Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Պայմանաժամի Երկարաձգման Քաղաքականութեան Պատճառն Ու Պարունակած Վտանգները

Սեպտեմբեր 19, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Պէյրութի մէջ մեծ աւեր գործած 4 օգոստոսի պայթումէն ետք, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երկու առիթներով այցելեց Լիբանան եւ հանդիպումներ ունեցաւ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն հետ:

Մաքրոն Լիբանան իր այցելութեան ընթացքին նշեց. «Եթէ Ֆրանսան իր դերակատարութիւնը չկատարէ, լիբանանեան ներքին հարցերուն պիտի միջամտեն իրանցիները, թուրքերն ու սէուտցիները, որոնց տնտեսական ու աշխարհաքաղաքական շահերը հաւանաբար ի վնաս լիբանանցիներուն ըլլան»: Այն տպաւորութիւնը ստեղծելով, թէ ի տարբերութիւն նշեալներուն` ֆրանսական միջամտութիւնը պարզապէս Լիբանանի եւ լիբանանցի ժողովուրդին նկատմամբ սիրոյ արտայայտութիւն է, այլասիրական ու ոչ շահադիտական է եւ զուտ բարեգործական նպատակներու համար: Իրողութեան մէջ անիկա կապ ունի Ֆրանսա-Թուրքիա պարանաձգութեան հետ:

Իրադարձութիւնները` Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիանի, նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ պաշտպանութեան նախարար Ֆլորանս Փարլիի Լիբանան իրերայաջորդ այցելութիւնները, պաշտօնական հանդիպումները, Մաքրոնի այցելութեան առիթով քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու ֆրանսական դեսպանատան մէջ համախմբումն ու նոր կառավարութեան կազմութեան եւ քաղաքական նոր ուխտի մը ձեւաւորման հարցերով ֆրանսական նախաձեռնութիւնները ցոյց կու տան, թէ լիբանանեան կացութեան կարգաւորումը իր նախագահական ընտրութեան օրակարգով զբաղած ամերիկեան կողմի օրհնութեամբ վստահուած է Լիբանանի «Գթասիրտ մօր»:

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի «առաքելութիւնը» մէկ ակներեւ երեւոյթն է արեւելեան Միջերկրականի շրջանին մէջ ֆրանսական աշխուժացման, որուն դրդապատճառը թրքական վտանգն է: Պատահական չէր, որ երբ Թուրքիան 4 օգոստոսի պայթումէն անմիջապէս ետք առաջարկեց վերանորոգել Պէյրութի նաւահանգիստը, Մաքրոն շտապեց Լիբանան այցելելով փակել Անգարայի ճամբան եւ այդպիսով շուքի մատնեց իր այցելութենէն երկու օր ետք` 8 օգոստոսին Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուաթ Օքթայի եւ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի Լիբանան այցելութիւնը: 14 օգոստոսին ֆրանսական ծովուժի ուղղաթիռակիր «Թոներ» մարտանաւի` Պէյրութի նաւահանգիստ հասնիլը այդ ուղղութեամբ ֆրանսական յստակ պատգամ մըն էր Անգարային, սակայն ոչ միայն անոր: Մարտանաւին ժամանումով շեփորուող ֆրանսական պատգամը աւելի քան յստակ էր. «Բոլորդ ե՛տ կանգնեցէք, Ֆրանսան է լիբանանեան թղթածրարին տէրը»: Բայց եւ այնպէս, խաղը տակաւին չէ աւարտած…

Մաքրոն «Ֆրանսական նախաձեռնութեան» ծիրին մէջ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն 15 օրուան պայմանաժամ ճշդած էր կառավարութիւն կազմելու: Այդ պայմանաժամը, սակայն, չորեքշաբթի, 16 սեպտեմբերին աւարտեցաւ եւ երկարաձգուեցաւ 24 ժամով, ապա երրորդ անգամ ըլլալով երկարաձգուեցաւ, այս անգամ մինչեւ կիրակի, 20 սեպտեմբեր: Երկարաձգումներ, որոնք կը վտանգեն Ֆրանսայի եւ անոր նախագահին վարկը: Իրողութիւն մը, որ առաւել քան յստակ կերպով ցոյց կու տայ, թէ ֆրանսական կողմը մեծ գրաւ դրած է իր նախաձեռնութեան յաջողութեան վրայ եւ ամէն ջանք ու ճիգ կը թափէ եւ ռիսքի կը դիմէ փրկելու համար զայն` քաջ գիտնալով, որ ատոր ձախողութեան գինը շատ սուղ է: Ահա թէ ինչու, հակառակ այն իրողութեան, որ լիբանանեան թղթածրարը յանձնուած է Ֆրանսայի արտաքին հետախուզութեան ղեկավար, Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի նախկին դեսպան Պեռնար Էմիէի, Մաքրոն ուղղակիօրէն ձեռնամուխ կը դառնայ «Ֆրանսական նախաձեռնութեան» առաջին կէտին` կառավարութեան կազմութեան իրագործման առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման ջանքերուն: Պէտք է նշել, սակայն, որ երկարաձգումի քաղաքականութիւնը առաւել եւս կը բարձրացնէ ձախողութեան սուղ գինը, որմէ ֆրանսական կողմը իրաւամբ կը զարհուրի:

Արդէն իսկ շրջանառութեան մէջ դրուած է տեղեկութիւն` կառավարութեան կազմութեան պայմանաժամի մինչեւ յառաջիկայ չորեքշաբթի օր երկարաձգման մասին: Սակայն յստակ է, թէ այս երկարաձգման քաղաքականութիւնը չի կրնար անվերջ շարունակուիլ. Փարիզ կրնայ ի վերջոյ ստիպուիլ «անձեռոցը նետելու», ինչ որ մեծ աւետիս մը պիտի ըլլայ անոր անմիջական հակառակորդին` Թուրքիոյ համար, որ ախորժակը սրած կը սպասէ, բնականաբար նաեւ հաւանաբար գաղտագողի կ՛աշխատի «Ֆրանսական նախաձեռնութիւն»-ը ձախողցնելու եւ ատոր տեղ  առաջարկելու թրքականը կամ իր շահերուն նպաստաւոր մէկ այլ առաջարկի մը աջակցելու համար:

 

 

 

 

Նախորդը

Նախագահ Յարութիւնեան Ընդունած Է Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Նշմար. Թուրք-Ազերիական Նո՛յն Ստորագրութիւնը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?