Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիզպոնի Անձնուրացները

Յուլիս 31, 2020
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱՐՕՏ ԱԴԱՄԵԱՆ

«Մահ ոչ իմացեալ մահ է,
մահ իմացեալ՝անմահութիւն է»։
                                                        Եղիշէ

Վաչէ Տաղլեան, Սիմոն Եահնիեան, Սագօ Աբրահամեան, Արա Գըրճլեան եւ Սեդրակ Աճէմեան:

Վեհանձնութեամբ ու անկեղծութեամբ տոգորուած, ազատութեան բագինին միւռոնով օրհնուած, յեղափոխական աւանդներու տեսլականով թրծուած, ազգային ազատագրական պայքարի հաւատարիմ ու մանաւանդ խոնարհ մարտիկներ:

1897՝ Խանասորի արշաւանք։

1983 Յուլիս 27՝  գործողութիւն։

86 տարիներ ետք հայ ժողովուրդի պատմութեան փառահեղ էջերը անգամ մը եւս ողողուեցան Լիզպոնեան պատգամով, ծարաւ պայքարի դաշտը ոռոգուեցաւ սրբազան Խենթերու արեամբ:

Լիբանանի հայութեան ծոցէն ծնած, սակայն հայրենիքի եւ սփիւռքի հայութեան պաշտամունքի առարկան դարձած այդ տղաքը զաւակներն էին ժողովուրդի մը, որ թէ՛ տագնապալի օրերուն, թէ ազատութեան պայմաններուն մէջ գիտցան բռնակալին լուծը մերժել:

Լիզպոնի տղաքը համայն աշխարհին ցոյց տուին աղաղակող այն փաստը, որ ժողովուրդներու ազատատենչ կամքը կարելի չէ ընկճել:

Դո՛ւք՝ Լիզպոնի հերոսներ, ձեր գերմարդկային օրինակով ցոյց տուիք, որ ապարդիւն են հայկական արդարութեան ղօղանջը լռեցնելու բոլոր փորձերը: Հայրենիքի սէրը ձեզ նետեց պայքարի դաշտ եւ դարձաք ազատագրական պայքարի մշտավառ փարոսը ու ձեր մոլեգնած ազատագրական պայքարի անակնկալ այս պոռթկումով սարսափեցուցիք մեր թշնամի թուրքը:

Այսօր մեզմէ բաժնուած են մեր սրբազան Խենթերը:

Այսօր երեսուն եւ եօթը տարիներու հեռաւորութիւն մը կայ իրենց եւ մեր միջեւ:

Այսօր անոնք ներկայ են իրենց գործով եւ անընկճելի կամքով:

Այսօր՝ 37 տարիներ ետք, հայրենիքի սահմանապահ գիւղերուն մէջ թուրք-ազերիները դարձեալ կը փորձեն ոտնձգութիւններ կատարել, սակայն ապարդիւն, որովհետեւ մեր ժողովուրդին արեան մէջ ներարկուած են Լիզպոնի անձնուրացներուն քաջարի տղոց արիւնը:

Լիզպոնի տղաքը քաջ գիտեն, թէ Հայաստան եւ հայ ժողովուրդ բառերը անջատ չեն, երկուքը իրարու միաձուլուած եւ լրացուցիչ բառեր են, որոնք հայուն նկարագիրը, արժանապատութիւնը կը դրսեւորեն:

Սփիւռքի հայ երիտասարդը իր ուսերուն պէտք է բեռցնէ հայ ժողովուրդին տառապանքը՝ դառնալով անոր յաւերժ վշտակիցը:

Հա՛յը պիտի զոհուի ազատութեան բագինին վրայ եւ իր կեանքին անձնուէր օրինակով ներշնչման աղբիւր դառնայ գալիք սերունդներուն:

 

 

Նախորդը

«Հայրենիք»-ի Խմբագրական․ Հայ-Թաթարական Սփիւռքեան Բախումներ

Յաջորդը

Հարցը Հասաւ Դեղերուն…

RelatedPosts

Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Յուլիս 2, 2025
Հայապահպանումը Սփիւռքի Մէջ` Փոքր Գործեր, Մեծ Իմաստ
Զաւարեանական

Հայապահպանումը Սփիւռքի Մէջ` Փոքր Գործեր, Մեծ Իմաստ

Յուլիս 2, 2025
Եկեղեցի – Պետութիւն Փոխյարաբերութիւններու Ներկայ Իրավիճակը
Զաւարեանական

Եկեղեցի – Պետութիւն Փոխյարաբերութիւններու Ներկայ Իրավիճակը

Յուլիս 2, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?