ՕՇԻՆ ՎՐԴ. ՉՈՒԱԼԵՐԹԱՆԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն
Քրիստոնէական կրօնքը լեցուն է դարձի եկած սուրբերով: Սուրբերու վարքերուն համաձայն, կը յիշուին իրարու ժամանակակից երկու Կիպրիանոսներ` Գ. դարուն ապրած։ Մէկը Արեւմուտքէն ափրիկեցի է, իսկ միւսը Արեւելքէն` անտիոքացի։ Այս երկու սուրբերը յաճախ շփոթի մատնած են բանասէրները. սակայն այսօր մենք պիտի խօսինք Տերտուղիանոսի աշակերտ՝ Կիպրիանոսի մասին։
Կիպրիանոս մականուանեալ Թասկիոս Կիկլէիոս, որ եղած է փիլիսոփայ, քաջ ճարտարախօս, մոգ եւ կուռքերու քուրմ, ինչպէս իր աղօթագիրքին մէջ ըսուած է, թէ ինք իր ծնողներուն կողմէ նուիրուած է չաստուածներուն. «Ծնողք իմ նուիրեցին զիս յուսումն դից՝ լինել պաշտօնեայ կռոց…»։
Սուրբը իր փոքր տարիքին արդէն իսկ ստացած է լաւագոյն ուսումը, որովհետեւ սնած ու մեծցած է հարուստ ու ազնուական ընտանիքի մը մէջ։ Անոր հօր անունը՝ Եդեսիա, իսկ մօր անունը՝ Կղոդիա եղած է։
Պատմութիւնը ինքնին կը վկայէ, թէ Կիպրիանոսը հասած է իմաստութեան բարձրագոյն մակարդակին ու գերազանցած կախարդներն ու մոգ պետերը։ Սակայն երբ կը տեսնէ Յուստիանէ կոյսը, որ քրիստոնեայ էր, գեղեցկութենէն հրապուրուած՝ կ’ուզէ անոր հետ ամուսնանալ։ Կոյսը կը մերժէ։ Կիպրիանոս ստիպուած բոլոր կախարդական ուժերը կ’օգտագործէ աղջիկը համոզելու համար։ Կոյսը՝ Աստուծոյ հոգիով ու զօրութեամբ զինուած, կը յաղթէ չարին։ Կիպրիանոս կ’անդրադառնայ դեւերուն տկարութիւնը՝ յանդիման խաչին զօրութեան, ու հաւատալով կը մկրտուի։
Տարբեր աւանդութեամբ մը մեզի հասած է, թէ ան քրիստոնեայ դարձած ու մկրտուած է Սիսիլիոսի միջոցով՝ 46 տարեկանին։ Սուրբը աշակերտեցաւ Տերտուղիանոսի, զոր «Վարդապետ» կը կոչէ իր գրութիւններուն մէջ։ 248-ին ընտրուեցաւ Կարթագինէի եպիսկոպոս։ Սուրբին գահակալութեան շրջանին իր գործին հիմնական նպատակը եղաւ ժողովուրդին սխալներն ու սովորութիւնները սրբագրել եւ մեղաւորները համոզել գտնելու համար աստուածային ճշմարիտ ուղին, ապրելու համար քրիստոնէավայել կեանք մը։
Սուրբը նահատակուեցաւ 257 թուականին Կարթագինէ քաղաքին մէջ, ինչպէս որ փափաքած էր։ Ան եղաւ առաջին նահատակ մարտիրոսը առաքեալներէն ետք։ Աւանդութեան համաձայն, իր նահատակութեան ժամանակ ուզեց, որ դահիճը քսանհինգ ոսկի դրամ ստանայ։ Ապա ծունկի գալով ինքնիր աչքերը պատանքեց, ձեռքերն ալ Յուլիանոս երէցը եւ Յուլիանոս սարկաւագը կապեցին, որմէ անմիջապէս ետք գլխատուեցաւ։
Այս պատմութիւնը շահեկան եւ օգտակար է, որովհետեւ իր մէջ կը բովանդակէ իտէալ եւ տիպար քրիստոնեայի մը կեանքը, թէ ինչպէս՝ մեղքի ճիրաններէն ազատելով, դարձաւ ջատագովը Ս. Երրորդութեան։
Սուրբ Կիպրիանոս նշանաւոր եղած է իբրեւ քաջ եւ իմաստուն հովիւ։ Ան իր բարեպաշտութեամբ, անձնուիրութեամբ եւ աղքատներուն հանդէպ իր սիրով, որոնց բաշխեց իր ընտանեկան ամբողջ հարստութիւնը, դարձաւ սիրելի բոլորին։ Ան հեղինակ է բազմաթիւ նամակներու՝ շուրջ 81 եւ մատեաններու. իր գործերը գրած է եպիսկոպոս եղած շրջանին։ Նշանաւոր է «Կիպրիանոս» աղօթագիրքը, որ ժողովուրդին կողմէ ճանչցուած ու տարածուած է։ Աղօթագիրքին մէջ կը գտնենք Աստուծոյ տիտղոսներն ու ստորոգելիները, աւելի քան 400 անուններ, որոնք գրուած են այբենական շարքով։ Աղօթագիրքը սկիզբ առած է Տէրունական աղօթքով, որուն կը յաջորդէ ժողովուրդին ծանօթ «Հաւատով խոստովանիմ»-ը։ Ապա կ’անցնի տարբեր աղօթքներու. օրինակ՝ դեւերու դէմ, պահպանութեան, զանազան բժշկութեան եւ աւետարանական հատուածներ։ Այս բոլորին կը յաջորդէ «Դարձ Կիպրիանոս Հայրապետին» բաժինը, որմէ ետք կը զետեղուի աղօթքներու շարք մը կրկին։ Աղօթագիրքը կ’աւարտի Քրիստոսի հրաշագործ արարքներու աղօթքով եւ Աստուծոյ գոհունակութեամբ։