Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ձօն՝ Դպրեվանքի Հիմնադրութեան 90 ամեակին. Մեր Դպրեվանքը

Յուլիս 31, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Առաջնորդ Ատրպատականի Հայոց Թեմի

Դպրեվանք:

Մէ՛կ բառ է Դպրեվանքը՝ անուն, հասցէ, վայր, ուղի, որոշում, նպատակ ու ինքնանուիրում արտայայտող: Այս բառին մէջ խտացած է ազգի մը եկեղեցւոյ ապագան, անոր զաւակներուն հոգեկրթման դասընթացքը, հոգեւորական կազմաւորման գործընթացը, որուն յաջող արդիւնքով կ՛աճի նոյն եկեղեցւոյ հաւատացեալներու հոգւոյն մէջ բուսած ծիլը հաւատքի, հոգեկան արթնութեան առաջնորդելով զանոնք:

Մէ՛կ բառ է Դպրեվանքը, սակայն ճառագայթող եւ շողարձակ, որովհետեւ երէկուան կայծին խայծը՝ այդ պարզանուն պատանին իր կարկամող լեզուով եւ թերի շարահիւսութեամբ, շուտով բոցի պիտի վերածուի անշէջ՝ Սուրբ Հոգւոյ եօթնարփեան շնորհքներով զարդարուած, ու ծաւալուելով հրդեհէ հոգիները, աստուածային պատուիրաններուն համարձակ քարոզութեամբ, մաքրելով հաւատացեալ հոգիները Աստուծոյ արքայութեան վայել բիւրեղութեամբ:

Մէ՛կ բառ է Դպրեվանքը, բայց ուսման ու գիտութեան վարար հոսքով անդադար ընթացող գետի նման, գիրի ու դպրութեան գլգլացող երաժշտականութեամբ, ուր շարականը, ժամն ու պատարագը, սրբութեանց հետ հաղորդութիւնն ու Աստուածաշունչի պատգամները ջուրի կենսունակութեամբ կը յագեցնեն նախ ուսանողին եւ ապա պապակ ժողովուրդին հոգին: Աւետարան, սկիհ ու խաչ, քշոց ու կերոն, բուրվառ ու կնդրուկ, պատանեկան տարիքի բազմաշեղ զբաղումներու սին ժամավաճառութիւնը ոտնակոխելով, հեռանկարային ուրուագծումներ կը տաջեն մատաղատի սրտերու դեռ փափուկ ու խտղտացող թաղանդին վրայ, հետագային անոնց իւրաքանչիւր բաբախումին հետ արիւն ներարկելու համար ազգի զաւակներու խոպան հոգիներու լայնարձակ դաշտերուն: Անթիլիասի Դպրեվանքի նոյն դուռէն դուրս եկան մարդիկ եւ դեռ կը շարունակեն գալ Պիքֆայայէն, բուրումնաւէտութեամբ շարժելու բուրվառներն իրենց զնգուն, ու նուագելու քշոցներն իրենց զնգզնգան, խորաններուն վրայ վեհ ու աստուածային: Նոյն դուռէն դուրս ելան եւ դեռ կու գան անոնք, բաշխելու հաղորդութիւնը աստուածաշնչեան պատգամին, 1700 տարիներու հնձանէն հոսող անապակ գինիի սկիհին մէջ թաթխելով նշխարհը բաղարջ, որ օծեալ ձեռքերով կը մատուցուի հոգիներուն ծարաւի, անոնց վէրքերուն միակ մխիթարութիւնն ըլլալով բալասանուած:

Մէ՛կ բառ է Դպրեվանքը, նաեւ մէ՛կ՝ իր նպատակով: Սան ու վանահայր, աշակերտ եւ ուսուցիչ, դպիր ու սարկաւագ, քահանայ եւ վարդապետ, հսկիչ ու տեսուչ սեւեռուած ունին իրենց արծուաբիբ հայեացքը հորիզոնին վրայ միագիծ, ուր արեւուն ելեւմուտքի  բոսորային հնոցին մէջ կը ձուլուի աշխատանքը կազմաւորման ընթացքին, հոգիներուն պարզ ու լերկ, հասնելու համար նպատակին՝ ամբողջական նուիրումին: Եկեղեցւոյ զանգին ղօղանջը ձայնեղ, առաւօտ թէ երեկոյ լեռներուն վրայէն գեղասահ արձագանգով կ՛իջնէ ցած, թրթռացնելու լարերը նորափթիթ հոգիներուն, որոնք շուտով վարպետ երաժիշտներ կը դառնան, Կոմիտասի ճպոտի շարժման յօժարակամ խոնարհեցնելով իրենց խրոխտ վիզը նորաբոյս:

