Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարթեցնենք Կորը. Կամաւոր Ինքնամեկուսացում

Մարտ 19, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

Կորոնավիրուսի («Քորոնա» ժահրի) հանրախտը (համաճարակը) այժմ մեր վրայ է, եւ այլ երկիրներու պարագաները մեզի ցոյց կու տան, թէ մարդկութիւնը դէպի ո՛ւր կ՛ուղղեւորուի:

Հանրախտը աշխարհի վրայ գրեթէ ամէն տեղ արագօրէն կը տարածուի. յաջորդ քանի մը շաբաթներուն, փակումները շատ հաւանաբար պիտի դառնան մեր կեանքի ձեւի բնական մէկ մասը:

Գիտեմ, որ խառնաշփոթ վիճակ կայ շատերու միտքերուն մէջ, նախընթաց օրերուն ընկերային համատարած խանգարումներուն պատճառով. աւելցնենք նաւ մամուլին եւ ընկերային ցանցերու լրատուամիջոցներու ապատեղեկատուութեան ու շատ մը քաղաքական ղեկավարներու անորոշութեան ազդեցութիւնը:

Շատ մը երկիրներ 11-12 օրեր ետ են Իտալիայէն եւ, ընդհանուր առմամբ, կ՛երեւի, թէ որոշ երկիրներ ուղիին վրայ են կրկնելու այն, ինչը, ցաւօք տեղի կ՛ունենայ Իտալիոյ եւ Եւրոպայի այլ երկիրներու մէջ:

Նոյնիսկ շատ մը Հիւսիսային Ամերիկեան քաղաքներ արդէն կը տեղափոխուին համաճարակի մեղմացման համար անյարմար եւ ընդարձակ «ընկերային մեկուսացման» տարածքին մէջ. անտեսանելի հանրախտը ամէն տեղ կը սպասուի:

Հասարակական առողջապահութեան մասնագէտները կը նախատեսեն, որ կորոնավիրուսի պատուաստը պատրաստ պիտի չըլլայ առնուազն մէկ տարիէն մինչեւ 18 ամիս, մեզ տանելով մինչեւ 2021 թուականը:

Պատմական դասերը եւ փորձառութիւնը ցոյց տուած են, որ «ընկերային մեկուսացման» վաղաժամ նախաձեռնութիւնները կրնան կտրուկ կերպով ազդել այսպիսի համաճարակներու բռնկման ծաւալին վրայ:

«Ընկերային մեկուսացման միջամտութիւնները» կարծես թէ մեր միակ զէնքերն են ճգնաժամային այս պահուն. անոնք կրնան յետաձգել վարակման ժամանումը: Բայց այդ ձգձգումը ինքնին կրնայ կարեւոր նշանակութիւն ունենալ: Երբ մեծ թիւով հիւանդներ կարճ ժամանակահատուածի մը ընթացքին կը հիւանդանան, կրնան խճողել երկրի մը հիւանդանոցները եւ դարմանատուները ու արագօրէն սպառել անհրաժեշտ բժշկական պարագաները (տես Հարթեցնենք Կորը graphic-ը ):

Ես բժիշկ չեմ, ոչ ալ համաճարակագէտ. ես քաղաքացի մըն եմ, որ պիտի հետեւիմ առողջապահութեան նախարարութեան ցուցմունքներուն. ինծի համար այժմէական հարցումը անպայման «այս կացութեան անձնական անյարմարութիւնը չէ» այլ՝ «ինչպէս կարելի պիտի ըլլայ ամէնէն շատ տուժողներուն (այսինքն վարակեալ տարեցներուն, հիւանդներուն եւ աղքատներուն) օգնել»:

Յառաջիկայ շաբաթները, շատ հաւանաբար, փորձութեան դիմաց դնեն մեր հաւաքական-ընկերային վճռականութիւնը, արդի մեր ընկերութեան մարդկայնութիւնը, նաեւ վերապրող հայու մեր կտակը:

Այսօրուան մեր օգտագործած (եւ մեզ անյարմար) միջոցները, որոնք կը գործածուին կորոնավիրուսի պայքարին դէմ, եթէ յաջողին, կրնան յետագային չափազանց թուիլ: Բայց կը խորհիմ, թէ այլընտրանքը շատ աւելի վատ է:

Անցեալ շաբթուան ընթացքին, մարդկութեան մօտ փաստօրէն կորոնավիրուսին արձագանգները սկսան փոխուիլ: Դպրոցները եւ համալսարանները փակուեցան: Գործատեղիներ հեռահաղորդակցութեան հիման վրայ սկսան գործել: Ընտանիքներ սկսան իրենց մթերքին մասին մտածել, պետութիուններ սկսան կտրուկ միջոցներու դիմել, մէկ խօսքով, մարդկութիւնը որոշեց բռնցքաւորուիլ եւ պայքարիլ:

Բայց մենք չենք գիտեր տակաւին, թէ արդեօք այս բոլոր միջոցները բաւական պիտի ըլլա՞ն: Ասիկա այլ անյարմար զգացում մըն է մարդ արարածիս համար:

Բայց եկէք հարցը ուրիշ ձեւով դիտենք. այս փորձառութեան մէջ կարելի է նաև ուրիշ իմաստ գտնել:

Մեր միակ փրկութիւնը կը թուի որ հիմա հաւաքուիլն է. մեր մէջ վերագտնել ուրիշին օգնելու զգացումը եւ հաւաքական մօտեցումը. ըլլալ աւելի մեծ բանի մը մէկ մասնիկը. զգալ, որ մեր շրջապատին ճակատագիրը կախուած է մեր որոշումներէն եւ մենք՝ մեր կարգին, անոր որոշումներէն: Աստուած մեզ պահապան:

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Ժամ Իսկ Է Մեզ Ի Քնոյ Զարթնուլ» (Արթննանք Մեր Քունէն Եւ Տեսնենք Թէ Ի՛նչ Կը Կատարուի Մեր Շուրջը)

Յաջորդը

«Սիվիլնեթ»ի Հարցազրոյցը «Մոդեռնա» Կենսատեխնոլոգիական Ընկերութեան Հիմնադիր Եւ Նախագահ Դոկտ. Նուպար Աֆէյեանի Հետ

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?