Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլաք. Պսակաւոր Ժահրէն Սորվելիք Ունի՞նք…

Մարտ 19, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Բարեկամս երէկ երեկոյ հարցուց հեռաձայնին միւս ծայրէն.

– Սա «Քորոնա վայրըս»-ին մասին բան մը պիտի չգրե՞ս:

– Նախ եկո՛ւր, համաձայնինք, որ այս ախտը պիտի կոչենք իր հայավարի՛ անունով` Պսակաձեւ ժահր: Քանի մը անգամ կրկնէ՛, մեր թերթերն ալ ծագէ ի ծագ թող որդեգրեն այս եզրը, պիտի տեսնես, որ խորթ կամ օտարոտի պիտի չըլլայ այլեւս: Իսկ գալով հարցումիդ` ո՛չ. բան մը պիտի չգրեմ:

– Ինչո՞ւ:

– Որովհետեւ ո՛չ բժիշկ եմ, ոչ ալ ախտաբան-մասնագէտ:

– Տանըլտ Թրամփը, Պորիս Ճոնսընը, Փաշինեանը կամ պետական այլ դէմքեր մասնագէ՞տ են…

– Անոնք ալ մասնագէտ չեն. ուշադիր պէտք է ըլլան, որ չընեն յայտարարութիւններ, որոնք իրենց գործը չէ. պէտք է նման պարագաներու յայտարարութիւն կատարելն ու ցուցմունք տալը ձգեն մասնագէտներու: Չե՞ս տեսներ,  իրենց ըրած յայտարարութիւններով յաճախ կը հակասեն մասնագէտներու ըսածներուն, շփոթ կը յառաջացնեն, խուճապ կը պատճառեն…

– Իրաւունք ունիս. օր մը կ՛ըսեն, որ ախտին տարածումը հակակշիռի տակ է, պէտք չէ մտահոգուիլ, քանի մը օր ետք, երբ իրականութիւնները ուրիշ բան ցոյց կու տան, ետդարձ կ՛ընեն եւ քիչ մը խելքի մօտ թելադրանքներու կը յարին…

– …եւ, ինչպէս ըսի, շփոթի ու աւելորդ խուճապի պատճառ կը դառնան: Հասկնալի է, որ իրենց նպատակը բարի է. չեն ուզեր զանգուածները ահ ու դողի մատնել, սակայն…

– Քու կարծիքովդ` ի՞նչ պէտք է ընեն:

– Բարեկա՛մս. ըսի՛ արդէն. կարծիք չունիմ: Իսկ եթէ կ՛ուզես որ անպայման բան մը ըսեմ, պիտի նախընտրէի, որ վարակին մասին խօսիլն ու թելադրանքներ տալը ձգէին մասնագէտներու, իսկ իրենք ուրիշ` ժողովուրդին օգտակար գործ ընէին:

– Ի՞նչ գործ…

– Օրինակի համար, միջոցներ ձեռք առնեն, որ ստեղծուած խուճապը քիչ մը դարմանուի. չե՞ս տեսներ, մարդիկ շուկաները կը վազեն եւ աներեւակայելի եւ անտրամաբանական բաներ կ՛ընեն. օրինակ, ինչպէ՞ս բացատրել պէտքարանի թուղթ գնելու մարդոց խոյանքը: Տեղ մը լսա՞ծ ես, թէ Պսակաւոր ժահրը կրնաս դարմանել այդ տեսակի թուղթերով: Այս եղածին վրայ հազարումէկ կատակ ստեղծուած է…

– Հա՛. ատիկա ամէնէն խնդալիք բանն է, սակայն, գիտե՛ս, երբ խուճապ ստեղծուի, մարդիկ իրենց դարակներուն մէջ կը ձգեն բանականութեան ու տրամաբանութեան մեծ մասը, կը դառնան ամբոխ, կը վարուին ամբոխային տրամաբանութեամբ: Այս օրերուն, յաճախ կը յիշեմ Եղիշէ Չարենցը եւ իր «Ամբոխները խելագարած»-ը…

– Բարեբախտաբար, առաջին օրերու սնապանրութենէն, հարցը քաղաքական բանավէճերու դուռներուն առջեւ պտտցնելէ ետք, հիմա սկսած են աւելի՛ լուրջ մօտեցում ունենալ: Յայտնի է, որ մասնագէտներու խորհուրդին կը հետեւին եւ կտրուկ միջոցներ ձեռք կ՛առնեն, հոգ չէ թէ քիչ մը չափազանցութեան ալ կը հասնին…

– Ես քիչ մը չափազանցութիւնը վնասակար չեմ գտներ ասանկ ատեն: Ծանօթ խօսք է. աւելի լաւ է մէկ կրամ նախազգուշութիւն, քան հազար քիլօ դեղ:

– Համաձայն եմ: Լաւ կէտերէն մէկն ալ այն է, որ սկսած են իրարու հետ հաղորդակցիլ, կանխարգելիչ միջոցներու դիմել. տե՛ս, եւրոպական քանի երկիրներու մէջ կտրուկ կերպով արգիլեցին ժողովուրդին շրջագայութիւնը: Ժամանակին, միջինարեւելեան երկիրներու մէջ պատերազմի կամ յեղաշրջումներու օրերու էր, որ շրջագայութեան արգելքներ կը դրուէին: Կրնան աւելի՛ն ալ ընել. օրինակ, փոխանակ բանակները ասդին-անդին պատերազմներու մէջ մաշեցնելու` կրնան զանոնք գործի լծել` շուկաներուն պարէնաւորումը արագացնելու համար: Չե՞ս տեսներ. վաճառատուներու դարակները կը պարպուին աւելի՛ արագ, քան վերապարէնաւորումը: Մի՛ մոռնար, որ ո՛չ պատերազմի վիճակ է, ո՛չ ալ մարդոց կեանքը այլ տեսակի վտանգի ենթարկուած է, երթեւեկութիւնը չի գտնուիր ռմբակոծման կամ նման վտանգներու տակ:

– Բայց հիմա ալ պատերազմական վիճակի պէս բան մըն է. ուրիշ տեսակ պատերազմ. չլսեցի՞ր. Ֆրանսայի նախագահը յայտարարեց, որ այս ժահրին դէմ պատերազմ յայտարարուած է: Պատերազմը միայն զէնքո՞վ, թնդանօթո՞վ, օդանաւո՞վ, հրթիռո՞վ կ՛ըլլայ:

– Հարցը հոն է, որ արեւմտեան աշխարհին մէջ եւ ուրիշ տեղեր` այդ ըսած պատերազմդ չափէն աւելի ուշացաւ: Տե՛ս. Չինաստանի մէջ, ուրկէ կ՛ըսեն, թէ ծնունդ առաւ այս Պսակաւորը (յուսանք մագիստրոսի կամ տոքթորականի չբարձրանայ…), արդէն թափը կոտրած են: Մարդիկը քանի մը օրուան մէջ հսկայական հիւանդանոցներ շինեցին, աշխատողներու բանակներ գործի լծեցին, իսկ հիմա, արդէն կ՛ըսեն, որ վարակուածներուն թիւը զգալի անկումի մէջ է, դարմանումներն ալ արդիւնաւորուած են գոհացուցիչ համեմատութեամբ: Անոնք արդէն կը վերադառնան այն ճամբէն, որմէ մենք սկսած ենք երթալ…

– …Մերինները նախընտրեցին քանի մը ամիս չափել-կշռել, որ սակարանները ի՞նչ վիճակի կրնան մատնուիլ, մարզական մրցաշարքերուն դադրեցումը, ճաշարաններու, աղօթքի վայրերու փակումը ի՞նչ վնասներ կրնայ պատճառել. կարգ մը խելացիներ ալ մտածեցին ու հազար հաշիւ ըրին, թէ կացութենէն ինչպիսի՛ նիւթական շահեր կրնան ապահովել, պաշտօնական կողոպուտի ինչպիսի՜ հնարաւորութիւններ կը ստեղծուին: Բայց… եկո՛ւր, այդ էջը չբանանք: Ինծի սա ըսէ, որ այս բոլորէն աշխարհը բան մը սորվեցա՞ւ, սորվելիք ունի՞…