Մէ՛կ բառ է Դպրեվանքը, բայց հասկ է լեցուն, իննսունամեայ գլուխով խոնարհ, խոհական, որու ձողունին վրայ իրենց նիզակներով կանգնած բանակի քաջարի զինուորները շուտով կ՛անդամագրուին զինուորեալ Միաբանութեան, երեսուն, վաթսուն եւ ութսուն քաջ գումարտակներով, մարտահրաւէրի սպասողական դիրքով, սկսելու իրենց ծառայական պայքարին: Ջաղացքի երկանաքարին տակ աղացուող իւրաքանչիւր հատիկը սակայն, հացաբոյր պարկին մէջ խտանալով հին ալիւրի սրբամաղ զանգուածին հետ, երկնանձրեւ եղեամով խմորելու է աւելի մեծ զանգուածները հաւատքի, տէրունական մարմնին պէս ընծայուելու համար զոհասեղանին:

Մէ՛կ բառ է Դպրեվանքը, որ 1930 թուականին արտաբերուեցաւ շրթներէն սուրբ ու մաքուր՝ տառապակոծ Հայրապետին՝ Տ.Տ. Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոսին: Նոյն բառը յոյսով երեքկնեցին Տ.Տ. Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոսն ու առաջին վերատեսուչը՝ Հայր Շահէն: Նոյն բառն էր որ թաւալեցաւ ու ծաւալեցաւ ձիւնագնդակի պէս, իննսունամեայ սահանքով դարձդարձիկ, առաքելութեան ուղին հարթելով իր առջեւ: Մեր ազգի ծառայութեան կարեւորագոյն բնագաւառներուն հասնելու իր մեծաթափ ընթացքին մէջ, ան չխնայեց նոյնիսկ ձիւնին մէջէն իրենց գլուխը ցցած տատասկներուն սրածայր, որոնք ճզմուեցան դէպի առաքելութիւն վազող աշխուժ ոտքերուն տակ շրջանաւարտներուն: Ուռճացած գործը անուրանալի փաստերով կը մեծարէ այսօր հիմնադիրներուն յիշատակը: Միաժամանակ նոյն գործին շարունակութիւնը ինքնին կը պատուէ զայն շարունակող բազմաթիւ անձերուն, մինչեւ ազգիս Հովուապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին անունը փառապանծ:

Մէ՛կ բառ է Դպրեվանքը, ձուլարանն այս վսեմ, ուր կաղապարի նոյն ամանին մէջ պիտի հոսի ոսկին հողախառն եւ անզուտ, մաքրուելով կոփուելու համար դաստիարակութեան մուրճին տակ, եւ ի վերջոյ մամլակի գլանէն անցնելէ ետք՝ գրեթէ ուղղած իր գլխաւոր թերութիւնները, պատրաստ պիտի ըլլայ յղկուելու քննադատութեան դաժան խարտոցով, իր վրայ ընդունելու  համար բարձրարուեստ փորագրութիւնը Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, որու ժամանակակից դրուագներուն անպայման մաս պիտի կազմէ ինքը՝ նորընծան:

Մէ՛կ բառ է Դպրեվանքը, բայց մե՛ր Դպրեվանքն է այն, իր իւրայատկութեամբ եւ հարազատ տան գուրգուրոտ միջավայրով սիրելի: Դասարանին, գրասեղանին ու գրատախտակին կերպարանափոխումը չի՛ կրնար անոր ոգիէն նուազեցնել դոյզն մասնիկ մը լոյսի: Սաներու արծաթափայլ երազներուն մարմին տուող աղօթքը երկնառաք, մշտաբարբառ մաղթանք է անոնց շրթներուն վրայ մեքենագրուող, որոնք կարճ ժամանակ ետք պիտի կնքուին ժողովրդային բարի վկայութեանց եւ դրուատիքի զմրուխտագոյն կնիքով: Այս վկայագիրը անգիր յատուկ վաւերաթուղթ է, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի շրջանաւարտ հոգեւորական սպասաւորներուն թէ աշխարհական գործիչներուն տրուող իբրեւ գնահատանք:

Մէ՛կ բառ է Դպրեվանքը, որ իր տարբեր սերունդներու շրջանաւարտները կը պահէ իրարու շղթայուած՝ «սիրտ ի սիրտ եւ ձեռն ի ձեռն» մէ՛կ օղակով ամրապինդ, աւելի սեղմելու համար մեր հոգեւոր ու մշակութային հարստութեանց պահպանութեան ու ծաղկման շուրջը երիզող ոսկեշղթան հայկական:

 

 

Նախորդը

Ձօն՝ Դպրեվանքի Հիմնադրութեան 90 ամեակին. Խորհէ Եւ Մտիր

Յաջորդը

Ո՞ւր Մնաց Միասնական Գրականութեան Գաղափարը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?