Ակնարկ. Սիրտով Մօտիկ Ըլլանք
Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Այո՛, լիբանանահայութիւնը դարձեալ եկաւ փաստելու, որ ինքնուրոյն է իր կազմակերպուած ուժով, կուսակցութիւններով, համայնքներով, միութիւններով եւ բարեսիրական հաստատութիւններով: Եթէ հետեւինք հեռու եւ մօտ գտնուող գաղութներու վիճակին, կը տեսնենք, թէ մենք որքա՛ն կազմակերպուած, միակամ եւ ժողովուրդին կողքին մնացող գաղութ ենք տակաւին: Այսօր, իբրեւ համաշխարհային աղէտ հռչակուած «Քորոնա»-ն նոր մարտահրաւէրներու առջեւ դրաւ ամբողջ մարդկութիւնը: Սակայն, մենք քաջութիւնը ունեցանք ըսելու, որ տունը...
















