Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերա Եագուպեան. «Անհրաժեշտ Է Զսպել Թուրքիոյ Նկրտումները»

September 25, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան «Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները հաշուի առնելով` Հայաստան պէտք է աշխուժ կերպով աշխատի արաբական աշխարհին հետ` թէ՛ սեփական շահերը յառաջ տանելու, թէ՛ Թուրքիա-Ազրպէյճան հակաքարոզչութեան հակազդելու համար:

«Ընդհանուր առմամբ, արաբական աշխարհին հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու առումով, ըստ ինծի, Հայաստան թերացած է: Ասիկա տարիներ առաջ պէտք է կատարուէր, մանաւանդ որ ատոր համար կար պարարտ հող` այդ երկիրներուն մէջ հայկական համայնքները: Այսօր աւելի քան երբեք  Հայաստան զանազան ոլորտներու մէջ իր կապերը պէտք է սերտացնէ արաբական աշխարհին հետ` հակակշռելով Ազրպէյճան-Թուրքիա հակաքարոզչութիւնը», յայտնեց Վերա Եագուպեան:  Ան ընդգծեց, որ այսօր այդ տեսանկիւնէն Հայաստան որեւէ արգելք չունի` աւելցնելով, որ վերջերս Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի այցելութիւն տուաւ Եգիպտոս, ուր ունեցաւ բարձր մակարդակի հանդիպումներ: Այդ այցելութիւնն ու հանդիպումները դրական շեշտադրումով իրենց անդրադարձը գտան արաբական մամուլին մէջ:

«Կը կարծեմ, թէ շրջանին մէջ այս նոր ձեւաւորուող ճակատներուն վրայ Հայաստան պէտք է իր տեղը ունենայ, քաղաքական աշխուժ յարաբերութիւններով կարենայ սերտ կապեր ստեղծել արաբական գլխաւոր ճակատներուն հետ, որպէսզի հակակշռէ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հակաքարոզչութիւնը», յայտնեց Հայ դատի գործիչը: Ան նշեց, որ ասիկա կարեւոր է, մանաւանդ որ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հակաքարոզչութիւնը կը շարունակուի` ժամանակ առ ժամանակ տարբեր դրսեւորումներ ստանալով: Այժմ ալ ազրպէյճանական մամուլին մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած է այն տեղեկութիւնը` իբր թէ Հայաստանը, համագործակցելով քիւրտերուն հետ, վարձկաններ կը բերէ Ազրպէյճանի ուղղութեամբ յարձակումներ կազմակերպելու համար: Վերա Եագուպեանի համաձայն, իրականութեան մէջ նման քայլով փորձ կը կատարուի միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը շեղել այն տեղեկութիւններէն, ըստ որոնց, Թուրքիան բաւական կազմակերպուած աշխատանք տարաւ Սուրիայէն Ազրպէյճան եւ Լիպիա բազմաթիւ ահաբեկիչներ տանելու` խոստանալով դրամական պարգեւ:

«Թուրքիան կ’ընթանայ իր ծաւալապաշտական նկրտումներուն ուղիով` Միջին Արեւելք, արեւելեան Միջերկրական: Թուրքիան որեւէ միջոցի կը դիմէ, որպէսզի շրջանը ապակայունացնէ եւ իր հակառակորդները զբաղեցնէ կողմնակի կռիւներով: Այսպիսով, տարբեր միջոցներով այնպէս կ’ընէ, որ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը շեղէ իր իրական նպատակներէն», ըսաւ ան: Թուրքիոյ ծաւալապաշտական նկրտումները սանձելու առումով Վերա Եագուպեան մատնանշեց Եգիպտոսի, Յունաստանի, Կիպրոսի, Յորդանանի, Իտալիոյ եւ Իսրայէլի կողմէ շրջանային կազային ձեւաչափ հիմնելու նախաձեռնութիւնը: Ասիկա կը նշանակէ, որ այս պետութիւնները կը պատրաստուին կազմելու հակաթրքական ճակատ` փորձելով սանձել Թուրքիոյ ծաւալապաշտական ախորժակները:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Աքր Մասնակցեցաւ Պաապտայի Ապահովական Նիստին Եւ Այցելեց Այն Թինէ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վճարամիջոց-Մանրադրամի Պատրուակային Տեսութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վճարամիջոց-Մանրադրամի Պատրուակային Տեսութիւնը

November 9, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը  Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի  Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Կ՛ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Պաշտօնին Թուրքիոյ Առաջադրած Թեկնածուին

November 9, 2026
Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի  Մենաշնորհման Թղթածրարին Մէջ  Ուժի Կիրարկման Դիմելէ»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի Մենաշնորհման Թղթածրարին Մէջ Ուժի Կիրարկման Դիմելէ»

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.