Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Հայութիւնը՝ Սփիւռքահայութեան Անշէջ Հնոցը

August 8, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթիւնը արհաւիրքեան կացութեան մատնեց Լիբանանը եւ Լիբանանի ժողովուրդը։ Հարուածը Լիբանանի դէմ էր։ Հարուածին անմիջական թիրախներն էին երկրի քաղաքական կայունութիւնը, տնտեսական վերականգնումի ճիգերը եւ ժողովուրդի համերաշխ գոյակցութիւնը։

Ժամանակի կրնայ կարօտիլ պայթիւնին իսկական էութեան եւ պատճառներուն բացայայտումը։ Մինչ այդ, կարելի չէ միամտաբար հարցը վերածել պատահական արկածի եւ փակել էջը։ Եթէ կան մութ ուժեր այս արարքին ետին, անոնք պիտի փորձեն ամէն գնով շեղել ուղղութիւնը ճշմարտութենէն եւ ընթացող քննութիւնը առաջնորդել դէպի արկածի վարկածի եզրակացութեան։ Շատ դիպուկ է վիպասան եւ հետազօտող թղթակից Անտրէ Վիլչէքի մէկ նկատողութիւնը իր վերջին յօդուածին մէջ։ Վիլչէք կ՚արձանագրէ, թէ ըստ կարգ մը վստահելի ապահովական աղբիւրներու, «Հիւլէական հրթիռ մը հարուածեց նաւահանգիստի պահեստարանը։ Կարմիր մուխը պարզապէս վառելանիւթ էր»:

Հետեւաբար, Լիբանանի կառավարութեան պարտաւորութիւնն է ճիշդ ուղղութեամբ առաջնորդել քննարկումները, եւ անտեսել արտաքին թէ ներքին որեւէ տեսակի ու ձեւի ճնշումներ, որոնք կը միտին ծածկել պայթիւնին պատճառները կամ պայթիւնը պատճառող ուժերու ինքնութիւնը։

Այս հարուածը Լիբանանի դէմ էր։ Միաժամանակ հարուածը Լիբանանի հայութեան դէմ էր։ Լիբանանը վտանգող որեւէ հարուած նաեւ հարուած է Լիբանանահայութեան դէմ։

Տասնըհինգ տարիներէ ի վեր բացայայտ աշխատանք կը տարուի քանդելու համար մեր Միջին Արեւելեան գաղթօճախները։ Պուրճ Համուտը, Այնճարը, Հալէպը, Քեսապը եւ Գամիշլին միջնաբերդերն են մեր այս տարածաշրջանի գաղթօճախներուն։ Թաքուն չէ այդ ուժին ինքնութիւնը։ Այդ ուժը Թուրքիան է, որ շատ լաւ կը գիտակցի, թէ մեր Միջին Արեւելեան այս հայրենամերձ կորիզները ազգային, քաղաքական ու դիւանագիտական դարպասներն են Հայաստանին եւ Հայ Դատին։

Այսօր, Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարի գլխաւորութեամբ բարձր մակարդակի պատուիրակութիւն մը կը պատրաստուի Լիբանան այցելել։ Մարդասիրական օժանդակութեան պիտակին տակ, արդէն թրքական մակնիշեր կրող փաթեթներ կը հասնին Լիբանան։ Լիբանանի մէջ, ինչպէս Միջին Արեւելեան հայ գաղութներու միւս երկիրներու մէջ, թրքական ներկայութիւնը առաջին հերթին ուղղուած է հայութեան եւ Հայաստանին դէմ։

Ուստի, Լիբանանին ու լիբանանցիին կեղծ օժանդակութեամբ բարի տրամադրութիւնները ապահովելու թրքական որեւէ փորձ ուղղուած է Հայաստանին ու Հայ Դատին հանդէպ Լիբանահայութեան ցուցաբերած աներեր զօրակցութեան։ Լիբանանի հայութիւնը անճիտելու թրքական սադրանքին աղաղակող փաստն է այս։ Նպատակը Լիբանանեան գաղթօճախի հայաթափումն է, որպէսզի քանդուի Հայաստանի եւ Հայ Դատի հիմնական յենարաններէն մին։

Հիմա, Պէյրութի ահաւոր դէպքէն ետք, ոմանք կը խօսին հայրենադարձութեան մասին։ Կը խօսին Լիբանանահայութիւնը Հայաստան եւ Արցախ փոխադրելու մասին։ Որքան ալ հնչեղ ու սրտամօտ ըլլան այսպիսի կոչեր, պէտք է մտածել անոր թէ՛ ազգային օգուտին եւ թէ գործնականացումին մասին։ Անշուշտ, Լիբանանէն մեկնողներ – հայ թէ ոչ-հայ – պիտի ըլլան, ինչպէս եղած են անցեալին։ Բայց դէպի ո՞ւր, միայն իրենք գիտեն ու պիտի որոշեն։

Սակայն, պիտի ուզե՞նք կազմակերպուած ձեւով քանդել Լիբանանահայ մեծ գաղթօճախը։ Կրնա՞նք քանդել Պուրճ Համուտը, Այնճարը, Անթիլիասը եւ Լիբանանի մնացեալ հայ շրջանները։ Չե՛նք կրնար, իրաւո՛ւնք չունինք։ Ինչպէս չենք կրնար քանդել եւ իրաւունք չունինք քանդելու Սուրիահայութիւնը իր Հալէպով, Գամիշլիով, Դամասկոսով եւ Քէսապով։

Ինչպէս Միջին Արեւելեան միւս գաղթօճախներէն, Լիբանանի հայութեան Լիբանանէն հեռացումը՝ հոգ չէ թէ դէպի հայրենիք, ազգային անվտանգութեան կորուստի համազօր է։ Չկայ ու չի կրնար ըլլալ երկարատեւ Սփիւռք Եւրոպայի կամ Ամերիկաներու մէջ։ Մէջին Արեւելեան մեր գաղթօճախները ազգային, մտաւորական եւ մարտական աղբիւրներն են մնացեալ գաղութներուն համար։ Միաժամանակ, անոնք առաջին գիծի պատնէշներն են Հայաստանի, Արցախի եւ Հայ Դատի։

Մեր այս գաղութները աշխարհաքաղաքական, անվտանգութեան եւ ռազմավարական կռուաններն են Հայաստանին ու Արցախին՝ ընդդէմ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի։

Այս կռուաններուն սիրտը Լիբանահայութիւնն է։

Լիբանանահայութիւնը անշէջ հնոցն է Սփիւռքահայութեան։ Հոն կը կոփուին գաղափարներ, կը թրծուին նուիրեալներ, կը պարտասուին մտաւորականներ եւ շատ աւելին՝ բոլորիս համար – ո՛չ միայն Սփիւռքահայութեան ու Հայ Դատին համար, այլեւ Հայաստանին ու Արցախի համար։

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դէմ հայկական պաշտպանական թումբը կը տարածուի Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններէն մինչեւ Լիբանան ու Լիբանահայութիւն։

Կարելի չէ մարել Լիբանահայութեան հնոցի կրակը։ Հիմա ժամանակն է անոր բոցին մասնակից դառնալու։ Կարելի չէ ընկճել Լիբանահայութեան կամքը։ Հիմա ժամանակն է մեր միջոցներն ու կարողութիւնները անսակարկօրէն տրամադրելու իրեն։

Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, Լիբանահայութիւնը կը վերականգնի՝ ինչպէս միշտ։ Ան կը շարունակէ իր ազգային առաքելութիւնը՝ միշտ անշէջ պահելով իր հնոցը։

Լոս Անճելըս,
Օգոստոս 7, 2020

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (8 Օգոստոս 2020)

Յաջորդը

Պուրճ Համուտ. Թաղամասերու Մաքրութեան Եւ Ապակիներու Ու Քարակոյտերու Վերացման Աշխատանքը Կը Շարունակուի

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.