Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պսակաձեւ Ժահրն Ու Դասեր Քաղելու Հարկադրանքը

March 19, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա.Ա.

Պսակաձեւ ժահրը կլանած է ամբողջ երկրագունդը գրեթէ։ Վերջին տուեալներուն համաձայն, աւելի քան հարիւր քառասուն երկիրներ արդէն իսկ կը դիմագրաւեն այս ժահրը, որ անկախ առողջապահական լուրջ վտանգ մը ըլլալէ, մարդկութիւնը դէմ յանդիման դրաւ աննախադէպ կացութիւններու՝ ինքնամեկուսացման, ընկերային կեանքի ամբողջական ջլատման, երկիրներու միջեւ սահմաններու փակման։
Պսակաձեւ ժահրին պատճառով է, որ նաեւ մարդը հասկցաւ թերեւս,թէ որքան ալ յառաջդիմած ըլլայ գիտութիւնը եւ յատկապէս բժշկական արհեստագիտութիւնն ու դարմանումներու առաջնորդող դեղերու եւ պատուաստներու ճարտարարուեստը, աներեւակայելիօրէն փոքր եւ անտեսանելի ժահր մը, ինչ աւերներ կրնայ գործել՝ առողջապահական, ընկերային, տնտեսական եւ տակաւին այն բոլոր մարզերուն մէջ, որոնք մարդկային ընկերութիւններու հաւաքական կեանքը կը դասաւորեն եւ կը համակարգեն։
Պսակաձեւ ժահրերը անասնական աշխարհէն կը փոխադրուին մարդկութեան։ Երկուքին միջեւ սահմանները չյարգող, բնական պատնէշները քանդող եւ անասնական աշխարհին իւրայատկութիւնները չյարգող արարքներն են ըստ երեւոյթին, որ կը մղեն անպատասխանատու սխալ մը ահաւոր հարուածով մը պատժելու բնութեան օրէնքին գործադրութիւնը,որուն նորագոյնը ահա այս օրերուն կը դիմագրաւենք։
Ով ինչ դաս պիտի վերցնէ այս աշխարհաճարակէն։ Պետութիւններու ղեկավարնե՞ր, որոնք ահա մէկ կողմ դրած քաղաքական բոլոր խնդիրները, օրն ի բուն կը խօսին ու կը ճառեն պսակաձեւ ժահրին կապուած խնդիրներու մասին, առանց գիտակցելու, թէ որքան անզօր ենք եղեր նոյնիսկ մեր գիտութեամբ, կորիզային զէնքով եւ դրամով։Թէ՞ անոնք, որոնք չարաչար կը շահագործեն բնութիւնը, օրէնքներ կը հաստատեն եւ ատոնց միջոցով կը սպաննեն շրջակայ միջավայրը, արեւադարձային անտառներն ու կենսոլորտը։Ապա ամբողջութեամբ կ՛անգիտանան Մայր Բնութեան անիմանալի գաղտնիքները։Եւ երբ հարուածը կը հասնի, խուճապը կը սկսի։ Ի վերջոյ հարցումը, որ այսօր բոլորը կը չարչրկէ, այն է, թէ ով է պատասխանատուն այս անտեսանելի թշնամիիին գլուխ ցցելուն։ Եւ այնպիսի դարու մը, երբ կար այն խաբկանքը, որ մարդ անյաղթահարելի է՝ իր գիտութեամբ, արհեստագիտութեամբ եւ հզօր բանակներով։
Ինքնամեկուսացման եւ ընկերային կեանքէ ամբողջութեամբ հրաժարելու այս ծանր օրերուն, երբ շուկաները փակ են, օդակայանները՝ ամայացած, տնտեսական կեանքը՝ ամլացած, եւ երբ ամէն կողմ ամայութիւն ու վախ կայ, մարդը իրաւունք ունի հարցումներու պատասխաններ ստանալու։ Բայց եկուր տես, որ հարցումները շատ են, բայց պատասխան չկայ։ Չկայ, որովհետեւ կառավարութիւնները անճրկած եւ սարսափահար, միայն կը ջանան պսակաձեւ այս անտեսանելի փորձանքին «յաղթարշաւը» կասեցնել, որովհետեւ կը գիտակցին, որ ամէն ինչ շուտով կրնայ փուլ գալ՝ առողջապահականէն մինչեւ տնտեսական համակարգերը։
Մարդն է դարձեալ թիրախը։Մարդն էր վստահաբար այս փորձանքին անասնական աշխարհէն իր վրայ յարձակելու ուղիները հարթողը։Եւ ահա ամբողջ մարդկութիւնն է, որ սարսափահար եւ ակնդէտ կը սպասէ, թէ ով եւ երբ դարման մը, բուժում մը պիտի բերէ եւ դարձեալ մարդիկ պիտի վերադառնան իրենց առօրեայ կեանքին։Բայց կը խորհիմ, որ այս համամարդկային չարութեան սեւ էջը փակելէ ետք, գէթ նոր մտածողութեան մը, աշխարհայեացքի մը տարածման ականատես պիտի ըլլայ մեր երկրագունդը։Չարաչար չգործածել մեր մոլորակին բարիքները, ըլլալ զգօն եւ գիտակցիլ, թէ այն ինչ որ բնութեան օրէնքով անասնական աշխարհին կը պատկանի, հոն ալ պէտք է մնայ։Յարգելով կենսաբազմազանութիւնը, յարգելով նաեւ՝ մենք զմեզ, որպէսզի սերունդները ոչ թէ վախի եւ սարսափի մէջ ապրին, թէ սա ժահրը ու՞ր թաքնուած է, ապրին խաղաղ եւ հաճելի օրեր։
Եւ նկատողութիւն մը։ Այսքան բան կը գրուի, կը ծախսուի, կը խօսուի գիտութեան յառաջընթացին մասին,որ իրաւամբ նաեւ պէտք է ընդունիլ, որ մարդկութեան իսկական բարիքներ շնորհած է։ Բայց ահա անտեսանելի ժահրի մը շռնդալից ապտակը կու գայ սթափեցնելու մարդկութիւնը,որպէսզի գիտակցի, թէ որքան անզօր է տակաւին Մայր Բնութեան ահաւոր բարկութեան դիմաց։

Նախորդը

Այսօր Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր՝ Արամ Մանուկեանի ծննդեան օրն է

Յաջորդը

Վիրժինի Փեվսներ՝ չեխովեան կերպար մը

RelatedPosts

Սուրիահայութիւնը Իրաւասահմանադրական Խաչմերուկին Վրայ` Քաղաքացիութիւն, Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքներ Եւ Արդարութիւն
Անդրադարձ

Սուրիահայութիւնը Իրաւասահմանադրական Խաչմերուկին Վրայ` Քաղաքացիութիւն, Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքներ Եւ Արդարութիւն

January 21, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Միջազգային Իրաւունքի Մահը

January 21, 2026
Պատերազմը Որպէս Հիմնական Մարդկային Հակամարտութիւն` Արհեստագիտական Յեղափոխութեան Լոյսին Տակ
Անդրադարձ

Պատերազմը Որպէս Հիմնական Մարդկային Հակամարտութիւն` Արհեստագիտական Յեղափոխութեան Լոյսին Տակ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.