ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան լարուածութիւնը, անկասկած, կը նկատուի ժամանակակից ամէնէն մտահոգիչ ռազմաքաղաքական վտանգը` Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք հաստատուած համաշխարհային Ամերիկեան միաբեւեռ համակարգին համար:
Հակառակ այն համոզումին որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի «Ամերիկան առաջ» քաղաքականութիւնը ծնունդ տուած է այս ծայրայեղ լարուածութեան, կրնանք վստահութեամբ հաւատալ, որ Ուաշինկթընի եւ Պէյճինկի միջեւ խնդիրները սկսան շատ աւելի առաջ: 2007 թուականին Չինաստան 18 առ հարիւրով բարձրացուց ռազմական իր ծախսերը, ինչ որ բաւական մեծ մտահոգութիւն յառաջացուց Ուաշինկթընի շրջանակներուն մէջ: Աւելի ուշ, 2010-ին, Չինաստան դարձաւ աշխարհի երկրորդ հզօրագոյն տնտեսական ուժը, իսկ 2012-ին՝ նախագահ Պարաք Օպամայի օրերուն, սկսան առեւտրական խնդիրները:
Ուաշինկթընի եւ Պէյճինկի մրցակցութիւնը տարածուեցաւ եւ բաժնուեցաւ բազմաթիւ մարզերու վրայ, ինչպէս՝ առեւտուր, արհեստագիտութիւն եւ նիւթական ներդրումներ: Չինաստան, Միացեալ Նահագներու նման, սկսաւ քաղաքական, դիւանագիտական եւ ռազմական իր ազդեցութիւնը տարածել աշխարհի զանազան երկիրներու վրայ:
Այս բոլոր խնդիրները, սակայն, ընդհանուր առմամբ մանրամասնութիւններ են ծածկելու համար բազմաթիւ հարցեր, ինչպէս՝ Հոնկ Քոնկի ինքնավար շրջանին կարգավիճակը, Հարաւային Չինաստանի ծովուն տիրապետութեան հարցը, ինչպէս նաեւ՝ տասնամեակներ շարունակ Համայնավար Չինաստանի աչքին փուշը դարձած՝ Թայուանի պետութեան գոյութիւնը:
Հոնկ Քոնկը ինքնավար շրջան մըն է Չինաստանի կազմին մէջ: Ան կը փորձէ պահել իր վայելած իւրայատկութիւնները, ինչ որ չինական կողմին համար կը նկատուի անընդունելի: Միացեալ Նահանգներ իր արտաքին քաղաքականութեամբ բազմաթիւ առիթներով շեշտած է, որ Ուաշինկթըն Հոնկ Քոնկի իրաւունքներուն կողքին է: Սակայն, նախագահ Թրամփի վերջին յայտարարութիւններէն մէկուն մէջ յստակօրէն պարզուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներ ջնջած են Հոնկ Քոնկի վայելած տնտեսական առաւելութիւնները:
Չինաստանի հարաւային ծովը լարուածութեան այլ դաշտ մըն է տնտեսական երկու հսկաներուն միջեւ, ուր, չինական կառավարութիւնը արհեստական միջոցներ օգտագործելով, շինած է կղզիներ եւ ռազմական կեդրոններ՝ տիրելու համար առեւտրական կարեւոր այդ շրջանին: Այս ընթացքը անընդունելի է թէ՛ Միացեալ Նահագներուն, եւ թէ շրջանի իր դաշնակիցներուն, որոնք մտահոգ են իրենց տնտեսական պայմաններէն եւ Չինաստանի կառավարութեան կայսերական հետագայ քայլերէն:
Պայքարի այլ դաշտ մը կը նկատուի Թայուանը, որ կը շարունակէ խանգարել «Մէկ Չինաստանի» գաղափարը: Տասնամեակներ առաջ, Չինաստանի համայնավար յեղափոխութենէն ետք, Թայուան կղզիին վրայ հաստատուեցաւ ժողովրդավար հանրապետութիւն մը, որ երկար տարիներ միջազգային ընտանիքին կողմէ ճանչցուեցաւ իբրեւ Չինաստան: Հետագային՝ համայնավարներու հզօրացումով, աշխարհին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ստիպուած եղաւ փոխել իր կեցուածքը: Միացեալ Նահանգներ եւ փոքրաթիւ այլ երկիրներ դիւանագիտական եւ տնտեսական իրենց յարաբերութիրնները պահեցին Թայուանի հետ: Ներկայ պայքարը յստակ է այն իմաստով, որ համայնավարները կ՛ուզեն տիրել Թայուանին, իսկ վերջինը կ՛ուզէ մնալ ժողովրդավար անկախ պետութիւն:
Պէյճինկ վերջին տարիներու իր հզօրացումը հիմնականօրէն կը պարտի իր նախագահ Շի Ճինփինկին, որ Մաօ Ցեթոնկէն ետք կը նկատուի Չինաստանի հզօրագոյն ղեկավարը: Շի Ճինփինկ ինքզինք հաստատեց իբրեւ Չինաստանի նոր կայսրը՝ ճզմելով իր իշխանութեան դէմ ներքին ամէն տեսակի ընդդիմութիւն եւ, սահմանադրական փոփոխութիւններու միջոցով, ապահովելով ցմահ նախագահ մնալու իրաւասութիւն:
Այսօրուան Չինաստանը իր հզօր նախագահին նախաձեռնած «Ճանապարհ եւ գօտի» ծրագիրով կը նպատակադրէ ստեղծել «մետաքսէ նոր ճամբայ» մը, որ պիտի նպաստէ երկրի տնտեսական գերիշխանութեան ամրապնդման՝ կեդրոնական, հարաւային եւ արեւելեան Ասիոյ, ինչպէս նաեւ Ափրիկէի երկիրներուն վրայ: Օրինակ մը կրնանք նկատել Ափրիկէի երկիրներուն պարագան, որոնք դարձած են Չինաստանի ամէնէն մօտ տնտեսական բարեկամները՝ ստանալով չինական փոխառութիւններ եւ իրենց երկրէն ներս ընդունելով չինական կրթական եւ մշակութային հաստատութիւններ: Այս յարաբերութիւնները կը ծառայեն Պէյճինկի շահերու ամրապնդման, յատկապէս Միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ: Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ Պէյճինկ կը վայելէ ափրիկէի երկիրներու քուէներուն մեծամասնութիւնը, ինչ որ 1976-ին իրեն իրաւունք տուաւ ՄԱԿ-ի մէջ ճանչուելու իբրեւ Չինաստանի միակ օրինաւոր ներկայացուցիչը:
Այս նոր պաղ պատերազմին լոյսին տակ պէտք է լրջօրէն անդրադառնալ Չինաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն: Ինչպէս գիտենք, 1972-ին, Միացեալ Նահանգներու այդ օրերու նախագահ Ռիչըրտ Նիքսըն եղաւ ամերիկացի առաջին նախագահը, որ այցելեց Համայնավար Չինաստան՝ Խորհրդային Միութեան դիմաց բանալով մտահոգութիւն պատճառող նոր խնդիր մը: Այժմ կը կրկնուի «Detente»-ի՝ լարուածութեան մեղմացման քաղաքականութիւնը, սակայն այս անգամ Ռուսիոյ հետ: Բնականաբար, Մոսկուան եւ Վլատիմիր Փութինը երբեք չեն ուզեր կորսնցնել իրենց քաղաքական ուժը եւ տնտեսական շահերը Ասիոյ եւ Եւրոպայի մէջ, որուն համար միակ միջոցը Միացեալ Նահանգներու հետ աւելի դրական յարաբերութիւններ ունենալն է: Այս յարաբերութիւններուն զարգացումը հիմնականին մէջ շատ դիւրին է՝ նկատի ունենալով, որ նախագահ Թրամփ եւ իր Հանրապետական կուսակցութիւնը բազմաթիւ առիթներով գնահատած են Փութինի մենատիրական վարչակարգը՝ զինք «հզօր ղեկավար» կոչելով:
Այս բոլոր շրջաններուն եւ երկիրներուն անդրադառնալէ ետք կ՛արժէ անդրադառնալ նաեւ այս նիւթին շուրջ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն կարծիքին: Ըստ «Pew Research Center»-ի կատարած հետազօտութեան, ամերիկացիներու 66 առ հարիւրը ժխտական մօտեցում ունի Չինաստանի հանդէպ, ինչ որ 20 առ հարիւրով աւելի բարձր է՝ քան 2005-ին կատարուած հետազօտութեան մը տուեալները: Բան մը, որ ցոյց կու տայ, թէ նոյնիսկ ժողովուրդը համաձայն չէ հզօր կամ մրցակից Չինաստանի մը գաղափարին:
Միացեալ Նահանգներ եւ Չինաստան աւելի քան 40 տարի վարեցին դրական յարաբերութիւններու վրայ խարսխուած քաղաքականութիւն մը՝ հիմնուելով միասնական շահերու եւ համագործակցութեան սկզբունքին վրայ: Սակայն, գաղափարական բաժանումները եւ անլուծելի խնդիրները այժմ պիտի ստիպեն, որ այս երկու հսկաները շարունակեն իրենց պաղ պատերազմը՝ այն հաւանականութեամբ, որ օր մը նաեւ երկուքին միջեւ կրնայ բացուիլ զինուորական եւ ռազմական ճակատ մը, ինչ որ պիտի վտանգէ ամբողջ աշխարհը եւ զայն դարձեալ բաժնէ մրցակից երկու պլոքի: