Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցը Հասաւ Դեղերուն…

Յուլիս 31, 2020
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԼԻԹ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

Միշտ հետաքրքրական եղած են «մաֆիա»-ներու պատմութիւնները. անոնք շատ մեծ տեղ գրաւած են ֆիլմերու եւ ֆիլմաշարերու մէջ՝ սկսելով «Ալ Փաչինօ»-ի «Սքարֆէյս»-էն եւ «Տը Կատֆատըր»-ի օրերէն, հասնելով այսօրուան նշանաւոր՝ «Լա Քասա Տէ Փափէլ»-ին եւ «Փիքի Պլայնտրզ»-ին:

Շատ աւելի հետաքրքրական պիտի ըլլան անոնք, երբ իսկական գետնի վրայ, Լիբանանի մէջ, անդրադառնանք վերջին ամիսներու ընթացքին տեղ գտած կարգ մը անհրաժեշտ վաճառանիւթերու գտանելիութեան դժուարութեան պատճառներուն: Խօսքս մանաւանդ այն նիւթերուն մասին է, որոնք կը վայելեն պետութեան հսկողութիւնը, այսինքն՝ սակի ճշդումը: Սակը ճշդել ըսելով հոս նկատի ունինք այն, որ, հակառակ շուկային մէջ լիբանանեան ոսկիի դիմաց ամերիկեան տոլարի փոխարժէքի բարձրացման, որոշ վաճառանիւթերու գիները կը հաստատուին Կեդրոնական դրամատան հաստատած պաշտօնական փոխարժէքին՝ 1515 լ.ո.-ի համաձայն: Այդ վաճառանիւթերէն են ալիւրը, մազութը եւ անշուշտ՝ դեղերը:

Վերջին քանի մը ամիսներուն լիբանանեան շուկայէն անհետացան կարգ մը սրտի դեղեր, որոնց շարքին են «Lasix»-ը եւ «Burinex»-ը, որոնք միզամուղ դեղեր են (diuretics), «Cordarone»-ը եւ իր փոխանորդը (generic), որ «antiarrythmic»-ներ են, եւ այլ դեղեր, որոնց բացակայութիւնը լրջօրէն կը վտանգէ հիւանդներուն կեանքերը: Նկատի ունենալով, որ սրտի հիւանդութիւնը առաջին մահացու պատճառն է աշխարհին մէջ, նաեւ ի մտի ունենալով յատկապէս ներկայիս Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական ծանր վիճակը եւ հիւանդանոցներուն կողմէ հիւանդ ընդունելու անկարողութիւնը, սրտի հիւանդութիւն ունեցողներուն մօտ մեծ տագնապ յառաջացուց դեղերու այս չգոյութիւնը։

Այս բոլորը պոռթկումին մղեցին սրտի բժիշկները, որոնք ամբաստանեցին դեղեր ներածող ընկերութիւնները՝ վերոյիշեալ դեղերու ներածումը դադրեցնելնուն համար: Այդ դեղերու ներածումը դադրեցուած էր անոնց աժան եւ  ոչ շահաբեր ըլլալուն պատճառով: Այս մէկը զարմանալի չէ, այլ տրամաբանական, քանի որ պատմութեան մէջ, դեղի շուկայի վրայ, դժբախտաբար շատ տեսած ենք նման երեւոյթներ, ինչպէս աժան դեղերու անհետացում՝ մինչեւ աւելի շահաբեր դեղերու ձեռքբերումը:

Իսկ դեղեր ներածող ընկերութիւններուն ինքնարդարացումը այն է, որ իրենց դրամագլուխները «բանտարկուած են» դրամատուներու մէջ, եւ հիւանդանոցները իրենց պարտքերը չեն փակեր: Այս վերջիններն ալ, իրենց կարգին, կը մեղադրեն ապահովագրական ընկերութիւնները եւ առողջապահութեան նախարարութիւնը,  որոնք չեն վճարեր իրենց պարտաւորութիւնները: Ուստի, լուծումը կը մնայ տեղական դեղեր արտադրող գործարաններուն ուժ տալու շրջագիծին մէջ, թէեւ անոնք ալ իրենց կարգին պիտի հանդիպին այլ դժուարութեան  մը՝ հում նիւթի պակասի։ Եւ այսպիսով, կը մտնենք անվերջանալի ոլորապտոյտի մը մէջ:

Այս բոլորը հաւանականութիւններ են, բայց ասոնց կողքին կայ նաեւ շատ զօրաւոր այլ հաւանականութիւն մը: Հաւանական է, որ ոմանք՝ պարպելով Լիբանանի դեղի պահեստները եւ օգտուելով 1$=1515 լ.ո. դրութենէն, մեծաքանակ դեղեր վերցուցած են շուկայէն եւ ամերիկեան տոլարով երկրէն դուրս ծախած՝ մաքսանենգութեամբ:

Գրութիւնս աւարտեմ հետեւեալ միտքով. ընդհանրապէս, երբ լիբանանցին նիւթական վնասի/դժուարութեան հանդիպի՝ կ’ըսէ. «Կարեւորը առողջութիւնն է», սակայն հիմա այդ ալ վտանգուած է լիբանանեան առօրեային մէջ…

 

 

Նախորդը

Լիզպոնի Անձնուրացները

Յաջորդը

21-րդ Դարու Նոր Պաղ Պատերազմը

RelatedPosts

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Օգոստոս 26, 2025
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Համահայկական 12-րդ Բանակումը
Զաւարեանական

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Համահայկական 12-րդ Բանակումը

Օգոստոս 26, 2025
Մհեր Ջուլհաճեանի Տիպարը
Զաւարեանական

Մհեր Ջուլհաճեանի Տիպարը

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?