Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սեւան» Սննդական Ընկերութեան Հիմնադիր Եւ Խորհուրդի Նախագահ Հրաչ Մարութեան Պարգեւատրուեցաւ Շուէտի Թագաւորական Բարձր Շքանշանով

February 20, 2026
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սթոքհոլմի թագաւորական պալատին մէջ 4 փետրուարին տեղի ունեցած արարողութեան ընթացքին Շուէտի թագաւոր Քարլ 16-րդ Կիւսթաւ թագաւորական բարձրագոյն պարգեւ 8-րդ կարգի մետալով` «Սերաֆիմի շքանշանի ժապաւէն»-ով, պարգեւատրեց շուէտահայ անուանի գործարար, «Սեւան» սննդական ընկերութեան հիմնադիր եւ խորհուրդի նախագահ Հրաչ Մարութեանը` որպէս բարձր գնահատանք անոր երկարամեայ նուիրեալ եւ արգասաբեր գործունէութեան, ինչպէս նաեւ` Շուէտի թագաւորութեան տնտեսական, հասարակական եւ մշակութային կեանքի զարգացման մէջ անոր ունեցած նշանակալի ներդրումին համար: Պարգեւատրումը տեղի ունեցաւ հիւսիսային Սթոքհոլմի Ռոզերսպերկ շրջանին մէջ գտնուող գործարանին մէջ` «Սեւան»-ի անձնակազմին մասնակցութեամբ:

Այս առիթով «Ազդակ» զրոյց մը ունեցաւ Հրաչ Մարութեանին հետ, որ սոյն պարգեւը համարեց հաստատում մը, որ իրենց արդարութեան, ազնուութեան եւ որակի արժէքները զինք եւ «Սեւան»-ը առաջնորդած են դէպի այս ճանաչումը:

Ան ըսաւ, որ ինք արմատներով հայաստանցի է, բայց մեծցած է Լիբանանի մէջ: Առաջին անգամ Շուէտ այցելած է 1966 թուականին, իր հօր հետ: Այդ ժամանակ անոնք շրջուն վաճառականներ էին, որոնք կը զբաղէին երկրորդական հիւսուածեղէններով: 1970-ականներու վերջաւորութեան ընտանեօք հաստատուած են Շուէտ մորթի, կաշիի, հագուստի առեւտուրի մէջ բաւական երկար  աշխատելէն վերջ, 1988 թուականին, սկսած է աշխատիլ սննդամթերքի ծիրին մէջ եւ լծուած է անոր ներմուծման աշխատանքին: Անմիջապէս ետք` 1989 թուականին, հիմնադրուած է «Սեւան»-ը: Մարութեան բացատրեց, որ «Սեւան» վաճառանիշը ընտրած են բազմաթիւ պատճառներով, ինչպէս` իր գեղեցիկ կանաչ եւ ջրային բնոյթին, նաեւ` որպէս բառ, շատ դիւրին է արտասանելը, օգտագործուած է թէ՛ տղամարդոց  եւ թէ՛ կիներուն համար, եւ ամէնէն կարեւորը` անոնց համար, որոնք իրենց հետաքրքրութենէն մղուած` կը ցանկային աւելի տեղեկութիւններ ունենալ անոր անուանումին, ծագումին եւ այլ տեղեկութիւններու մասին: Մարութեան դիտել տուաւ, որ այս մէկը լաւ հնարաւորութիւն ստեղծած է իրենց համար` ուրիշներուն ծանօթացնելու հայկական մշակոյթը եւ պատմութիւնը:

Խօսելով ընկերութեան մասին` Հրաչ Մարութեան ըսաւ, որ իրենք մասնագիտացած են Միջերկրական ծովու արտադրութիւններու  մէջ երկու հիմնական պատճառներով. առաջին` որովհետեւ նման արտադրութիւն Շուէտի կամ Սկանտինաւիոյ շուկային մէջ չի վաճառուիր այնպէս, ինչպէս պէտք է, երկրորդ` որովհետեւ իրենք լաւագոյնս ծանօթ են այդ արտադրութիւններուն:

Մարութեան դիտել տուաւ, որ «Սեւան»-ի գլխաւոր գրասենեակը եւ արտադրութեան նիւթերը կը գտնուին Սթոքհոլմի մէջ, իսկ մասնաճիւղերը  եւ երկրի տնօրէնները` Ֆինլանտայի, Նորվեկիոյ եւ Դանիոյ մէջ:

«Սեւան»-ին նպատակն էր եւ կը շարունակէ մնալ այս տեսակի առողջ սնունդը շուկաներ ներմուծելը եւ հասկցնելը, որ հաւաքոյթներ համեղ ուտելիքներով սեղանի շուրջ մարդիկը կը միաւորեն եւ կ՛ամրապնդեն անոնց յարաբերութիւնները:

Մարութեան ըսաւ, որ 2014-ին ընկերութիւնը սկսած է արտադրել համմոս եւ ֆալաֆել: Ներկայիս «Սեւան» խումբի ընկերութիւնները ունին աւելի քան 20 ազգութիւններէ շուրջ 60 աշխատակից: Ներկայիս այս առեւտուրը կը ղեկավարեն իր երկու զաւակները` Մայքըլը եւ Քրիստոֆըրը, բայց ինք կը շարունակէ աշխուժ գործունէութիւն ծաւալել Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իր ընկերութեան մատակարարներէն շատերու հետ կապերը պահպանելու մէջ:

Այս բոլորին կողքին, Հրաչ Մարութեան տարիներ ամբողջ գործօն մասնակցութիւն ունեցած է  շուէտական հասարակական կեանքին մէջ` միաժամանակ պահպանելով ու զօրացնելով հայ համայնքի ինքնութիւնը Սկանտինաւեան երկիրներու մէջ: Յիշատակելի է յատկապէս անոր երկարամեայ ծառայութիւնը Սթոքհոլմի Հայ առաքելական եկեղեցական համայնքին մէջ, ուր երկար տարիներ ստանձնած է վարչութեան ատենապետի պատասխանատու պաշտօնը` իր նուիրումով եւ կազմակերպչական կարողութիւններով նպաստելով համայնքի գոյատեւման եւ զարգացման:

 

 

Նախորդը

«Գորգարուեստի Մշակոյթը» Բնաբանով Դասախօսութիւն

Յաջորդը

Ինչո՞ւ Փաշինեան Դարձած Է Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Սիրելին

RelatedPosts

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր»,  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան
Հարցազրոյց

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան

October 20, 2026
Հայագիտութիւն Մագիստրոսական Ծրագիր` Հայագիտական Համակողմանի Գիտելիքի Կարելիութիւն
Անդրադարձ

«Մեղու»-ն Ծնած Է Սէրէն»

October 16, 2026
«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան
Հարցազրոյց

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.