Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Բոլորին Պէյրութը

Օգոստոս 10, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

2020-ի Օգոստոս 4-ն ալ պատմութեան անցաւ եւ համայն աշխարհի համար դարձաւ աւերակով, արցունքով, ցաւով եւ վիշտով խառնուած «յիշատակուող» նոր թուական մը: Եթէ կ’ուզէք, կրկին Հիրոշիման յիշեցնող եւ 21-րդ դարու սարսափազդու թուական մը:

Նոյն այս տխրահռչակ օրուան անսովոր տաք երեկոյեան, երբ քորոնայի պատճառով աշխարհէն կտրուած, պարտէզիս ծառերով զբաղուած էի, յանկարծ հայ դրացիս ցանկապատի միւս կողմէն, վէրք ստացող վայրի կենդանիի նման, ահաւոր ձայնով ճչաց:

-Հարեւա~ն, քո՛ Պէյրութը կործանուե~ց…«վառւումաա»…:

Անակնկալի եկայ: Այս մէկը ձայն չէր, այլ՝ բացականչութիւն, որ զիս շուարումի տարաւ: Չուզեցի հարցումներ ընել: Չէ՞որ, «իմ Պէյրութն» էր եւ ոչ՝ իրը: Իր «գիտցածը» այդչափ էր: Ուստի վայրկեա-նին ներս, տուն վազեցի, մտածելով, որ նման գոյժ մը «սփռելով», մարդուկը հաստատապէս «բաներ» մը ըսել ուզած էր: Անմիջապէս առանց ժամանակ կորսնցնելու, պատկերասփիւռի հայկական եւ տեղական կայանները իրար խառնելով, եղելութիւնը ստուգել փորձեցի ու միւս կողմէ ալ «այ ֆօն«իս վրայ «ֆէսպուք»ի կայքս փնտռեցի: Խառնաշփոթ իրավիճակ: Տակնուվրայութիւն ու մտահոգ քրտինք:

Վերջին՝ ամէն բան յստակ էր: Իրական էր: Սարսափելի նկարներ եւ տեսարաններ: Ուրեմն հարեւանիս բերնէն փրթած բացականչութիւնը, իրական էր: Մուխ-ծուխ: Հաշուած վայրկեան-ներու մէջ, Պէյրութի նաւահանգիստը աւերակի վերածուած էր: Կինս, շուտով միացաւ ինծի, դէմքին վրայ գաղտնի վախի մը հետ խառնուած փութկոտութեամբ: Անկասկած, որ մեր երկուքին յուշերը հազար թելերով մեզ կը քաշէին: Անոր համար միաժամանակ անոնց ջերմութիւնն ու յուզումը կ’ապրէինք:

Ու ամբողջ երեկոն եւ տակաւին գիշերուայ ուշ ժամերուն, էրիկ-կնիկ մեր դէմքերուն վրայ վախ ու զարմանք բռնած, ժամերով գամուած մնացինք, աշխարհի ամէն կողմերէն տեւաբար ցուցադ-րուած Պէյրութի նաւահանգիստի ահռելի պայթումի տեսաերիզին դիմաց: Շշմած եւ անխօս: Դիտեցինք, սարսափեցանք: Լսեցինք ու նոյնքան ալ տագնապեցանք: Տակաւին հոն՝ այդ քաղաքին մէջ երկուքս ալ հարազատներ ունէինք, անոր համար էր, որ մեր ձայներն ալ ինքնածին՝ ծանր բռնած էին:

Մտովի կ’անիծէինք «աս՝ ու ան»: Թէեւ քաղագէտներ չէինք, ոչ ալ քաղաքականութեամբ զբաղուող զոյգ, սակայն դրացիիս բացականչութիւնն ու հեռատեսիլէն վազող լուրերը, մեզ՝ զանազան եզրակացութիւններու դռները հասցուցած էին:

Ողբերգական եւ վշտալի:

Լիբանան եւ յատկապէս՝ Պէյրութ…արդէն ներկայի իր կեանքի հոլովոյթը երկար ժամանակէ ի վեր դժուարացած էր: Այսպէս, լեռնային տարածքներուն՝ մեծ հրդեհներ, օրուայ իշխանութեան զանազան դիրքորոշումներուն դէմ՝ շաբաթներու վրայ երկարող ցոյցեր, տնտեսական, քաղա-քական եւ ընկերային տագնապներ, սղութեան եւ անգործութեան մեծ ալիքներ, առաւել քորոնան, զինք հիւծած էին: Ու այս օր, ա՛յս աղէտը, իսկապէս, որ «աղ ու պիպեռ», ինչպէս սովոր է մեր ժողովուրդը ըսել:

Պէյրութ…: Կասկածէ դուրս է, թէ ան Սփիւռքեան մեր ամէնէն եռանդուն եւ օրինակելի գաղութն է, ուր այս օրերուն բոլորին երազները զարնուելով նշուած բազմազան այս դժուարութիւններուն եւ դժբախտութեան ալիքներուն՝ կը սպառնային խորտակել հայու մեր յոյսերը: Երկրի իրավիճակէն մեկնած, հոն ալ հայոց ներկայ պատմութեան անիւը սկսած էր ծուռ դառնալ եւ հիմա, աղէտը հասած էր դրան շեմին: Ու այս մէկը՝ ինքնին արդէն ճգնաժամ է…:

Աշխարհով մէկ՝ կը զգանք այս անիծեալ պատահարին ծանրութիւնը: Լուրջ եւ վտանգաւոր, կրկին ապրեցանք անօրինակ զգացումներու անժամանակ խառնուրդ մը: Եւ ինքնածին՝ հոսեցան մեր զգացական գետերը:

Արդ, ինչպէ՞ս ընդունիլ կեանքի այս ճշմարտութիւնը: Ինչպէ՞ս դիմանալ այս անստուգութեան:

Շատեր, շատ բաներ խօսեցան եւ տակաւին կը խօսին: Բառը ձրի է: Նոյնիսկ անոնց համար գաղութին վերջակէտը երեւցած էր: Բայց այդպէս չէ երբեք: Եթէ այս եւ նման դժբախտութիւններու դիմաց պակսած էր անոնց ազգային գիտակցութիւնը, ուստի պարտաւոր ենք միշտ անկեղծ ըլլալ ու նայիլ կեանքին, ապագայի աչքերով եւ գոցել տալ այդ չար բերանները:

Աղէտի յաջորդող ժամերուն իսկ ի յայտ եկաւ, ինչպէս միշտ, նաեւ այս անգամ ալ, թէ հոն տեսիլք ունեցող հաւաքականութիւն ունինք: Ղեկավարութիւն՝ հոգեւոր եւ քաղաքական, որ ունի լուծում ապահովող զարկերակ: Ունի հաւատք եւ հաւաքական ապրում ու նոր արշալոյսեր առաջնորդող որդեգրումներ: Պատիւ իրենց:

Ուրեմն…: Պէտք է դրական կերպով մասնակից ըլլալ եւ աջակից այս բոլորին: Չենք կրնար անտարբեր մնալ ու պարզ ականատեսներ՝ ամէնօրեայ այս քանդում-մաշումին: Պէտք է, հոն մեր հայրենակիցներու ապրելու եւ գոյատեւելու միջուկը ամէն միջոցներով բազմացնենք: Չենք ուզեր, որ գաղութը կորսնցնէ իր հեւքը:

Այո՛, բառը ձրի է ըսինք, եւ նոյնիսկ կորսնցուցած է իր խորհրդաւոր եւ լիարժէք իմաստը: Բայց եւ այնպէս այս օրերուն հռետոր խօսքերու ժամանակը չէ: Ճիշդ է, որ պայմաններն ու ժամանակները փոխուած են եւ իրականութիւնը ինչ անողոք է: Ճիշդ է, որ ազգային եւ քաղաքական պայքարի բանալին մեր միաբանութիւնն է: Բայց՝ բոլորիս հայ մարդու գիտակցութիւնն է էականը, որպէսզի հոն հայ մարդու երազը շարունակուի: Որպէսզի հո՛ն հայ հաւատքի թափը չկոտրի: Վերջապէս, վերանորոգուի եւ վերականգնի գաղութը: Որպէսզի գաղութի կենսունակութիւնը չցամքի:

Որովհետեւ հո՛ն, այդ ներկայի աւերակուած Պէյրութէն ներս մարդիկ,հայ մարդիկ լաւապէս գիտեն հայ մնալու գաղտնիքը: Ուստի զօրակցիլ է պէտք: Այս է ահա այս օրերու հրամայականը:

Մեր բոլորին պատասխանատու կեցուածքն է պէտք:

Ու նորութիւն մը ըսած չենք ըլլար եթէ յիշեցնենք, որ հո՛ն մեր այդ տառապեալ Գաղութը, ցարդ պահած է իր ազգային առաքելութիւնը, օրինակելի եւ նոյնքան ալ հայու վայել հարազատու-թեամբ:Դարձեալ հազարաւոր ձայներ մեզ կեանքի կը կանչեն: Տոկալ, սիրել եւ սրտբացօրէն նուիրաբերել:

Յիշենք՝ մեր գոյութիւնը միշտ մարտ եղած է, ուստի չենք կրնար ամէն բան պատահականութեան ձգել: Այս օրերուն պայման է, թօթափել մեր մտքերու մէջէն անտարբերութեան փոշին:

Մէկութեան զգացումը միայն քաղաքական արժէք չէ, այլ բարոյական եւ ազգային. ըսած եւ պատուիրած են մեր մեծերը:  Նոր եռանդ ամէն ճակատի վրայ, որպէսզի գաղութը իր կենսական դերը շարունակէ, աւելի վճռականութեամբ եւ խանդավառութեամբ:

Պէյրութ…Հէ~յ հարեւան, եթէ չես «իմանում» ըսեմ, որ Պէյրութը միայն ի՛մ եւ «քո՛ Պէյրութը» չէ՛, այլ մեր բոլորին Պէյրութն է, ու հաստատապէս ներկայ հայ Սփիւռքներու մեծագոյն բազկերակն ալ է: Ուստի, պարտաւոր ենք գիտակցիլ այս իրականութեան: Ներելի չէ միայն բառերով եւ զգացակա-նապէս շարժիլ: Ոչ:

Անտարբերութեան առաջքը առնել: Հետեւիլ յայտարարուած անմեղ եւ սակայն գիտակից կոչերուն: Ստեղծուած տագնապին սրտբաց մօտենալ: Լուծումներ որոնել, ու նուիրաբերել:  Բարեբախտաբար աշխարհի տարածքին, ունինք անհատներ, հաստատութիւններ, նուիրեալներ բարեսիրական եւ մարդասիրական միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, որոնցմով կ’ապրի նաեւ գաղութը: Նաեւ կ’ապրի հայ ժողովուրդով: Մէկ խօսքով ունին մենք զմեզ՝ իբրեւ հայեր:

Կը հաւատամ, որ մեր ժողովուրդը մեծ հրաշքներ կրնայ գործել:

Որովհետեւ նաեւ կը հաւատամ, որ յամառ ժողովուրդ ենք, չենք ուզեր մեռնիլ, անոր համար անպարտելի ենք: Անպարտելի ենք, այո՛, եթէ միակամ ենք, գիտակից եւ զոհաբեր ոգիի դրսեւորումով, սակայն նախապայման է, որ  հայութեան աղմուկէն չհեռանանք:

Էականը ականջ տալն է, վիրաւոր Պէյրութէն հասնող բոլոր կոչերուն եւ հին ու նոր ցաւերուն:

 

Նախորդը

Հեռաձայնային Խորհրդակցութիւն` Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Միջեւ

Յաջորդը

Սեւրի Դաշնագիրը Հայոց Ազգային Ուխտին Պատուանդանն Է

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?