Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի Ծնէ Ճեմարանականներ

Յուլիս 29, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԹԻԿ  ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ

Այս պարզ, կարճ, սակայն բովանդակալից նախադասութիւնը լսած եմ Պէյրութի  Նշան Փալանճեան Ճեմարանի երախտարժան տնօրէն եւ կուսակցական ղեկավար՝ Հրաչ Տասնապետեանի հուսկ բանքի ընթացքին, 1972-ին,  աւարտական հանդէսին, ուր ներկայ էի հօրեղբօրս աղջկան՝ Սիլվային վկայուելուն առիթով:

Տասնապետեան երբ կը ներկայացնէր շրջանաւարտ սերունդը, յիշեց թէ ոմանք մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական իրենց կրթական բովանդակ տարիները Ճեմարան յաճախած են, ուրիշներ՝ մասամբ, կան սակայն ի ծնէ ճեմարանականներ, որոնց ծնողները այս դպրոցէն շրջանաւարտ եղած են:

«Ի ծնէ ճեմարանական», սիրեցի այդ տեսութիւնը, պահ մը այս տարազը  տանելով Հալէպ … Մեր  մօտ նման պարագայ դժուար թէ գտնուէր, Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը, նոր հասած էր իր արծաթեայ յոբելեանին:

Սփիւռքի կազմաւորման ընթացքին,  կրթական մարզը առաջնահերթ գործը հանդիսացաւ տարագիր ղեկավարութեան, 1928-ին Գահիրէի մէջ Համազգային Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կազմակերպութեան հիմնադրութենէն ետք, մեր դպրոցներու մշակները պատրաստող Ճեմարանները կենսական էին, հոս է որ Հայաստանի Հանրապետութեան այրերը՝ յանձինս Նիկոլ Աղբալեանի եւ Լեւոն Շանթի, Պէյրութի մէջ կրթական ամրոցի մը կերտումին ձեռնարկեցին:

Մուտքին մեզի հրամցուեցաւ Քառասնամեակի առիթով  լոյս տեսած գրքոյկ մը, նկատեցի որ Ճեմարանի առաջին շրջանաւարտներէն էր, Հալէպի հնագոյն դպրոցի՝ Ազգային Հայկազեան վարժարանի մեր տնօրէնը, երախտարաժան պրն. Փիլիպոս Դերձակեանը: Անոր տնօրէնութեան տարիներուն երբ աշակերտ էի, բախտաւորութիւն ունեցած ենք հայերէն լեզուի ուսուցիչի բացակայութեան պարագային վայելելու  իր ներկայութեանը: Յիշեցի իր կուռ բովանդակալից ներկայացումը մեր ոսկեղնիկին, հոս անդրադարձայ որ Աղբալեան – Շանթ զոյգին շունչը հասած էր նաեւ մեզի: Արդէն ՇՈՂԱԿԱՆ դասագիրքի կողքին, ունէինք Լեւոն Շանթի «ԳՐԱՒՈՐ ԴԱՍԵՐ»ը:

Պէյրութի Ճեմարանի շրջանաւարտներէն՝ Դամասկոսի մէջ Սարգիս Պէքերեանը ստանձնած էր Զաւարեան վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնը, իսկ Հալէպի Ազգային  Սահակեան վարժարանէն ներս ուսուցիչ էր, մեր երէց ընկերներէն Յակոբ Գասպարեանը:

1947-ին, բարեգործ Քարէն Եփփէի Նոր Գիւղի մէջ հիմնած որբանոց-այրիանոցի տարածքին վրայ, Զարեհ Սքանչելիի եւ Հրաչ Փափազեանի տեսիլքnերով կանգնեցաւ Ճեմարանը: Փոխադարձաբար անոր առաջին շրջանաvարտներէն՝  Երուանդ Փամպուքեանը, Եդուարդ Բատոյեանը եւ Յակոբ Պալեանը ուսուցչագործեցին Փալանճեան Ճեմարանէն ներս: Հոսքը շարունակեցաւ Պէյրութի կրթարաններու մէջ, այլ մշակներով, որոնցմէ են՝ Յասմիկ Նաճարեան, Երուանդ Տէմիրճեան, Յակոբ Սահակեան, Գեղանի Էթիեմէզեան, Սարգիս Կիրակոսեան, Հրաչ Պարսումեան եւ ուրիշներ:

Զուգահեռաբար՝ իննսուն տարիներու ընթացքին ակնառու է նաեւ, Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքին  դերը սփիւռքի վարժարանները  կրթական մշակներով օժտելու առաքելութեան մէջ:

1975 թուականի Յունուար ամսուան  երբ Հալէպի մէջ յոբելեանական աննախընթաց հանդիսութեամբ յիշատակուեցաւ Փալանճեան Ճեմարանի հայրենաւանդ աւագ ուսուցիչ՝ Մուշեղ Իշխանի վաթսունամեակը, մեծանուն գրագէտը այցելեց Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարան եւ հարցազրոյց մը ունեցաւ ուսանողական «Ծիլեր» պարբերաթերթի խմբագրական կազմին հետ:

Տարիներ ետք իմ տեսիլքս իրականացաւ, երբ զաւակներս «Ի ծնէ ճեմարական» վկայուեցան, Անին՝ 2003-ին եւ Գօգօն՝ 2007-ին: Հալէպի ճեմարանը իր շրջանաւարտներու բարձրակէտը  արձանագրեց մեծագոյն յունձքը՝ 146 շրջանաւարտ տալով,  1985 – 1986 կրթական տարեշրջանին:

Տասնիններորդ դարուն Արեւելեան կողմ աշխարհի բազմաթիւ ճեմարաններ հիմնուած են. Մոսկուայի Լազարեան Ճեմարանը՝ 1815-ին. Հնդկաստանի մէջ Կալկաթայի Մարդասիրական Ճեմարանը՝  1821-ին.  Թիֆլիսի Ներսիսեան Ճեմարանը՝ 1824-ին. Հայաստանի մէջ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը՝ 1874-ին:

Արեւմտահայ զանգուածին համար դարաւոր ներկայութիւն են՝ Կ. Պոլսոյ վարժարանները, ինչպէս նաեւ Խարբերդի ու Այնթապի երբեմնի Գոլեճները:

Միջինարեւելեան գաղթօճախները 1926-ին,, Կիպրոսի մէջ, ունեցան Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը, Հ.Բ.Ը.Մ-ը այսպիսով կը սկսէր համագաղութային վարժարաններու ցանցի մը հիմնումին: Մխիթարեան Հայրերը՝ Եւրոպայի սրտին վրայ Վենետիկի մէջ, 1836-ին արդէն կրթական առաքելութեան սկսած էին՝ Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանով, ապա բազմաթիւ կրթարաններ հիմնեցին սփիւռքի տարածքին:

Սփիւռքահայութեան կրթական առաքելութեան մէջ, դերակատար եղան նաեւ համայնքային եւ միութենական վարժարանները:

Համազգայինը ընդարձակեց ճեմարաններու ցանցը՝ հասնելով Մարսէյլ եւ Սիտնի: Նշան Փալանճեան Ճեմարանն ու Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանը, իրենց կրթական առաքելութեան առընթեր դարձան գաղափարական դարբնոցներ, պահանջատէր սերունդ մը պատրաստելով:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին (1975-1990) եւ Սուրիոյ մէջ 2011-ին, սկիզբ առած խռովութիւններուն, անապահովութեան, անգործութեան, համատարած աւերի եւ տնտեսական տագնապի պատճառով, այս զոյգ գաղութները մասամբ նօսրացան, թէեւ աշակերտութեան թիւը նուազեցաւ, սակայն տակաւին կանգուն կը մնան մեր Ճեմարանները եւ կը շարունակեն իրենց Մեսրոպեան առաքելութիւնը:

Ի ծՆԷ ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐ՝ այս խօսքէն անցած է կէս դար, անոնք ամէն տեղ են, ոմանք շրջանաւարտներու թոռներ նոյնիսկ ծոռեր ցրուած ի սփիւռս աշխարհի, անոնց հայեացքները ուղղուած են մայրիներու շուքին տակ կանգնած ու Հայոց մեծ արքայի Տիգրանի նուաճած Բերդին դրացնութեամբ՝ զոյգ Ճեմարաններուն, Արարատի գագաթներուն տեսիլքով ապրողներու նման:

 Ժընեւ                        

 

 

 

Նախորդը

Ձօն՝ Դպրեվանքի Հիմնադրութեան 90 ամեակին. Ուսումնամայր, Երախտապա՛րտ Եմ

Յաջորդը

«Առցանց Թէ Ֆիզիքական Ներկայութեամբ Ստեղծել Միջավայրեր, Ուր Արեւմտահայերէնը Կը Գործածուի Ինքնաբերաբար» Հաստատեց Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?