Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ձօն՝ Դպրեվանքի Հիմնադրութեան 90 ամեակին. Ուսումնամայր, Երախտապա՛րտ Եմ

Յուլիս 29, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի հիմնադրումի 90-ամեակը այսօր երեք թուականներ յուշեց ինծի, երբ «Հայ բանաստեղծութեան համացանց» կայքէջին վրայ կարդացի Աշոտ Գրաշիի (1910–1973) «Հայաստան աշխարհ» բանաստեղծութիւնը։

1973–1974 տարեշրջանի Դպրեվանքի մուտքի քննութեան յայտարարութեան վերահասու դառնալով, մայրս զիս Անթիլիաս կը բերէ։ Տարին մի քանի անգամ, դարձեալ մօրս առաջնորդութեամբ, Պուրճ Համուտէն Անթիլիաս եկած եմ` յատկապէս Ապրիլ 24-ի առիթով։ Այս անգամ կու գամ, մուտքի քննութիւնս յաջողութեամբ անցընելու պարագային, Անթիլիաս մնալու համար։

Դպրեվանքի սրահին մէջ, Տեսուչ Արտաւազդ Սրբազանը նախ հաւաքաբար կ՛ընդունի մեզ` խումբ մը մայրեր եւ տղաք։ Բարի գալուստի մի քանի ընդհանուր քաղցր խօսքեր լսելէ ետք, մեր մայրերը բակ կ՛ելլեն, իսկ տղաքս կողքի դասարանը կ՛երթանք եւ հոնկէ մէկ առ մէկ կը ներկայանանք Սրբազան հօր, նոյն սրահին մէջ։

Իմ կարգս կը հասնի։ Կը մտնեմ սրահ եւ ինքնավստահօրէն կը կանգնիմ Սրբազան Հօր դիմաց։ Ան ամէն դասանիւթի մասին կը հարցնէ ինծի. նոյնիսկ արաբերէն գիրքէ մը հատուած մը կարդալ կու տայ. աւելի ուշ պիտի իմանայի, թէ ան արաբերէն չէր գիտեր…։ Վերջապէս, «Պըճըլօ, երգ մը երգէ» կ՛ըսէ. եւ ես համարձակօրէն կը գոռամ «Հայաստան աշխարհ դու մեր կարօտն ես…»։ Սրբազանը ականջները կը գոցէ եւ կիսաժպիտով մտիկ կ՛ընէ։ Սրահէն դուրս ելլելէս ետք մայրս կը պատմէ, թէ երբ երգի ուժգին ձայնը բակը կանգնած մայրերուն կը հասնի` մէկը միւսը գերազանցելու մարմաջով իւրաքանչիւրը կը յարէ.- «Ի՛մ տղաս է»։ Մայրս կը վճռէ.- «Ո՛չ։ Ի՛մ տղաս է»։

Տասնհինգ այլ տղոց հետ կ՛ընդունուիմ Դպրեվանք, եւ ութամեայ ուսումնական շրջանի աւարտին` մեր դասարանէն միայն ես կը մնամ։ Ութը տարի, որուն հինգը Արտաւազդ Սրբազանին կարգապահ եւ մարդակերտ տեսչութեան տակ ապրելու բախտաւորութիւնը կ՛ունենամ, եւ կը սորվիմ որ Հայաստանի կարօտը Ապրիլ 24-ի կողքին նաեւ Մայիս 28-ով կը յագենայ ու Մաշտոցի հզօր լեզուն քրիստոնէական հաւատքին հայու ինքնութիւն կը պարգեւէ` Հայր Գէորգէն զատ այլ հոգեւորականներու տողանցքով։

1986–1987 տարեշրջանին մուտք կը գործեմ Վանգուվըրի համալսարանի աստուածաբանական բաժանմունքը։ Հարցաթերթիկ մը լեցնելու կը հրաւիրուիմ, ուր, այլ տուեալներու հետ, պէտք է նշեմ Alma Mater-ս` Ուսումնամայրս։ Կը գրեմ.- Armenian Seminary Catholicosate of Cilicia, Antelias-Lebanon։ Է՜հ, Անթիլիասը ո՜ւր, Վանգուվըրը ուր. Դպրեվանքը ո՜ւր, Vancouver School of Theology-ն ուր։ Բայց, մէկ իրականութիւն անջինջ կը մնայ. ո՛ւր որ ալ երթամ, ի՛նչ կրթարաններէ ալ անցնիմ, Դպրեվանքն է միակ ՈՒՍՈՒՄՆԱՄԱՅՐՍ։ Չափազանցած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ որ Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ աղօթած եւ Դպրեվանքի զանգակին ձայնը լսած իւրաքանչիւր թերաւարտ կամ շրջանաւարտ դպրեվանեցի նո՛յնը կը զգայ։ Դպրեվանքը միայն դպրանոց եւ վանք չէ. այլ` ստնտու մայր է, հոգիի եւ մտքի կազմաւորում ջամբող մայր։ Եւ ոչ ոք չի՛ կրնար –արտօնուած չէ– իր մօր հանդէպ ապերախտ ըլլալ։ Մենք –ես եւ սերնդակիցներս– որքա՜ն երջանիկ պէտք է համարենք մենք զմեզ, որ մեր մայրերուն ընկերակցութեամբ մեր Ուսումնամայրը առաջնորդուեցանք. 1930-ականներու տղաքը մայր եւ հայր չունեցան, որ զիրենք Դպրեվանք բերեր։ Չմոռնանք. Անթիլիասի որբանոցը մէկ օրէն միւսը Դպրեվանք չեղաւ։

2000-ին, Հռոմէն Պէյրութ վերադարձող օդանաւին մէջ, քովս կը նստի հայ երիտասարդ մը, որ կը պատմէ թէ ինք միայն երկու շաբաթ Դպրեվանքի սան եղած է. ան մայրը կարօտցած է եւ տուն վերադարձած։ «Բայց», կը յաւելու, «այս երկու շաբաթը բաւեց, որ երկու բան դրոշմուի նկարագրիս վրայ.- աղօթել եւ կարգապահ ըլլալ։ Չեմ կրնար մոռնալ ժամերգութիւնները եւ շարքի հրաւիրող Դպրեվանքի զանգակին ձայնը»։ Կեանքի ինչ ասպարէզ ալ ընդգրկած ըլլան, դպրեվանեցիներ մեծաւ մասամբ կը զատորոշուին իրենց նկարագրով, որովհետեւ աղօթքը եւ կարգապահութիւնը իրենց էութեան մաս կը կազմեն։ Դարձեալ չմոռնանք. աղօթական եւ բարոյական կեանքը առաւելաբար մեր մօրմէն` հայ մօրմէն –այս պարագային` Ուսումնամօրմէն– կը սորվուինք։

Ահաւասիկ երեք թուականներ, որոնք ուսումի եւ մօր անքակտելի կապը կը հիւսեն Ուսումնամօրս 90-ամեայ տարեդարձին, երբ անհամար դէպքեր (եկեղեցական արարողութիւններ, արտասանական մրցումներ, զուարթ երեկոներ, մարզական խաղեր, ամավերջի հանդէսներ) եւ անմոռաց դէմքեր (հոգեւորական եւ աշխարհական ուսուցիչներ, Հայ սփիւռքի զանազան հայմայնքներէն եկած ուսանողներ, Մայրավանքի պաշտօնեաներ, օտար եւ հայ հիւրեր) այցի կու գան ինծի` յիշեցնելու համար, թէ Դպրեվանքով նաեւ իմ եւ բազմաթիւ դպրեվանեցիներու արնոտ ու քարոտ ճամբաները ծաղկած են հոգեւոր-ազգային ծառայական ածուներու մէջ, եւ կայտառ սրտով ու պայծառ մտքով կը շարունակենք նպաստել մեր ազգի քրիստոնէական հաւատքի անմար պահպանումին եւ յաւիտենական փառապանծ երթին։

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Հայկական Ֆութպոլ. Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հավաքականը Սկսաւ Իր Մարզական Հավաքին

Յաջորդը

Ի Ծնէ Ճեմարանականներ

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Անդրադարձ

Հայոց Նոր Սուրբի Յիշատակին` Գոհաբանական Պատարագ Հարիսայի «Լիբանանի Տիրամայր» Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Նոյեմբեր 14, 2025
Թաքեր Քարլսըն Միլիոնաւոր Ամերիկացիներուն Դիմաց Կը Բացայայտէ Փաշինեանի Յարձակումը Հայոց Եկեղեցւոյ Վրայ
Անդրադարձ

Թաքեր Քարլսըն Միլիոնաւոր Ամերիկացիներուն Դիմաց Կը Բացայայտէ Փաշինեանի Յարձակումը Հայոց Եկեղեցւոյ Վրայ

Նոյեմբեր 14, 2025
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Անդրադարձ

Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի

Նոյեմբեր 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?