Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական. Վահագն Խաչատուրեանի Այցելութիւնը Աթէնք Եւ Պետական Պարտաւորութիւնը Արցախի Հիմնահարցով

February 16, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ե­րեք­շաբ­թի, 17 ­Փետ­րո­ւա­րին, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Վա­հագն ­Խա­չա­տու­րեան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ պի­տի գտնո­ւի ­Յու­նաս­տան՝ հան­դի­պում­ներ ու­նե­նա­լու հա­մար երկ­րի նա­խա­գա­հին եւ պե­տա­կան բարձ­րա­գոյն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ ­Ժա­մա­նա­կագ­րա­կան ա­ռու­մով, այ­ցե­լու­թիւ­նը կը հա­մընկ­նի տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին լուրջ վե­րա­փո­խում­նե­րու, ու­ժա­յին հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րու վե­րա­ձե­ւա­ւոր­ման եւ մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու սրաց­ման փու­լին, ինչ որ ա­նոր կը հա­ղոր­դէ քա­ղա­քա­կան ի­մաստ, բայց նա­՛եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն։

­Հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ար­մա­տա­ւո­րո­ւած են պատ­մու­թեան խոր­քե­րուն մէջ։ Եր­կու քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ գո­յա­ցած քա­ղա­քա­կան, պատ­մամ­շա­կու­թա­յին, կրօ­նա­կան եւ տնտե­սա­կան շփում­նե­րը դա­րեր շա­րու­նակ ստեղ­ծած են վստա­հու­թեան եւ փո­խըմբռ­նու­մի հենք մը, ո­րուն վրայ կա­րե­լի է ընդ­լայ­նել ժա­մա­նա­կա­կից ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րու բա­րե­կա­մու­թիւ­նը պար­տի վե­րա­ծո­ւիլ լայն եւ խոր­քա­յին գոր­ծըն­կե­րու­թեան՝ ընդգր­կե­լով անվ­տան­գա­յին, դի­ւա­նա­գի­տա­կան, տնտե­սա­կան եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին գոր­ծակ­ցու­թեան ո­լորտ­նե­րու ա­ռա­ւել հզօ­րա­ցու­մը։

­Վեր­ջին 35 տա­րի­նե­րուն, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ­նե­րու այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը ­Յու­նաս­տան եւ յոյն պե­տա­կան ղե­կա­վար­նե­րու փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը ­Հա­յաս­տան հան­դի­սա­ցած են երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու շա­րու­նա­կա­կան զար­գաց­ման կա­րե­ւոր հանգրուան­ներ։ Այս հան­դի­պում­նե­րը ամ­րապնդած են քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թիւ­նը, շեշ­տա­ւո­րած են փո­խա­դարձ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը մի­ջազ­գա­յին հար­թակ­նե­րու վրայ եւ ստեղ­ծած են գոր­ծակ­ցու­թեան նոր ու­ղի­ներ։

­Ներ­կայ այ­ցե­լու­թիւ­նը պէտք է ըն­կա­լել որ­պէս ան­ցեա­լէն հաս­տա­տո­ւած շղթա­յի մը ու­ղեն­շա­յին եւ տրա­մա­բա­նա­կան շա­րու­նա­կու­թիւն։ ­Միա­ժա­մա­նակ­՝ա­ռիթ մըն է վե­րար­ժե­ւո­րե­լու մին­չեւ այժմ ար­ձա­նագ­րո­ւած ձեռք­բե­րում­նե­րը, սահ­մա­նե­լով ա­պա­գայ ռազ­մա­վա­րա­կան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը։

Այ­ցե­լու­թեան օ­րա­կար­գին մէջ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ տեղ պար­տի գրա­ւել Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցը։ Կ­՚ա­կըն­կա­լենք, որ ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը յոյն քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան առ­ջեւ ան­յա­պաղ եւ յստակ շեշ­տով պի­տի ներ­կա­յաց­նէ Ազրպէյճանի կող­մէ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին դէմ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած զան­գո­ւա­ծա­յին բռնա­րարք­նե­րը, ար­ցա­խա­հա­յու­թեան ամ­բող­ջա­կան վտա­րու­մը իր բնիկ հայ­րե­նի­քէն, պատ­մամ­շա­կու­թա­յին կո­թող­նե­րու հե­տե­ւո­ղա­կան ոչն­չա­ցու­մը եւ Ար­ցա­խի ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան ա­պօ­րի­նի դա­տա­վա­րու­թիւնն ու վճիռ­նե­րը։ Այս հար­ցե­րը կը վե­րա­բե­րին մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի հիմ­նա­րար սկզբունք­նե­րուն եւ չեն կրնար դի­տո­ւիլ որ­պէս «փա­կո­ւած է­ջեր» պաշ­տօ­նա­կան ­Հա­յաս­տա­նի ու իր դաշ­նա­կից­նե­րուն կող­մէ։

