Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Փոքրիկ Կիպրոսի Մեծ Փոթորիկը

Սեպտեմբեր 22, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Այն օրը, երբ Հայաստան ու անոր հետ ամբողջ հայութիւնը անխառն հպարտութեամբ կը տօնէին մեր հայրենքի վերանկախացման 29-րդ տարեդարձը, անդին, փոքրիկ Կիպրոսը մեծ փոթորիկ ստեղծեց Եւրոպայի Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին, վեթօ դնելով Պելորուսիոյ շուրջ 40 իշխանաւորներու դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու բանաձեւի մը դէմ, յայտարարելով, որ նման քայերու մէջ, եւրոպական համայնքը պէտք է ըլլայ հետեւողական եւ պատժամիջոցներ որդեգրէ նաեւ Թուրքիոյ դէմ, նկատի ունենալով Միջերկրականի արեւելեան գօտիին մէջ անոր շահատակութիւններն ու ոտնձգութիւնները: Կիպրոս 18 Յուլիսին թուրք պաշտօնատարներու դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու բանաձեւ մը ներկայացուցած է Եւրոպական Միութեան, սակայն մնացած է անպատասխան:

Կիպրոսի բնակչութիւնը Եւրոպական Միութեան երկիրներու ընդհանուր բնակչութեան հազիւ 0.2 առ հարիւրը կը կազմէ. այս միութեան օրէնքներով, նման բանաձեւ չի կրնար որդեգրուիլ, եթէ միաձայնութիւն չգոյանայ: Եւ ահա, պզտլիկ Կիպրոսը, որ կ’ըսէ, թէ Լուկաշենքոյի եւ անոր գործակիցներուն դէմ պատժամիջոցներու գաղափարին դէմ չէ, Կիպրոսը՝ որ բարեկամական կապեր ունի Լուկաշենքոյի թիկունքին կանգնող Ռուսիոյ հետ, եւ սա այն Ռուսիան է, որուն հետ Թուրքիա կը ձեւացնէ բարեկամութիւն եւ մերձաւորութիւն խաղալ՝ ի հեճուկս ՆԱԹՕ-ի իր դաշնակիցներուն (անոնք ալ կը կլլեն թրքական շահատակութիւնները), ահա այս պզտիկ Կիպրոսը սեղանը կը շրջէ, բոլոր հաշիւները տակն ու վրայ կ’ընէ նոյնինքն Եւրոպական Համայնքի ՕՐԷՆՔին ուժով, իր դաշնակիցներուն յիշեցնելով, որ հոն, իրենց քթին տակ կայ օրէնք ու միջազգային սահմաններ ոտնակոխող երկիր մը՝ Էրտողանի Թուրքիան, որուն հանդէպ կրաւորականութիւնը հանդուրժելի չէ:

Միջազգային լրատու-քարոզչական աղբիւները մեղադրական արտայայտութիւններով դիմաւորեցին Կիպրոսի այս կեցուածքը, Ե.Մ.ի անդամները մեղադրանքներ շռայլեցին Կիպրոսի հասցէին, մինչեւ իսկ մոռցան որ նոյնինքն Թուքիա մօտաւորապէս կէս դարէ ի վեր գրաւման տակ կը պահէ Կիպրոսի հիւսիսային գօտին, իսկ անոր կարգ մը անդամները հիմա Թուրքիոյ դէմ «տաքցած են», որովհետեւ… քարիւղի-կազի հանքերու պատմութիւն մը փայլատակած է Սեւ ծովուն ու Միջերկրականի կիպրամերձ գօտիին մէջ (չմոռնանք փոքր Լիբանանն ալ, որ Ե.Մ. անդամ չէ):

Հարցը անպայման հոն չէ, թէ Լուկաշենքօ մը արդա՞րօրէն վերընտրուած է, թէ Արեւմուտքի միաձայն զօրակցութիւնը վայելող անոր մրցակիցը՝ Սվեթլանա Թիխանովսքայա իրաւացի է, երբ կը հաւաստէ, թէ ընտրական կեղծիք տեղի ունեցած է եւ Փութինի դաշնակից Լուկաշենքոն պէտք է տեղի տայ, նոր ընտրութիւններ կազմակերպուին: Հարցը հոն է, որ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարը՝ Նիքոս Խրիստոտուլիս, դիւանագիտութեան զէնքը ճի՛շդ ատենին եւ հատու ձեւով ի գործ դրաւ՝ ի խնդիր Թուրքիոյ դէմ իր երկրի շահերուն եւ իրաւունքին պաշտպանութեան, ձեւով մը ծունկի բերելով եւրոպացի դաշնակիցներու ամբողջ ընտանիքը (անշուշտ շշուկներ կան, թէ Ե.Մ. կարգ մը անդամներ ալ համաձայն են Կիպրոսի, չեն ցանկար նման խզողական քայլերու դիմել Պելոռուսիոյ, հետեւաբար նաեւ՝ անոր ետին կանգնող Ռուսիոյ դէմ, սակայն այդ մասին բարձրաձայնող չկայ առայժմ):  Կիպրոսի ամէնէն բիրտ քննադատները եղան Լաթվիա եւ Քիթուանիա, որոնք ըսին, թէ այս վեթոյով, Նիկոսիա քաջալեր կը հանդիսանայ ժողովրդավարութեան ոտնակոխման:

Իսկ ո՞վ կը յիշէ ու պիտի յիշեցնէ Թուրքիոյ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ հետեւողական քաղաքականութիւնը, որ կը կիրարկուի միջազգային օրէնքի, մարդկային իրաւունքներու, աշխարհակալական ձգտումներու հետապնդման, ոճրագործ ահաբեկիչներուն զօրակցութեան եւ, մէկ խօսքով՝ քաղաքակրթութեան ու մաշկոյթի բռնաբարման խորագիրներուն տակ: Կիպրոսի այս քայլը պարզապէս նորագոյն ահազանգ մըն է, ուղղուած՝ Եւրոպային ու ամբողջ աշխարհին:

Ի դէպ, Կիպրոսի այս կեցուածքը անակնկալ չէր: Նիկոսիա անցեալ շաբաթ յայտարարած էր, որ վեթօ պիտի դնէ, եթէ թուրքեր եւս պատժամիջոցներու ենթարկելու իր առաջարկը անտեսուի: Վաղը, 12 Հոկտեմբերին, Եւրոպայի նոյն նախարարները դարձեալ ժողովի պիտի նստին, մինչ այդ՝ պիտի փորձեն տարհամոզել Կիպրոսը, սակայն կարելի չէ, պէտք չէ՛ անտեսեն ու փակ-ականջ մնան այս ահազանգին դիմաց: «Հետեւողակա՛ն եղէք», կ’ըսէ անոնց Կիպրոս, այսինքն՝ հրաժարեցէք երկու չափ-երկու կշիռի սնանկացնող ընթացքէն:

21 Սեպտեմբեր 2020

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. Տիգրան Մեծ. Հին Կայսրութեան Մը Ծագումն Ու Անկումը (Հեղինակ` Սերժ Մոմճեան)

Յաջորդը

Ազգային Առաջնորդարանը Կը Ստանձնէ Հոգեբանական Բարդութիւններ Ունեցողներու Դարմանումի Հարցերը Հետապնդելու Պարտականութիւնը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?