Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Թուրք-Ազերիական Նո՛յն Ստորագրութիւնը

September 19, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կողքի սրահը հրձիգութեան մը զոհը դարձաւ եւ լուրջ վնասներու ենթարկուեցաւ հինգշաթի, 17 սեպտեմբերի կանուխ առաւօտուն:

Ո՛չ մէկ կասկած, որ ոճրային այս արարքին տակ կայ ստորագրութիւնը թուրքին ու ազերիին: Այդ ստորագրութիւնը աւելի բացայայտ տառերով արձանագրուած էր շուրջ 2 ամիս առաջ, երբ Ազգային Գռուզեան-Զաքարեան վարժարանի շէնքը նմանապէս գիշերով խափանարարութեան թիրախ դարձած էր. անոր պատերուն երեւցած էին Ազրպէյճանի դրօշակին գծանկարները, հայերուս ուղղուած վարկաբեկիչ խօսքեր ու հայհոյանքներ:

Թրքօ-ազերի ստորագրութիւնը «մենաշնորհը» չէ Սան Ֆրանսիսքոյի մեր օճախին: Անիկա աւելի քան երկու տարի առաջ երեւցած էր Լոս Անճելըսի հայկական երկու վարժարաններու` Ֆերահեանի ու Մարի Մանուկեան-Տեմիրճեանի շրջափակին մէջ: Վերջերս, անիկա հասաւ Փարիզ` պղծելով Ցեղասպանութեան իրողական զոհերէն` Կոմիտաս Վարդապետի յուշարձանը. անիկա շրջագայութեան ելած է նաեւ հայկական տարբեր օճախներու մէջ, գտնելով տարբեր արտայայտութիւններ, սակայն ծնունդ առնելով միեւնոյն ոճրային յղացքէն: Օրինակի համար, անիկա այլ «տառատեսակով» արձանագրուեցաւ այն ցոյցերուն, որոնք տեղի ունեցան ամերիկեան եւ եւրոպական քաղաքներու մէջ, Տաւուշի վրայ ազերիական յարձակումը դատապարտող հայ երիտասարդներու ցոյցերուն դէմ: Միեւնո՛յն ստորագրութիւնը կը կրէին Տաւուշի վրայ յարձակումը, թուրք-ազերիական միացեալ ռազմափորձը, աւելի քան 4 տարի առաջ տեղի ունեցած Ապրիլեան պատերազմը, հայ սպայի մը եւ Հրանդ Տինքի մը վատարի սպանութիւնները: Չենք կրնար մոռնալ Լիբանանի հայութեան ուղղուած` ցեղասպանութիւնը կրկնելու նորագոյն սպառնալիքները: Շղթան կ՛երկարի մինչեւ Պաքու ու Սումկայիթ, կը հասնի մինչեւ Ցեղասպանութիւն ու Համիտեան ջարդեր: Կարմիր շղթային օղակները անհատնում են: (Անիկա կ՛երեւի նաեւ հայկական շրջագիծէ դուրս` Սուրիոյ, Իրաքի եւ այլ երկիրներու մէջ, Թուրքիոյ աջակցութիւնն ու հովանին վայելող` «իսլամ ծայրայեղականներ»-ու կազմակերպած ջարդերով):

***

Հասած է պահը, երբ ճակատաբաց պէտք է յայտարարել, որ չենք կրնար բաւարարուիլ դատապարտումի, զօրակցական եւ վշտակցութեան խօսքերով: Այդ բոլորը ողջունելի են, գնահատելի են նաեւ հետապնդումի եւ հրձիգները քողազերծելու անկեղծ խոստումները: Այդ մասին ո՛չ մէկ խօսք, սակայն… «խօսքով ապուր չ՛եփիր»:

Իրաւունք ունինք ակնկալելու, աւելի՛ն` պահանջելու, որ սկսելով Սան Ֆրանսիսքոյի պետական ու ապահովութեան պատասխանատուներէն, անցնելով Քալիֆորնիոյ ու Միացեալ Նահանգներու բարձրագոյն իշխանութիւններէն, ու հասնելով մինչեւ աշխարհի ամէնէն ազդու հեղինակութիւնները, ամերիկեան, եւրոպական եւ ասիական ափերու վրայ, անցնին թրքական ու թրքատիպ այս արարքները դատապարտելէ անդին, գործնական քայլերու դիմեն Էրտողաններուն, Ալիեւներուն ու անոնց մեղսակից կամակատարներուն դէմ: Սա միայն հայութեան կամ անոր մէկ հատուածին դէմ ոճիր ու սադրանք չէ, այլ անիկա ուղղուած է ամբողջ հայութեան, ու անոր ճամբով` քաղաքակիրթ մարդկութեան դէմ, ինչպէս որ Արցախի ու Տաւուշի վրայ յարձակումները թիրախ ընտրած էին ամբողջ հայութիւնը, առանց վայրի ու քաղաքական պատկանելիութեան խտրութեան:  Պէտք ունի՞նք աշխարհին յիշեցնելու, որ նոյն ստորագրութեան տէրերէն` Էրտողան վերջին շաբաթներուն ասպարէզ կը կարդայ աշխարհին, կ՛անտեսէ իր աշխարհակալական ծրագիրները դատապարտողները, ինքնազսպումի կոչ ուղղողները:

Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի փոքրագոյն ոճիրներուն եւ մասնակի թուացող սադրանքներուն վրայ աչք փակելը, անոնց հետ այս կամ այն հաշիւն ու հին-նոր բարեկամութիւնները պաշտպանելը համազօր են անուղղակի մեղսակցութեան, ուղղակի քաջալերանքի: Մենք` հայերս, սկսելով Հայ դատի սպասարկուներէն մինչեւ կուսակցութիւններ, դիւանագիտական ցանց եւ Հայաստանի ու Արցախի պետութիւններ, տրամադիր չենք կուլ տալու նման լեղի դեղահատեր: Պէտք է կրկին ու կրկին յիշեցնենք բոլորին, աշխարհի մեծերուն գլուխները մրճահարենք անընդհատ, պահանջելով, որ թուրք-ազերիական նման ստորագրութիւններ պէտք է վերջ գտնեն, Էրտողաններն ու Ալիեւները, իրենց կամակատարներուն հետ, պէտք է ձերբակալուին, աշխարհը պէտք է ձեւը գտնէ ձերբազատելու նոր-հիթլերական ձգտումներ սնուցանողներէ, ի՛նչ ալ որ ըլլան անոնց երկիրներէն սպասուած` քարիւղաբոյր կամ ռազմական-ռազմավարական շահերը:

17 սեպտեմբեր 2020

 

 

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Պայմանաժամի Երկարաձգման Քաղաքականութեան Պատճառն Ու Պարունակած Վտանգները

Յաջորդը

Աւստրիական Ոստիկանութիւնը Կը Ձերբակալէ Սուրիայէն, Իրաքէն Եւ Թուրքիայէն 38 Ապօրինի Գաղթականներ Փոխադրող Բեռնակառքի Վարորդը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.