ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
15 սեպտեմբերին Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցաւ Իսրայէլի հետ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Պահրէյնի յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնագիրներու ստորագրման արարողութիւնը: Համաձայնագիրները ստորագրեցին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա պըն Զայետ եւ Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար Ապտելլաթիֆ Զայանի: Այսպիսով, Իսրայէլը ճանչցած արաբական երկիրներուն թիւը բարձրացաւ 4-ի:
Համաձայնագիրները ստորագրողները իրենց խօսքերուն մէջ շեշտեցին, թէ այդ մէկը կարելի պիտի չըլլար առանց Թրամփի ջանքերուն, ինչ որ մտածել կու տայ, թէ պատմական զարգացումը առաջին հերթին նպաստաւոր է Թրամփի ընտրական շահերուն: Բայց եւ այնպէս, այդ «ձեռքբերում»-ին ամերիկեան ներքին քաղաքականութեան վրայ ազդեցութիւնը սահմանափակ է, որովհետեւ ամերիկեան հասարակութեան լայն զանգուածը ընդհանրապէս հետաքրքրուած չէ միջազգային քաղաքականութեամբ եւ «խիստ անտեղեակ» է հոն ընթացող հարցերէն:
Լրատուական միջոցներու լուսարձակները ստորագրութեան արարողութեան վրայ կեդրոնացնելը կրնայ նպաստել Թրամփի «խաղաղութիւն կերտող մարդ» ըլլալուն քարոզչութեան եւ անոր ժողովրդականութեան նշանակալից աճի առաջնորդել, սակայն միջազգային բեմին վրայ խաղաղութիւն հաստատելը ի՞նչ արժէք ունի, երբ իր երկրին մէջ խոր պառակտում, ցոյցեր, անկարգութիւններ ու բախումներ կան:
Արաբական Ծոցի երկու երկիրներուն հետ համաձայնագիր կնքելով Իսրայէլ կը մօտենայ Իրանի սահմանին` հակադարձելով Լիբանանի եւ վերջերս Սուրիոյ ճամբով` Թեհրանի իր սահմանին մօտենալուն: «Խաղաղութիւն հողի դիմաց»-ի փոխարէն «Խաղաղութիւն խաղաղութեան դիմաց» սկզբունքի վրայ հիմնուած համաձայնագիրի ստորագրութիւնը Իսրայէլի համար ձեռքբերում մըն է, մանաւանդ որ ատոր դիմաց ոչինչ զիջեցաւ: Յարաբերութիւններու հաստատման դիմաց Այսրյորդանանէն բաժիններու կցման իսրայէլեան ծրագիրի սառեցումը կարելի չէ զիջում մը նկատել, որովհետեւ կրնայ որեւէ պահու վերստին կեանքի կոչուիլ ու գործադրուիլ:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն ու Պահրէյնը` Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելով, դուրս եկան Սէուտական Արաբիոյ «միահեծան» ծածկոյթէն կախեալ ըլլալու ոչ նպաստաւոր վիճակէն եւ ունեցան այլընտրանք մը` իրենց անվտանգութեան համար յաւելեալ եւ առաւել հզօր աջակից մը: Անոնք նաեւ պաշտօնականացուցին ու ամրագրեցին վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուած այն պնդումը, թէ արաբական աշխարհի իսկական թշնամին Իրանն է, եւ ոչ թէ Իսրայէլը` այդպիսով դուրս գալով արաբ-իսրայէլեան պատերազմէն եւ զայն փոխարինելով արաբ-իրանեան` սիւննի-շիի հակամարտութեամբ:
Իսրայէլի հետ Մանամայի եւ Ապու Տապիի յարաբերութիւններու հաստատումը պիտի մղէ միջազգային պատժամիջոցներու եւ մեկուսացման ենթակայ Թեհրանը այդ քայլի հակակշռման համար իր տնտեսութեան կարեւոր շնչերակը եղող Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները ամրապնդելու:
Ինչ կը վերաբերի պաղեստինցիներուն, անոնք, թէեւ համաձայնութեան կնքումը Պաղեստինեան դատին դաւաճանութիւն նկատեցին, սակայն նոյնը ըսած էին երբ Եգիպտոսն ու Յորդանանը Իսրայէլի հետ նոյնպիսի համաձայնութիւններ կնքեցին: Վերջիններս, մանաւանդ Եգիպտոսը, հետագային այդ համաձայնութիւններուն շնորհիւ վերածուեցան պաղեստինեւիսրայէլեան հակամարտութեան կողմերուն միջեւ հաւաստի միջնորդներու: Նոյն դիպաշարն է, որ պիտի կրկնուի:
Համաձայնութիւններու կնքումը եւ արաբական աշխարհին մէջ համատարած ու զանգուածային բողոքի ցոյցերու բացակայութիւնը, «ականջ ծակող» ընդհանուր լռութիւնն ու անտարբերութիւնը եկաւ անգամ մը եւս վկայելու արաբ ազգայնականութեան նահանջին տարողութեան եւ թերեւս առաւել քան երբեւէ ձեւական մակարդակի վրայ ըլլալուն մասին: Արաբական պետութիւնները սկսած են, փոխան արաբական հաւաքական շահերուն, առաւել բացայայտ, անարգել ու համարձակ կերպով գործել` ըստ իրենց սեփական շահերուն:
Միջին Արեւելքը յղի է զարգացումներով. չի բացառուիր, որ արաբական այլ երկիրներ (կը խօսուի Օմանի, Սէուտական Արաբիոյ, Սուտանի եւ Մարոքի մասին) հետեւին Գահիրէի, Ամանի, Ապու Տապիի եւ Մանամայի օրինակին: Միջին Արեւելքը կ՛ուղղուի դէպի քաղաքական նոր ժամանակաշրջան մը եւ նոր կացութիւն մը, որ պիտի ունենայ հետեւանքներ ու արդիւնքներ, եւ որմէ պիտի ծնին առիթներ ու խաղի նոր կանոններ: