէ ՞ տագնապի աւարտին մուտք պիտի գործենք տարբեր ժամանակաշրջան մը: «Ամէն չարիքի մէջ բարիք մը կայ», կ՛ըսէ ասացուածքը: Յուսանք այդպէս կ՛ըլլայ: