Գաղութէ Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Ուքրանիա Հայկական Խաչքարի Օծում Պերտեանսք Քաղաքին Մէջ Վերջերս Արեւելեան Ուքրանիոյ Պերտեանսք քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Ազմոլ շրջանին մէջ տեղադրուած հայկական խաչքարին օծման արարողութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Ուքրանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մարկոս եպս. Յովհաննիսեանի։ Սոյն օծուած խաչքարը դարձաւ ուքրանացի եւ հայ ժողովուրդներու անմեղ զոհերու յիշատակի խորհրդանիշը: Ուքրանիոյ հայերու միութեան գործադիր տնօրէն Յովակիմ Յարութիւնեան յայտնեց, որ յուշարձանին տեղադրումին նախաձեռնած է Պերտեանսքի...


















