Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. «Մենք Արցախը Վաճառեցինք Կամայ Թէ Ակամայ» (38-Ամեակ)

February 20, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Պատառիկ մը մեր առօրեայէն:

Բարեկամի մը գործատեղին հաւաքուած քանի մը սրտցաւ հայորդի, գաւաթ մը սուրճի գլուխն անցած, կը զրուցեն հայ կեանքին առնչուող իրադարձութիւններու մասին: Բնականաբար, Արցախը կը գրաւէ առանցքային տեղ, որովհետեւ շատերու կարծիքն է, ըստ ամենայնի, որ հայութեան գլխուն եկած վերջին տարիներու ցաւն ու տառապանքը, անդառնալի կորուստներու պատճառն ու պետական մակարդակի այս կամ այն խաղքութիւնը, հայոց պառակտեալ վիճակը, ներքին կեանքի ալեկոծութիւնն ու արտաքին աշխարհի քաղաքական նկրտումները, այդքան ալ ուժեղ ազդեցութիւն պիտի չունենային, եթէ երբեք հայ ժողովուրդը կորսնցուցած չըլլար սքանչելի Արցախը:

Ներկայ հայորդիներէն մէկը, որ սապէս մտաւորական պատրաստուածութիւն ունի, պահ մը մտիկ ընելէ ետք ներկայացուած տարբեր մտածումները, տեսակէտներն ու վերլուծութիւնները, առանց տատամսելու կը բարձրաձայնէ` ըսելով. «Չակերտով թէ առանց չակերտի, կամայ թէ ակամայ հայ ժողովուրդը վաճառեց Արցախը»:

Նեղացուցիչ արտայայտութիւն մըն էր, որ լռութեան մատնեց զրուցակիցները:

Որովհետեւ բոլորն ալ քաջ գիտէին, որ հայ կեանքի մէջ առկայ է լաւն ու վատը, բարեպաշտն ու սնապաշտը, հերոսն ու դասալիքը, հաւատարիմն ու դաւադիրը:

Ըստ խօսակիցին «մենք»-ը` ամբողջ հայ ազգն էր իր բովանդակ շերտերով ու պետականութեամբ, որ չկրցաւ պահել իր ազատագրած հայրենիքը: Աւելի՛ն. ազգը, որ կը հպարտանար իր անցեալով ու ներկայ կեանքի մարտահրաւէրներուն դէմ դնելու պատրաստակամութեամբ, թուրքին յաղթելու վճռակամութեամբ եւ դէպի 21-րդ դար ճախերու հաստատակամութեամբ, ահա, այսօր, հիասթափութեամբ լեցուած է ու կը փորձէ ողնաշարը ուղղել:

Անդին թշնամի ազերի-թուրքը կրցաւ երեսուն տարի համբերել, առաւելագոյնս զինուիլ եւ արդիականանալ, լուռ գործել, պատրաստուիլ, կազմակերպուիլ, իսկ յարմար պահուն` շահագործել աշխարհաքաղաքական իրերամերժ կացութիւններն ու շահերը եւ անակնկալօրէն յարձակիլ Արցախի վրայ` ահ ու սարսափի մատնելով հայութիւնն ու պետական կարգն ու սարքը:

Փաստօրէն, 2020 թուականի ազերի հորդաներու աննախընթաց յարձակումը հայոց վրայ, այլապէս ալ բացայայտ ու թաքուն թշնամի ուժերու կողմէ ազդանշան էր, որ միջազգային քաղաքական կեանքը փոփոխութիւն կրած է, եւ հայութիւնը իր որջին մէջ հարուածելու մեծապետական որոշումը` արդէն իսկ կայացած:

Ըսուածին ապացոյցը, աշխարհով մէկ լռութիւնն ու անտարբերութիւնն էր, բոլոր մակարդակներու վրայ:

Խօսակիցը յստակացուց նաեւ, որ հայոց բանակի տղաքը, թէեւ ցոյց տուին սքանչելի դիմադրութիւն, հարուածեցին թշնամին եւ մեծ վնասներ հասցուցին անոր, այդուհանդերձ, թշնամի բանակին գերակայ ուժն ու մարտավարական գործընթացները խուճապի մատնեցին հայկական բանակը, որ` անակնկալի եկած, հսկայ թիւով նահատակներ եւ վիրաւորներ ունեցաւ:

Ան շեշտեց, որ հայ պետականութիւնը, որ ունէր մօտաւորապէս երեսուն տարուան քաղաքական կենսափորձ, իսկ հայկական բանակը` նոյնքան ռազմական հմտութիւն, երկուստեք չկրցան ապահովել Արցախի անվտանգութիւնը, որով պիտի կարենայինք պաշտպանել 120.000 արցախահայութեան գոյատեւումը:

Այո՛, ըստ զրուցակիցին, հայութիւնը կամայ թէ ակամայ վաճառեց իր սրբազան հայրենիքը, պարզապէս որովհետեւ հայոց պետութեան գլուխին անցած իրերայաջորդ այրերը, ցաւ ի սիրտ, կլանուած էին իշխանատենչութեամբ, ներքին պայքարով, փտածութեամբ, կեղծ ու ստապատիր վարքագիծով, փոխանակ ամէն միջոցի դիմէին, արմատաւորուելու` տնտեսական, քաղաքական, ընկերային ու բազում ոլորտներու մէջ, աւելի՛ն. իբրեւ հայոց պետականութեան առաջնորդներ, համախմբէին հայ ազգը մէկ նպատակի ու դրօշի տակ, օգտուելու համազգային ներուժէն եւ պատրաստուէին` դիմակայելու յառաջիկայի սպառնացող վտանգները:

Զրուցակիցը իր խօսքը աւարտեց ընդգծելով իրողութիւն մը, որ հայութիւնը երեսուն տարի զբաղեցաւ իր առօրեայ կեանքը հունաւորելով, շէնքեր կառուցելով, ստամոքսը կազդուրելով, ամբողջ աշխարհին իր մշակութային նուաճումները հրամցնելով, զբօսաշրջութեան թափ տալով, հայրենիքէն հեռանալով, սին ու տժգոյն յորդորներ սփռելով, արդի կեանքի պարտադրած հաճոյախառն մթնոլորտին տուրք տալով, այսպէս ըսած, դաշնակիցներէն  գինովնալով, փոխանակ այս բոլորին առընթեր հզօր պետականութիւն կերտելու աշխատանքին լծուելու:

Ուժեղ պետականութիւն, որ ունի ազգային գաղափարախօսութիւն, միաձոյլ երազանք, տնտեսական ու քաղաքական ամրութիւն, հմտութիւն եւ ճարտարութիւն:

Այլ խօսքով` արդիական ու զօրեղ պետութիւններէն սորվելու ունակութիւն:

Ճիշդ է, որ Արցախի ազատագրական պայքարը հոգեզինեց մեզ ու լոյսին բերաւ հայու  պանծալի առանձնայատկութիւնը` հերոսապաշտութիւնը, միւս կողմէ, թուրքին յաղթանակով`ազգային մեր պարունակը ստացաւ ուժգին հարուած:

Հարուած, որ քանդեց Արարատին հասնելու հայու երազն անգամ:

Յոռետեսի եզրակացութիւն մըն էր զրուցակիցին հուսկ բանքը:

Լռութիւնը կլանած էր բոլորի միտքը, իսկ սրտերը թունդ ելած էին, ոչ թէ անոր համար, որ դառն էին ըսուածները, այլ ներկայ օրերու հայ կեանքի պատկերը այդքան ալ լաւատեսութիւն չէր ներշնչեր:

Փաստօրէն, հայոց պետականութիւնը ճգնաժամի մէջ է, հայը ենթակայ է ներքին ու արտաքին ճնշումներու, թշնամին օրն ի բուն կը սպառնայ ու կը փորձէ առաւել տկարացնել հայն ու անոր պետականութիւնը, որոշումի կեդրոններու պիղծ ու շահամոլի յարաբերութիւնը` վտանգներով լեցուն է, աշխարհաքաղաքական լիրբ քարտէսագրում տեղի կ՛ունենայ, փոքր ազգեր ու պետութիւններ սպառնալիքի տակ են եւ ենթակայ`անկանխատեսելի կացութիւններու:

Զրոյցի աւարտին յստակ էր մէկ բան, թէ հայու տիպար տեսակը, իր առօրեայ կեանքին մէջ, ամէն պատեհ առիթի ցոյց կու տայ իր ներսիդին չարչրկող հարցերը, յայտնապէս այն, ինչ որ կը վերաբերի ազգի կորուստներուն, հայու ճակատագիրին եւ հաւաքական յիշողութեան:

Արցախի գոյամարտի սկզբնաւորութեան 38-ամեակի խորհուրդին ընդառաջ, կը մնայ վերանորոգել համազգային ուխտը, լեցուիլ հայկականութեամբ, սթափիլ ընդարմացած վիճակէն եւ ամէն քայլափոխի յիշել ազգի հերոսները, որոնք իրենց վճիտ կեանքը նուիրաբերեցին յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան եւ ազգային արժանապատուութեան բոցավառումին:

 

 

Նախորդը

Արցախեան Շարժման 38-Ամեակ. Արցախի Հայութեան Հայաստանին Վերամիանալու Պատմական Որոշումը

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. «Էն. Պի. Էյ.»-էն Լուրեր

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.