ԱՄԱԼԻԱ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ
Պէյրութի պայթումէն, այդ ցնցումէն ետք մեր համայնքին համար, բնականաբար, հիմնական խնդիրը, ապրելու, գոյատեւման կամքի վերականգումն է: Պէտք է ըսել, որ մեր ժողովուրդին մօտ հիմա բացառիկ կերպով ինքզինք վերագտնելու, իր տան, բնակարանին, հաստատութեան հետ ըլլալու մթնոլորտը կը տիրէ: Այս մասին արտայայտուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` «Թերթ Էյ. Էմ.»-ի հետ զրոյցի պահուն, անդրադառնալով Պէյրութի աղէտէն ետք հայ համայնքի խնդիրներուն:
«Այսօր մեր հայկական բնակչութեան թաղամասերը մեղուի փեթակի նման են, ամէն մարդ կը փորձէ վերականգնել իր վնասները, ձեռնարկուած է մաքրութեան հսկայ արշաւ, ամբողջ համայնքը աշխատանքի մէջ է, միւս կողմէ մեր ընդհանուր մխիթարանքի մթնոլորտին մէջ կը գտնենք վիրաւորներու, նահատակներու կորուստի ցաւը», ըսաւ ան:
Յակոբ Բագրատունի նշեց, որ հայկական բոլոր կառույցները` եկեղեցիներ, դպրոցներ, ազգային առաջնորդարան, կուսակցական, միութենական հաստատութիւններ, բարեսիրական, մարզական միութիւններ, բժշկական հաստատութիւններ, որոնց խիստ մեծ կարիքը կայ այս օրերուն, ենթարկուած են հսկայական վնասներու: «Ընդհանուր պատկերը այս է, ուրախ ենք նաեւ, որ համայն աշխարհի հայութիւնը այս օրերուն ամբողջութեամբ մտահոգ է Լիբանանի մէջ կատարուած այս աղէտով եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ բարոյական, նիւթական թէ ապրանքատեսակի իմաստով:
Բացի մխիթարանքի խօսքերէն ուրիշ ոչինչ կրնանք ըսել այն ընտանիքներուն, որոնք նահատակներ ունեցան, առողջութիւն, բարի ապաքինում բոլոր անոնց, որոնք դեռ հիւանդանոցներու մէջ վիրաւոր են, կրնանք միայն ըսել, որ մեր կամքը զօրաւոր է, պէտք է մնանք այստեղ, դարձեալ պէտք է վերականգնինք իբրեւ լիբանանահայութիւն», շեշտեց ան:
Խօսելով վիրաւորներու եւ զոհերու մասին` Բագրատունի նշեց, որ երէկուան դրութեամբ զոհերը 12 էին, որոնց կարգին` մէկ մայրապետ: «Վիրաւորներու նախնական թիւը 250-ի մօտ էր, այսօր աւելի քան երեք հարիւր է, որովհետեւ առաջին գիշերուան դէպքին յաջորդող ժամերուն եղան նոր դէպքեր, որոնց հետեւանքով տակաւին իրենց տան մէջ մնացողներ անմիջական պէտք զգացին վիրաբուժական գործողութիւններու եւ աւելի ուշ` այլ օգնութեան: Դժուար է անմիջականօրէն բժշկական օգնութեան հասնիլ, որովհետեւ Պէյրութի երեք հիմնական հիւանդանոցներ ամբողջութեամբ անգործածելի դարձան, ստիպուած էինք վիրաւորները տեղափոխել մինչեւ հեռաւոր Պեքաայի շրջան կամ հիւսիսային Լիբանանի շրջաններ», յայտնեց ան: Այն հարցումին, թէ այս աղէտը կրնա՞յ պատճառ դառնալ հայկական զանգուածային գաղթի, նման մտադրութիւն կա՞յ` Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ բնական է` նման խուճապային եւ ցաւալի աղէտային մթնոլորտի մէջ մարդիկ ուզեն լքել երկիրը եւ հեռանալ: Ասիկա նկատուած է մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ, ուր որ ալ գտնուած ենք, Լիբանանի պատերազմի օրերուն, այնուհետեւ տնտեսական տագնապի, քաղաքական վերիվայրումներու օրերուն եւս, սակայն ես կը հաւատամ, որ այս անմիջական ցնցումէն ետք, երբ մարդիկ վերադառնան իրենց տրամաբանութեան եւ իրենց տունը, տեղը վերահաստատելու, վերակառուցելու, կացութիւն եւ կարելիութիւններ ստեղծուին, անոնցմէ շատ շատերը, որ պահու ազդեցութեան տակ կը մտածեն հեռանալ երկրէն, պէտք է երկրորդ անգամ մտածեն», ըսաւ ան:
Բագրատունի կարեւոր նկատեց այն հանգամանքը, որ եթէ այսուհանդերձ գտնուին մարդիկ, որ կ՛ուզեն արտագաղթել, իրենց ակնկալիքն է, որ այդ հայերը արտագաղթեն Հայաստան, եւ ոչ ուրիշ երկիր: «Բայց այդպէս կազմակերպուած, հաւաքական ընդհանուր արտագաղթի շարժում չկայ, նաեւ պէտք չէ մտածել նման շարժում ստեղծելու մասին, որովհետեւ վերջին հաշուով Մերձաւոր Արեւելքի մեր գաղութները ռազմավարական իմաստո՛վ են կարեւոր: Բացի ատկէ, հայրենադարձութիւնը պէտք չէ ըլլայ միայն տագնապի դէպքերուն բերումով կամ հայրենադարձութիւնը պարզապէս, եթէ ինչ-որ տեղ խնդիր, աղէտ ըլլայ, թշուառներու համախմբման փոխադրութիւն չէ, հայրենադարձութիւնը շատ աւելի խոր, շատ աւելի համազգային ընդհանրական գաղափար է, որուն վրայ բոլորս միասնաբար պէտք է աշխատինք», ընդգծեց ան:
