Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցաւի Արձագանգ Մը Հեռուէն

Օգոստոս 8, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Աւերակ դարձած փողոցներ, փլատակ տուներ, արիւն եւ մոխիր…

Օր 3…Կ’արթննամ փորձելով հաւատալ, որ ցաւը հեռացած կրնայ ըլլալ քիչ մը …Իսկոյն տեղս կ’առնեմ համակարգիչին դիմաց եւ… Նոյն Լուսանկարները… Այսօր նորեր ալ կան…

Կը դիտեմ, կը սկսիմ նորէն երեւակայել այդ ամէնէն մարդաշատ փողոցները, ամէնէն բանուկ ճամբաները, որոնք հիմա աւերակ են ու փլատակ…

Մարդոց ցաւի ճիչերը լուսանկարներէն դուրս կ’ելլեն եւ կը հասնին ականջիս, կը լսեմ… ածխացած ու անշնչացած մարմինները… Արիւնլուայ դէմքերը… Յետոյ կը մտածեմ ընկերներուս, հարազատներուս… Նորային մասին… Նորային տունը ճիշդ հոն էր, Նորան ո՞ւր է հիմա: Շուտով կը յիշեմ, որ Նորան ըսաւ, վիրաւոր է, բայց լաւ է…Կը հանդարտիմ:

Ցաւը հետզհետէ կը ճնշէ թոքերս այնպէս, որ ինքզինքս բակը կը գտնեմ…Դեռ շունչ չառած Նորէն կը վազեմ համակարգիչիս…

Ի՞նչ գրեմ, ի՞նչ խօսիմ՝ «անցած ըլլա՞յ», «Վերջինը ըլլա՞յ»…Բայց ինչպէ՞ս անցած պիտի ըլլայ, միթէ կրնա՞յ այսքան արագ անցնիլ… Մահը աչքերով տեսած մարդուն, փլատակներէն ողջ ելած մարդուն, ի՜նչ տեսակ խօսք եւ արտայայտութիւն կրնան ամոքիչ ըլլալ…

Այս անգամ բան մը ըսել չկարենալու ցաւը կը սկսի տանջել զիս…Ցաւին հետ ցասումը, զայրոյթը… Շատ չէ՞, Աստուած իմ,  շատ չէ՞ այսքանը… Ամէն մէկ հարուած նախորդը մոռցնել կու տայ իր ահաւորութեամբ… Չի՞ բաւեր…Ինչքա՞ն դեռ կրնանք դիմանալ, մինչեւ ե՞րբ…Դեռ մինչեւ ե՞րբ…

Եւ ի՜նչ, եթէ մենք՝ հայերս, ունինք նորը շիներու, վերականգնելու, վերապրելու յատկութիւնները, կը նշանակէ, որ աղէտները եւ փորձանքները անպակա՞ս պէտք է ըլլան մեր գլուխէն, պէտք է այս յատկութիւնները անպայման գործածելու առի՞թ տրուի մեզի…Ունեցած չըլլայինք, թերեւս մեր փորձանքներն ալ քիչ ըլլային…

Կը դարձնեմ լուսանկարները…«Շաղզոյեան» կեդրոնն է, լիբանանահայութեան զարկերակը: Բոլոր յարկերը, սրահները, սենեակները, անցքերը… Ահա «Ազդակ»…Շատերու տուն դարձած այս յարկը, տարիներ ինծի ալ տուն դարձած է…Կը դիտեմ  լուսանկարները մէկ-մէկ, անկիւն-անկիւն, սեղանները, գիրքերը, փուլ եկած պահարանները, պատուհանները…Կը գոցեմ աչքերս…Չգար այս պահը ու չտեսնէի… Կը մտածեմ, լաւ է, որ աշխատանքային ժամ չէր…Պահ մը դող կ’անցնի մարմնովս, բայց շատ արագ կը փորձեմ հեռացնել երեւակայութենէս «եթէ ըլլար»-ը, որ չսոսկամ…

Կեանքը շարունակուելու է… Հաստատ գիտենք, որ ամէն բան պիտի վերականգնի…Ջուրի պէս սահուն սորված ենք եւ իւրացուցած ոտքի կանգնելու ունակութիւնը, ո՛չ խորհուրդի պէտք ունինք, ո՛չ ալ դպրոցի, որով փորձը միշտ վառ է մեր յիշողութեան մէջ… Սփիւռքահայ բոլոր գաղութներուն օգտակար դարձած, ձեռք երկարած, տասնամեակներ շարունակ խանդ ու կենսունակութիւն բաշխած լիբանանահայ համայնքը կը յաղթահարէ այս աղէտն ալ:

Ժամանակը միակ երաշխիքն է ցաւը մեղմացնելու, իսկ ցնցումը դեռ երկար հարուածելու է ամէն անգամ, երբ մարդ յիշէ եղածը…

Հիմա մէկ բան.

Տոկո՛ւն մնան Լիբանանն ու լիբանանահայ համայնքը…

Պի՛նդ մնան բոլոր ընկերներս, հարազատներս…

Ո՛ւժ անոնց, որոնք պատնէշի վրայ են…

Կրկնակի ո՛ւժ եւ քաջութի՛ւն մեր բոլոր ղեկավարներուն…

 

 

 

 

 

Նախորդը

Պէյրութը` Աւերակ, Արիւնլուայ Ու Սգաւոր

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Աւերներու Վերացման Ճիգերու Ծիրին Մէջ. ՀՅԴ ԼԵՄ-ականներ Եւ Ուարտիէի Սկաուտներ Մասնակցեցան Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Մաքրութեան Աշխատանքներուն

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?