Ա­ռա­ւել հրա­տապ է Ար­ցա­խի ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան ու մնա­ցեալ հայ գե­րի­նե­րու ա­զատ ար­ձակ­ման հար­ցը։ ­Յու­նաս­տան, որ­պէս մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ար­ժէք­նե­րու պաշտ­պան եր­կիր, պար­տի այս հար­ցե­րը ար­ծար­ծել Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան եւ մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րուն մէջ։ ­Հա­յաս­տա­նի դի­ւա­նա­գի­տու­թեան խնդիրն է՝ այս ուղ­ղու­թեամբ ձե­ւա­ւո­րել հա­մա­կար­գո­ւած աշ­խա­տանք եւ ընդ­լայ­նել դաշ­նա­կից­նե­րու շրջա­նա­կը՝ հիմ­նո­ւե­լով փաս­տե­րու, ի­րա­ւա­կան փաս­տարկ­նե­րու եւ մի­ջազ­գա­յին պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու վրայ, որ­պէս­զի վե­րա­կանգ­նի ար­ցա­խա­հա­յու­թեան վե­րա­դար­ձի հիմ­նա­րար ի­րա­ւուն­քը։

­Խա­ղա­ղու­թեան օ­րա­կար­գը ­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սի մէջ կը մնայ ար­դիա­կան, սա­կայն ա­նոր ի­րա­կան բո­վան­դա­կու­թիւ­նը չի կրնար դի­տար­կո­ւիլ Ազրպէյճանի վտան­գա­ւոր եւ շա­րու­նա­կա­կան պա­հանջ­նե­րուն դի­մաց քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան ու անվ­տան­գա­յին զի­ջում­նե­րով, ոչ ալ ­Պա­քո­ւի բռնա­պե­տին ուղ­ղո­ւած «հան­րա­յին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րու» շռայ­լա­խօս ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով։

Ազրպէյճանի հետ խա­ղա­ղու­թեան հաս­տա­տու­մը հնա­րա­ւոր կը դառ­նայ միայն այն պա­րա­գա­յին, երբ ան ամ­բող­ջու­թեամբ յար­գէ իր մի­ջազ­գա­յին պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը Ար­ցա­խի հան­դէպ, դադ­րեց­նէ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին դէմ գոր­ծադ­րո­ւած ցե­ղաս­պա­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, ա­պա­հո­վէ գե­րի­նե­րու ա­զատ ար­ձա­կու­մը, վերջ տրո­ւի ­Պա­քո­ւի իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու շա­րու­նա­կա­կան հա­յա­տեա­ցու­թեան, միա­ժա­մա­նակ Ազրպէյճանի զի­նո­ւած ու­ժե­րը ան­յա­պաղ դուրս գան ­Հա­յաս­տա­նի ինք­նիշ­խան տա­րածք­նե­րէն՝ յար­գե­լով ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը։

­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը կանգ­նած է բարդ ընտ­րու­թիւն­նե­րու առ­ջեւ։ Ա­նոնք կը պա­հան­ջեն բծախն­դիր գնա­հա­տում, սկզբուն­քա­յին դիր­քո­րո­շում եւ դաշ­նա­կից­նե­րու հետ հա­մա­կար­գո­ւած գոր­ծակ­ցու­թիւն։ Այս ի­մաս­տով, ­Յու­նաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ու­նին ա­ռանձ­նա­յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն, քա­նի որ եր­կու եր­կիր­ներն ալ նոյ՛ն տա­րա­ծաշրջա­նէն ներս կը բա­խին անվ­տան­գա­յին մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու, կը դի­մագ­րա­ւեն հա­սա­րա­կաց վտանգ­ներ՝ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի խախ­տում­նե­րու եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ա­նո­րո­շու­թիւն­նե­րու սպառ­նա­լիք­նե­րուն դի­մաց։

­Վա­հագն ­Խա­չա­տու­րեա­նի այ­ցե­լու­թիւ­նը Ա­թէնք կրնայ ի­մաս­տա­ւո­րո­ւիլ որ­պէս քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան ու գոր­ծակ­ցու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն, ե­թէ ան ու­ղեկ­ցո­ւի յստակ ու­ղերձ­նե­րով, սկզբուն­քա­յին պա­հանջ­նե­րով եւ եր­կա­րա­ժամ­կէտ տես­լա­կա­նով։

­Հայ-յոյն ա­ւան­դա­կան բա­րե­կա­մու­թիւ­նը ու­նի նե­րուժ՝ վե­րա­ծո­ւե­լու ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կե­րու­թեան, որ պի­տի ծա­ռա­յէ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու անվ­տան­գու­թեան, կա­յու­նու­թեան եւ ար­դիւ­նա­ւէտ գոր­ծակ­ցու­թեան նպա­տակ­նե­րուն։

 

Նախորդը

Ակնարկ. Մինչեւ Յունիս 7-ը

Յաջորդը

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողներուն Եւ Աշխատակիցներուն
Անդրադարձ

«Ազդակ»-ի Ծննդոցը Եւ Առաջին Թիւը

March 5, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Միաբեւեռ Աշխարհի Չարիքը

March 4, 2026
«Արցախը Սոսկ Տարածք Չէ, Այլ Մեր Ազգային Պատիւի Չափանիշն Է, Իսկ Առանց Պատիւի Չկայ Խաղաղութիւն Եւ Չի Կրնար Ըլլալ Ապագայ», Հաստատեց Արա Պուլուզեան
Անդրադարձ

Ազատութեան Համար Պայքարի Ձայնը Երբեք Չի Լռում*

March 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.