Այն դիտարկման, թէ սփիւռքի հարցերով յանձնակատար Զարեհ Սինանեան յայտարարած է, որ բազմաթիւ լիբանանահայեր իրենց հետ նախապէս կապ հաստատած են Հայաստան վերադառնալու համար, տնտեսական ճգնաժամը, համավարակն ու հիմա այս աղէտը կ՛արագացնեն այդ գործընթացը եւ թէ հարցին որքանո՞վ այս մէկը կը համապատասխանէ իրականութեան` ան նշեց. «Շատ բնական է, որ Հայաստանի անկախութենէն ետք շատեր կը փափաքէին եւ գացի՛ն Հայաստան, այս մէկը բնական երեւոյթ է: Այո՛, նաեւ տնտեսական տագնապի ժամանակ մեկնեցան Հայաստան, բայց շատերն ալ չվերադարձան Լիբանան, շատեր Հայաստան մեկնեցան, ինչպէս շատ սուրիահայեր ու լիբանանահայեր, Հայաստանը օգտագործելով իբրեւ հանգրուան, որ այնտեղէն փոխադրուին Ամերիկա կամ եւրոպական երկիրներ»:
Ան նշեց, որ բազմազբաղութեան պատճառով չէ կրցած հետեւիլ Զարեհ Սինանեանի յայտարարութիւններուն, սակայն գիտէ, որ ան այս երեկոյ պէտք է հասնի Լիբանան: «Առիթ կ՛ունենանք այս հարցերուն մասին շատ աւելի խորքային իմաստով խօսելու անոր հետ: Մենք կ՛ակնկալէինք, որ պարոն Սինանեանը աւելի լաւ օրերուն գար Լիբանան, օրինակ` պարտականութիւնները ստանձնելու առաջին օրերուն, եւ ոչ թէ այսօր, որովհետեւ իբրեւ սփիւռքի հարցերով յանձնակատար կ՛ակնկալէինք, որ Լիբանանը, որ սփիւռքի ամէնէն կարեւոր գաղութներէն մէկն է, պէտք է ըլլար իր հոգածութեան առարկան», ըսաւ ան:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանէն սպասուող օգնութեան, Յակոբ Բագրատունի նշեց, որ գիտէ, թէ Հայաստանէն երեք օդանաւ պէտք է հասնի յառաջիկայ օրերուն: «Այսօր առաջինը պէտք է հասնի, երկրորդը` վաղը, անոնք օգնութիւն են, որ պէտք է յանձնուին Լիբանանի պետութեան, եւ որքան տեղեակ եմ, երրորդ օդանաւը լիբանանահայ համայնքին համար պիտի գայ: Բնականաբար, անհրաժեշտ են օժանդակութիւնները, նախ օգտակար է, որ Հայաստան նման օժանդակութիւն կատարէ Լիբանանի պետութեան, մանաւանդ որ մեր թշնամիները այս իմաստով շատ արթուն են ու շարժուն: Այսօր արդէն իսկ Լիբանան պէտք է ժամանած ըլլան Թուրքիոյ փոխնախագահը, Ազրպէյճան նոյն նախաձեռնութիւններուն մէջ է: Թուրքիա տարիներէ ի վեր նման օժանդակութիւն կը կատարէ, բնական է, որ Հայաստան այս մէկը կատարէ ոչ թէ իբրեւ հակադարձութիւն միւսներուն, այլ իբրեւ պատմականօրէն Լիբանանի բարեկամ երկիր: Ես կը յիշեմ, երբ Հայաստանի երկրաշարժը պատահեցաւ, Լիբանան զօրակցեցաւ աղէտեալներուն: Այսօր եւս վստահ եմ, որ այդ բարի կամեցողութիւնը կայ», ըսաւ ան:
Յակոբ Բագրատունի նշեց, որ այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ հասկնալի է մարդոց սրտի ցաւը, կսկիծը կը մղէ կատարելու շատ արագ օժանդակութիւններ, որոնք սակայն տասնեակներով կը կրկնուին եւ ի վերջոյ անօգուտ են: «Ընդառաջելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի կոչին` Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ հանգանակութիւններ կը կատարուին: Կը յուսամ, որ այդ մէկը իսկապէս կը նպաստէ մեզի, որովհետեւ միայն ուտեստեղէնի խնդիր չէ, խնդիրը անհատ մարդը ապրեցնելու եւ անհատ մարդը իր տան կապելու մէջ է», ըսաւ Բագրատունի:
Անոր համաձայն, հսկայ աշխատանք կայ, եւ նշեց, որ աղէտին յաջորդող այս սկզբնական օրերուն տակաւին անոր դժոխային ազդեցութեան տակ են եւ կը փորձեն առաւելագոյն ճիգով փրկել այն, ինչ որ կարելի է ներկայ պահուն, իսկ մնացած աշխատանքները լուրջ ծրագրաւորումի կարիք ունին: «Վաղն իսկ կը կազմուի աղէտի հետեւանքով այս կացութեան համար ստեղծուած միջհամայնքային, միջկուսակցական, միջմիութենական խորհուրդ նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդին եւ կը համակարգուի այս ամբողջ աշխատանքը», եզրափակեց ան: