Հայաստանի արհեստական բանականութեան (ԱԲ) գերհամակարգչային հսկայական նախագիծը, որ մշակուած է «Firebird AI»-ի կողմէ, թեւակոխած է իր երկրորդ փուլը: Ամերիկեան արտածման արտօնագիրներու եւ կանոնակարգային վաւերացումներու ստացումէն ետք, կանաչ լոյս տրուած է Հայաստանին յաւելեալ 41.000 NVIDIA GB300 կրաֆիքական քարտերու (GPU) վաճառքին եւ մատակարարման համար: Այսպիսով, նախագիծը կը վերածուի 4 միլիառ տոլարի ներդրումի մը, որուն նպատակն է մինչեւ 2026 թուական Հայաստանի մէջ հիմնել 50.000 GPU հաշուող հզօր կայան մը:
Այս ընդլայնումը պատմական իրագործում մըն է, որ Հայաստանը պիտի դասէ աշխարհի ԱԲ-ի մեծագոյն կրաֆիքական կայաններ ունեցող առաջին հինգ երկիրներու շարքին: 4 միլիառ տոլար արժողութեամբ այս ծրագիրը երկրի պատմութեան ամէնէն նշանակալից արհեստագիտական ներդրումներէն մէկն է:
Այս մասին յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանսի Երեւան կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին:
Այս առիթով տրուած մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին «Firebird» ընկերութեան հիմնադիրներ Ռազմիկ Յովակիմեանն ու Ալեքսանտր Եսայեանը, որոնք մեծ ներդրում ունեցան այս ծրագիրի իրականացման մէջ իրենց գիտելիքներով, փորձառութեամբ եւ նիւթականով: Ռազմիկ Յովակիմեան (Firebird-ի գործադիր տնօրէն) նշեց. «Այս նոր կայանը Հայաստանը կը հաստատէ իբրեւ համաշխարհային գերհամակարգչային երկիրներու շարքին: Մենք երախտապարտ ենք Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի կառավարութիւններուն` այս գործակցութեան համար, որ թոյլ կու տայ ամերիկեան արհեստագիտութեան գործել համաշխարհային մակարդակով»:
Յայտնենք, որ Ռ. Յովակիմեան մեծ դերակատարութիւն ունեցած է ընդհանրապէս Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան արհեստագիտական բնագաւառի կապերու հաստատման առումով, այլ խօսքով, ան այս իմաստով հիմնական շարժիչ ուժերէն է: «Firebird»-ին հիմնական նպատակներէն է Հայաստանը վերածել ԱԲ-ի կեդրոնի:
Փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս ըսաւ. «Այսօր նոր սկիզբ մըն է Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու գործակցութեան համար: Ասիկա կը նշանակէ նոր շուկաներ եւ նոր աշխատատեղեր` թէ՛ ամերիկեան աշխատուժին եւ թէ՛ Հայաստանի համար: Այս չիփերը (chips), որոնք աշխարհի երկիրներու մեծամասնութեան մէջ պարզապէս գոյութիւն չունին, պիտի կիրարկուին Հայաստանի մէջ կառուցուող տուեալներու կեդրոններուն (data centers) մէջ»:
Նախագիծին ազդեցութիւնը
– Առաջին փուլ: Նախապէս յայտարարուած 500 միլիոն տոլարի ներդրումն էր, որ հիմքը դրաւ Հայաստանի առաջին բարձր արդիւնաւէտութեամբ ԱԲ հաշուարկային համակարգին:
– Երկրորդ փուլ: Կը հզօրացնէ ենթակառուցուածքը` թոյլ տալով գիտական հետազօտութիւններ կատարել կենսաբանութեան, ռոպոթաշինութեան, տիեզերքի եւ յաջորդ սերունդի ԱԲ ծրագիրներու մարզերուն մէջ:
Յատկանշականը այն է, որ այս հսկայական եւ կարեւոր ներդրումին ու զարգացումին ետին կանգնած են երկու հայորդիներ` Ռազմիկ Յովակիմեանն ու Ալեքսանտր Եսայեանը:
Հայաստան–Միացեալ Նահանգներ
Արհեստագիտութեան Եւ Նորարարութեան
Վեհաժողով Երեւանի Մէջ
Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ արհեստագիտութեան եւ նորարարութեան վեհաժողովը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, 10 փետրուար 2026-ին` Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանսի այցելութեան ծիրին մէջ: Վեհաժողովին մասնակցեցան հայ պաշտօնեաներ, ամերիկեան պատուիրակութեան անդամներ եւ երկու երկիրներու արհեստագիտական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ:
Վեհաժողովը կեդրոնացաւ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ արհեստագիտական գործընկերութիւնը ռազմավարական երկխօսութենէն դէպի համատեղ ծրագիրներու գործնականացում տեղափոխելու վրայ` շեշտելով, որ արհեստագիտութեան եւ նորարարութեան բնագաւառներուն մէջ յառաջընթացը կարելի չէ առանց միջազգային համագործակցութեան:
Հայաստանի արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարը նշեց, որ 2025 թուականի յունուարին ստորագրուած ռազմավարական գործընկերութիւնը ամուր հիմք կը ստեղծէ համագործակցութիւնը ընդլայնելու համար, իսկ արտաքին գործոց փոխնախարարը աւելցուց, որ արդէն իսկ կան ընթացքի մէջ եղող ծրագիրներ, որոնց նորերը պիտի յաջորդեն:
Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները, որոնց կարգին «Firebird»-ի հիմնադիրներ Ռազմիկ Յովակիմեան եւ Ալեքսանդր Եսայեան, խօսեցան արհեստագիտութեան եւ նորարարութեան կարեւորութեան մասին` իբրեւ տնտեսական աճի շարժիչ ուժեր, եւ բարձր գնահատեցին Հայաստանի ներուժը այս ոլորտին մէջ: Յայտարարուեցան նաեւ գործնական համագործակցութիւններ, որոնց շարքին` «Եութիուպ»-ի գործընկերային ծրագիրը` բովանդակութիւն ստեղծողները խրախուսելու նպատակով, ինչպէս նաեւ «Սթարլինք»-ի հետ համագործակցութիւնը` Հայաստանի 100 դպրոցներու բարձր արագութեամբ համացանց ապահովելու համար:
Վեհաժողովին յայտարարուած կամ քննարկուած հիմնական գործնական կէտերը հետեւեալներն էին.
1.- Արհեստագիտական համագործակցութեան ամրապնդում
– Շեշտուեցաւ ռազմավարական երկխօսութենէն դէպի իրական ծրագիրներու գործադրութիւն անցնելու կարեւորութիւնը` արհեստագիտութեան եւ նորարարութեան բնագաւառներուն մէջ:
– Վեհաժողովը նպատակ ունէր ընդլայնել համագործակցութիւնը Ամերիկայի կառավարութեան եւ ամերիկեան արհեստագիտական մեծ ընկերութիւններուն հետ` Հայաստանի մէջ արհեստագիտական զարգացումը արագացնելու համար:
2.- Արհեստագիտական ծրագիրներ եւ ներդրումներ
– Shield AI ընկերութիւնը կը համագործակցի Հայաստանի հետ անօդաչու թռչող սարքերու (օրինակ` V-BAT) բաղադրիչներու արտադրութեան եւ խելացի գործարկման համակարգերու զարգացման ուղղութեամբ` աջակցելով Հայաստանի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտին:
– Synopsys Armenia-ն ներկայացուց իր դերը կիսահաղորդիչներու եւ արհեստական բանականութեան նախագծման բնագաւառին մէջ` ունենալով ռազմավարական գործընկերութիւն NVIDIA-ի հետ եւ իրականացնելով լուծումներ անոր գծանկարչական մշակման միաւորներուն հիման վրայ:
3.- Ընկերային արհեստագիտական նախաձեռնութիւններ
– YouTube Partner Program (YPP) ծրագիրը այս գարնան պիտի գործարկուի Հայաստանի մէջ` բովանդակութիւն ստեղծող հայերուն կարելիութիւն տալով շահոյթ ստանալ իրենց աշխատանքէն եւ հասնիլ համաշխարհային լսարանի:
– Starlink-ը (SpaceX ընկերութենէն) տեսաուղերձով յայտարարեց համագործակցութեան մասին` Հայաստանի տարբեր շրջաններու 100 դպրոցներուն գերարագ համացանց տրամադրելու նպատակով` աջակցելով կրթութեան եւ թուային հաղորդակցութեան:
4.- Ապագայի տեսլական
– Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարը ներկայացուց տեսլական մը` Հայաստանը վերածելու «Արհեստական բանականութեան տուեալներու կեդրոններու հանգոյցի» եւ իրականացնելու մեծ ծրագիրներ համաշխարհային ընկերութիւններու հետ, ինչպիսիք են Dell-ը եւ NVIDIA-ն:
– Շեշտադրուեցաւ կայուն արհեստագիտական կենսահամակարգ մը ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը, որ կը ներառէ ընկերութիւններ, կառավարութիւն եւ միջազգային ներդրողներ, եւ ոչ միայն պաշտօնական յարաբերութիւններ:
5.- Տնտեսական համագործակցութեան կարեւորութիւն
– Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները հաստատեցին, որ արհեստագիտութիւնը եւ նորարարութիւնը հիմնական են տնտեսական աճի եւ կարելիութիւններու ստեղծման համար, եւ որ Հայաստանը ունի մարդկային ուժեղ դրամագլուխ եւ ներդրումներ ներգրաւելու մեծ, բայց տակաւին ամբողջութեամբ չօգտագործուած ներուժ:
Վեհաժողովին նպատակն էր խթանել երկու երկիրներուն միջեւ գործնական համագործակցութիւնը արհեստագիտութեան, նորարարութեան, պաշտպանութեան եւ հաղորդակցութեան բնագաւառներուն մէջ` միայն ռազմավարական քաղաքական երկխօսութեամբ սահմանափակուելու փոխարէն:


