Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մահ Կամ Ազատութիւն»

February 18, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օրուան յապաղած տօնակատարումներու մթնոլորտին մէջ, Հայաստանի Ազգային ժողովը կուսակցութեան գործունէութեան մասին արտակարգ գնահատականի ասպարէզ դարձաւ:

Ի՞նչ էր պատրուակը: Հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի յանձնաժողովի անդամներէն մէկը` Յակոբ Յակոբեան, գրական անունով` Յակոբ Մովսէս, հարցազրոյց մը տուած էր 1in.am կայքին, որուն ընթացքին ի միջի այլոց, խօսած էր նաեւ Դաշնակցութեան մասին: Ըստ Յակոբ Մովսէսին, ՀՅ Դաշնակցութիւնը պատասխանատու է… տասը դարերէ ի վեր հայութեան գլխուն եկած արհաւիրքներուն համար: Պատճառը Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնն է եւ այդ գաղափարախօսութիւնը ամփոփող «Մահ կամ ազատութիւն» կարգախօսը: Այդ կարգախօսը վտանգաւոր է, ըստ Յակոբ Մովսէսի:

Հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի յանձնաժողովը անկախ մարմին է: Անոր անդամները չեն կրնար, իրենց անդամակցութեան միջոցին, անդամ ըլլալ որեւէ կուսակցութեան: Անոնք քաղաքական հարցերու պարագային պարտաւոր են զսպուածութիւն ցուցաբերել: Կարճ խօսքով` պարտաւոր են անկախ ու անաչառ դատողութիւններ ցուցաբերել: Կարճ խօսքով` պարտաւոր են անկախ ու անաչառ դատողութիւններ կատարել իրենց հանրային ելոյթներուն ընթացքին:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը բողոքած էր ու պահանջած Յակոբ Մովսէսի պաշտօնէ դադրեցումը: Ազգային ժողովի փտածութեան կանխարգիլման յանձնախումբը, քննելով բողոքը, եզրակացուցած էր, որ Յակոբ Մովսէս իր վարքագիծով խախտած էր սահմանադրական կանոնը: Հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի յանձնաժողովի անդամները կ՛ընտրուին Ազգային ժողովին կողմէ, ձայներու առնուազն եզրայանգումը պէտք է կատարուէր Ազգային ժողովի լիակատար նիստին:

Այդպէս ալ եղաւ: Յակոբ Մովսէս, որ հրաւիրուած էր նիստին, արդարացաւ ըսելով, որ ինք խօսած էր ոչ իբրեւ յանձնաժողովի անդամ, այլ իբրեւ մտաւորական, մոռնալով, որ ինք հրաւիրուած էր կայք իբրեւ անդամ այդ յանձնաժողովին: Ելոյթներու ընթացքին, շուտով, խորհրդարանական մեծամասնութեան անդամները մոռացութեան տուին Յակոբ Մովսէսի արարքը, զայն արդարացնելու փորձ ալ չըրին, այլ հարցը շրջելով մէկը միւսին ետեւէն հանդէս եկան Դաշնակցութեան դատափետութեամբ: Կարծէք օրակարգի հարցը ոչ թէ Յակոբ Մովսէսի արարքն էր, այլ…. Դաշնակցութեան բոլոր ժամանակներու գործունէութեան դատապարտումը:

Բնականաբար դաշնակցական պատգամաւորները պատասխանեցին զրպարտութիւններուն: Յատկանշական էր յատկապէս ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի ելոյթը, որ ջախջախեց բոլոր չարախօսութիւնները:

Ինչպէս նախատեսելի էր, Ազգային ժողովը մերժեց Յակոբ Մովսէսի լիազօրութիւնները դադրեցնելու դիմումին ընթացք տալ: Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան պատգամաւորները չմասնակցեցան փակ գաղտնի քուէարկութեան, իսկ ընդդիմութեան 28 ձայները չբաւարարեցին դրական որոշում կայացնելու համար:

Յաճախ դիտել տուած ենք, որ Դաշնակցութեան քննադատութիւնը ծնած է կուսակցութեան հետ: Դաշնակցութիւնը կը քննադատուի 135 տարիներէ ի վեր. քանի եւ քանի՜ անգամներ նախանշուած է անոր վերջնական չքացումը` մահը: Սակայն Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ ապրիլ ու գործել: Արմէն Ռուստամեան շեշտը կը դնէ դաշնակցականի տեսակին, այսինքն` դաշնակցականութեան վրայ ու կ՛աւելցնէ, որ այդ տեսակը հիմնուած է պարզագոյն սկզբունքի մը վրայ. համակերպիլ այն բանին, որ հարկաւոր չէ փոխել, փոխել այն, որուն հնարաւոր չէ համակերպիլ:

Ըսած ենք ու կրկնելու գնով պիտի ըսենք, որ մեր պատմութեան վերջին 150-ամեակի փոթորկալի բոլոր ժամանակներուն, Դաշնակցութիւնը գիտցած է դառնալ ի՛ր ժամանակի շունչը: Պատահա՞ծ է, որ սխալ դատողութիւն կատարէ. այո՛, անխուսափելիօրէն պատահած է, սակայն առաջին իսկ ճգնաժամին` Դաշնակցութիւնը վերադիրքաւորուած է Հայաստանի եւ հայութեան շահերէն բխող առաջադրանքին վրայ:

Այսօրուան դիրքորոշումը եւ անցեալ ժամանակներու դիրքորոշումները կրնան տարբերիլ ըստ ժամանակին յատուկ ռազմավարութեան եւ պայմաններուն յատուկ մարտավարութեան թելադրանքին: Սակայն անոնք խորքին մէջ միասնական են, որովհետեւ բոլորին աղբիւրը Դաշնակցութեան Ծրագիրն է, բոլորը զսպանակողը Դաշնակցութեան գործելակերպն է, բոլորին ուղենիշը «Մահ կամ ազատութիւն» կարգախօսն է ու դաշնակցականի երդումին «բոլոր ուժերովս-իսկ եթէ հարկ ըլլայ` նաեւ կեանքիս գնով ծառայել Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան դատին» խոստումը:

Յառաջիկայ Ազգային ժողովի ընտրութեան առիթով (7 յունիս 2026) Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան պատգամաւորները կը յուսան Դաշնակցութիւնը հեռացնել քաղաքական դաշտէն: Ազգային ժողովին մէջ կամ ոչ, կառավարութեան մէջ կամ ոչ, Դաշնակցութիւնը կայ ու կը մնայ Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան զինուորագրուած ազգային քաղաքական աներեր պատնէշը:

 

 

Նախորդը

Փետրուարեան Ապստամբութիւնը. Ազատութեան, Պետական Արժանապատուութեան Եւ Հոգեւոր Ինքնութեան Համազգային Շարժում

Յաջորդը

«Լա Լիկա». Պարսելոնայի Անակնկալ Պարտութիւնը

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.