– Ամէն փորձառութիւն, լաւ կամ վատ, բան մը կը սորվեցնէ, պէ՛տք է բան մը սորվեցնէ մարդոց, պայմանաւ որ մարդիկ դարակներէն դուրս բերեն տրամաբանութիւնը եւ անոր գործածութիւնը բարձրացնեն պետական ամէնէն բարձր գրասենեակները, պալատները:

– Այս ըսածդ շատ ընդհանուր եւ քիչ մը վերացական, փիլիսոփայական բան մը եղաւ:

– Լա՛ւ, մանրամասնենք միասին: Մարդիկ` աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը, տեսա՞ն, սորվեցա՞ն, որ մարդոց առողջութենէն ու կեանքի ապահովութենէն աւելի՛ կարեւոր բան չկայ:

– Երանի՜ թէ…

– Տեսա՞ն, ըմբռնեցի՞ն, որ կան պատուհասներու տեսակներ, որոնք մարդոց կամքէն անկախ ծայր կու տան, կը տարածուին աշխարհով մէկ, խտրութիւն չեն դներ սեւին, դեղինին ու ճերմակին, քրիստոնեային, պուտտայականին, իսլամին եւ այլ կրօններու հետեւորդներու միջեւ, իսկ նման պատուհասներու դիմաց` պէտք է մարդկային ուղեղներու ամբողջ կարողութիւնները քով-քովի բերուին:

– Երանի՜ թէ…

– Դեռ կայ աւելի՛ կարեւորը: Մարդիկ, տարբեր երկիրներու ժողովուրդներ անդրադարձա՞ն, պիտի անդրադառնա՞ն, որ իրենց կառավարութիւնները տարուէ տարի ինչպիսի՛ բարձրացումներու կը հասցնեն զինական մարզի պիւտճէները, փոխարէնը` կը կրճատեն առողջապահութեան, ախտերու դարմանումին հետախուզութեան տրամադրուած պիւտճէներ, դեռ չեմ խօսիր կրթական ու ընկերային ծառայութեանց յատկացուած պիւտճէներուն կրճատման մասին…

– Միտքս անեկդոտ մը ձգեցիր. մարդ մը բժիշկին կը հարցնէ. «Մարդը յաւիտեան ապրեցնելու միջոց կա՞յ»: Բժիշկը կը պատասխանէ. «Ըսածդ կարելի չէ, սակայն կեանքը կրճատելու հազարաւոր միջոցներ կան», ես ալ աւելցնեմ, որ պատերազմներն ու զէնքի անհակակշիռ առեւտուրը այդ միջոցներէն են, ամէնէն շահաբերները…

– Եկո՛ւր, չերկարենք: Հարցումիդ պատասխանը կարճի կապենք. մարդիկ, մասնաւորաբար պետական պատասխանատուներ, ժողովուրդն ու անոր շահերը պաշտպանող յաւակնողները վստա՛հաբար սորվելիք ունին այս տագնապէն, որ աննախընթաց ցնցումի ենթարկեց աշխարհը: Ես ալ աւելցնեմ` երանի՜ թէ այդ ցնցումը ասոնց ուղեղներուն հասնի եւ վաղը, այս ախտին յաղթահարումէն ետք, այս բոլորը չմոռցուին եւ ժողովուրդներ ու երկիրներ պատերազմներու, բռնագաղթի ու հազարումէկ ձեւի ահաբեկումի ենթարկելու խօլ վազքը չվերսկսի:

– Երանի՜ թէ… երանի՜ թէ… երանի՜ թէ: Երեքը խորհրդաւոր ու սուրբ թիւ է…

17 մարտ 2020

 

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (18 Մարտ 2020)

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Եւ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցան «Քորոնա» Ժահրին Ստեղծած Ներկայ Կացութեան Շուրջ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?