Հայոց Լեզուի Ուսուցիչներս (1)
ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ Հայոց լեզուի առաջին ուսուցիչներս եղած են մայրս ու հօրենական մեծմայրս, որոնք, սակայն, անգրաճանաչ գեղջուկներ էին: Կրնայ հակասական թուիլ ըսածս, ուրեմն փութամ պարզել: Ես՝ իբրև հինգ զաւակներու վերջինեկ, աչքերս բացած եմ ընտանիքի մը մէջ, ուր կը խօսուէր երկու հայերէն՝ արդի աշխարհաբարը և բարբառ մը. այս վերջինը թրքախառն լեզու մըն էր, որ սեփականութիւնն էր մօրս և մեծմօրս. անոնք երկուքը ուրիշ...


















