Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քարոզիչի Սուրը

Սեպտեմբեր 24, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հ.Պ.

Թուրքիոյ կրօնական գործերու վարիչ Ալի Էրպաշ բարձրացաւ «Քիպիր Ճամիի Շերիֆ» վերանուանուած Այա Սոֆիայի մէջ կանգնեցուած հարթակ (մինպար) եւ քարոզեց՝ սուրի մը յենած: Խորհրդանշական ժեստը յաւելեալ վրդովմունք յառաջացուց:

Թուրք պետական աղբիւրներ «բացատրեցին», թէ ուրբաթօրեայ քարոզին սուրով դուրս գալու աւանդութիւնը սկսած է աւելի քան 7 դար առաջ, ուրեմն եւ արտասովոր երեւոյթ չէ: Այո՛, այդ ստոյգ է, սրակիր քարոզը հաստատուած է 14-րդ դարուն, թուրք զինուորական ծագում ունեցող Ֆիրուզ Շահ Թուղլուքի կողմէ … Տելհիի մէջ: Նկատել, որ Հնդկաստան իսլամական երկիր չէր: Նկատել նաեւ, որ հինտու կրօնքի հետեւողներ մինչեւ օրս հանդուրժողական տրամադրութիւն չունին այլ կրօններու հանդէպ:

Այստեղ հարցում մը կը ծագի: Եթէ սրակիր քարոզը օրինաչափ է, ապա ինչո՞ւ վաղուց դադրած է կիրարկուելէ: Պատասխանը այն է, որ Օսմանեան կայսրութիւնը վաղուց հողային տեղատուութեան մէջ է:

Սրակիր քարոզը կը կատարուէր այն շրջաններու մէջ, որոնք սուրի ուժով մտած են սիւննի իսլամ օսմանական իշխանութեան տակ: Սուրը պատկերաւոր յիշեցում է, թէ ի՛նչ կը սպասէ իրենց, եթէ յանկարծ հրաժարին նոր կրօնէն ( իսլամական բարբառով «իրթիտատ» ընեն – ետդարձ) եւ կամ որոշեն ձերբազատիլ նոր իշխանութենէն: Ինչպէս լուսանկարը ցոյց կու տայ, քարոզիչը սուրը ձեռնափայտի նման կը կրէ իր ձախ ձեռքով: Ի հարկին կրնայ փոխանցել դէպի աջ ձեռք … Սրակիր քարոզ չէր կատարուեր այն քաղաքներուն մէջ, որոնք առանց դիմադրութեան ընդունած էին իսլամական իշխանութիւնը: Պոլիս գրաւուած էր սուրով, ուրեմն Պոլսոյ մէջ սրակիր քարոզը օրին օրինաչափ էր:

Պատմական .-  Մզկիթներու մէջ հարթակներ կանգնեցուած են Օմայեան խալիֆայութեան շրջանին (661-749): Ինչպէս բոլոր թագաւորութիւններ, այդ իշխանութիւնը հիմնուած էր ժառանգական եւ արիւնակցական կապերու վրայ, այս պարագային կը պատկանէր Օմայեան արաբ պատերազմիկ ցեղախումբի աւագանիին (1) : Օմայեաններ մեծապէս ընդարձակեցին կայսրութեան սահմանները: Պարզ է, որ ընդարձակ կայսրութեան մէջ օտար, դաւադիր եւ թալանչի ընտրանին հպատակներու համակրանքը պիտի չվայելէր: Բացի այդ, նոյնինքն արաբ այլ ցեղախումբեր նոյնպէս դժգոհ էին ընտրանիի իշխանութենէն: Գոյ էր ե՛ւ ներքին իշխանութեան պայքար, ե՛ւ օտար անջատողական նկրտումներ:

Այս պայմաններու տակ, որպէս կրօնական քօղի տակ իշխանութիւնը ջատագովելու միջոց, հաստատուեցաւ բարձրադիր հարթակի վրայէն տրուող ուրբաթօրեայ քարոզը: Առաջադրանքը քաղաքական էր: Այս հանգամանքը կը շարունակուի մինչեւ օրս՝ այն տարբերութեամբ, որ այսօր գոյութիւն չունի ուղղափառ իշխանութեան մէկ կեդրոն: Թուրքիոյ մուֆթին կը նշանակուի օրուան կառավարութեան կողմէ: Պարզ է, թէ ի՞նչ կրնայ ըլլալ անոր դերը (2):

Սուրի մշակոյթը ունի աւելի հին պատմութիւն: Գիրքը կ՛ըսէ, թէ հարկ է պատերազմիլ Աստծու թշնամիներուն դէմ: Ուղղափառ հեղինակութիւն Պուխարի (810-870) իր «Ճիհատ» գիրքին մէջ ըսած է, թէ դրախտը կը գտնուի սուրերու հովանիին տակ: Առակը կ՛ըսէ, թէ երբ Սուլթան Մեհմէթ Բ. Պոլիսը գրաւելէ ետք սպասած է եւ ուրբաթ օրուան աղօթքի ժամուն միայն մտած է՝ ի հարկէ սուրը մէջքին: Տէրվիշ մը փորձած է նսեմացնել սուրի դերը եւ գոչած «Յաղթանակը դուն քեզ մի՛ վերագրեր, այս քաղաքը ինծի նման տէրվիշներու աղօթքին շնորհիւ գրաւեցիր»:  «Աղօթքը կարեւոր է»,  պատասխանած է սուլթանը, «բայց պէտք է սուրը պահել ձեռքին»: Թուրքերու կողմէ այս կը համարուի պատմական կտակ: Իշխանաւորներ ուրբաթօրեայ սրակիր քարոզներուն կը մասնակցէին իրենց մէջքին սուր կապած:

Չենք գիտեր, թէ այդ օր Էրտողան ի՞նչ ունէր իր մէջքի,ն բացի իր ֆութպոլիստ օրերէն մնացած ողնայարի ցաւէն, որ սաստկացաւ երբ ցած ինկաւ ըմբոստ ձիու թամբէն:

 

  1. Առաջին (Ռաշիտի) խալիֆաները Մէքքէյի վաճառական Քուրէյշ ցեղախումբի աւագանիին կը պատկանէին: Իշխանութիւնը հասկնալիօրէն զաւթեցին պատերազմիկները:
  2. Պատկերը նոյնն է շարք մը այլ երկիրներու մէջ: Ընդդիմադիր աղանդներ յաճախ կը բարձրաձայնեն այս մասին:
Նախորդը

Լանջ

Յաջորդը

Փոքրիկ Հայաստան (3)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?