Յօդուածներ

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Ամօթալի Պատմութիւն` Վիրաւոր Հայ Զինուորի Մը Մասին, Որ Անտեսուած Է Ու Զրկուած` Բժշկական Օգնութենէ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Կարդացի սրտաճմլիկ պատմութիւնը հայ զինուորի մը, որ վիրաւորուած է արցախեան վերջին պատերազմին, սակայն, դժբախտաբար, բազմաթիւ անգամներ մերժած են զայն բուժել Հայաստանի մէջ: Ասիկա խայտառակութի՛ւն է: Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է ամէն միջոց տրամադրէ, որ հայրենիքի պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը վտանգած երիտասարդները կարենան իրենց վէրքերը բուժել` առանց դիւանակալական (bureaucratic) քաշքշուքներու եւ կոպիտ մերժումներու: 2020-ի...

Մինչեւ Ե՞րբ

Տեսակէտ. Նորարար Քայլերը Զարդեղէն Են Հիմնական Ծառին Վրայ

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ     Ինչպէ՛ս բացատրեմ միտքս, որպէսզի չձգեմ այն  տպաւորութիւնը, որ ժխտական կեցուածք ունիմ նախաձեռնութեան մը նկատմամբ, որ ինքնին սրտիս կը խօսի եւ շատ ողջունելի է: Անցնող շաբաթներուն «Ազդակ»-ի էջերով տեղեկացուեցաւ, որ «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկին նախաձեռնութեամբ «Նորարար մշակոյթի ծրագիր» խորագիրին տակ զանազան տեսակի մշակութային, թատերական, նկարչական, ուսումնասիրական եւ այլ մարզերու մէջ շնորհալի եւ խոստմնալից երիտասարդներով ծրագիրներ սկսած են: «Քորոնա»-ի համաճարակի, Լիբանանի...

Իրենց Ստեղծագործական Ուղին Ճշդած Երկու Գեղանկարչուհիներ

Օծում Այլակերպութեան Պատկերի

Մ. Ծ. Թէեւ վերջին տասնամեակներուն, Հայաստանի անկախացումէն ետք, սրբանկարչութիւնը որոշ զարգացում ապրեցաւ թէ՛  հայրենիքի, թէ՛ սփիւռքի տարածքին, այնուամենայնիւ, մեր եկեղեցիներէն քիչեր միայն բախտը ունեցած են օժտուելու բարձրորակ սրբանկարներով: Այդ քիչերէն է Մոնրէալի Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցին, որ վերջերս համալրուեցաւ Քրիստոսի պայծառակերպութիւնը պատկերող գեղեցիկ սրբանկարով մը: Հեղինակը` Պերճ Չաքըճեան, ինքնատիպ ու տաղանդաւոր գեղանկարիչ մըն է, որուն արուեստը արդէն իսկ սկսած...

Բանաստեղծին, Որ Փառաւորեց Հայ Գրականութիւնը Եւ Աստուած Փառաւորուեցաւ Իրմով

Լիբանանի Մղձաւանջը

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ Յանկարծական էին քառասունվեց տարի առաջ քաղաքացիական (դուրսէն դրդուած) պատերազմն ու անոր առթած սարսափը: Անմիջապէս յաջորդեցին` աւերուածութիւն, պանդխտութիւն, չքաւորութիւն: Իսկ հիմա` ամենապարզ կեանք մը իսկ ապրելու անկարելիութիւն: Արաբին կողքին, հայ ժողովուրդն ալ, որ ապրած է տասնամեակներու վրայ երկարող այս հիւծումը, թէ՛ յուսալքուած է, երբ լուծուած հարցերը դարձեալ ու դարձեալ կը խրին անորոշին մէջ, եւ թէ՛ անուժ. առօրեան հազիւ հազ...

Տառադարձութիւն

Հայրենի Յուշեր (10)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ 1971-ի դեկտեմբերին էր, երբ օր մը պատահաբար հանդիպեցայ վաղեմի բարեկամիս եւ երբեմնի դպրոցական ընկերոջս` Արա Յակոբեանին, աւելի ծանօթ` իբրեւ Ara Travel: Մեր զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ տրամադրութեանը տակ ունի դէպի Փարիզ ճամբորդական զգալիօրէն զեղչուած գիներով տոմսեր` դպրոցականներու վերապահուած: - Եթէ շահագրգռուած ես,- աւելցուց անցողակի: - Բայց ես այլեւս ուսանող չեմ, վեց ամիսէ վկայուած եմ եւ պաշտօնապէս կ՛աշխատիմ: Տարիքս...

Քաղաքական Անբարոյականութիւն՝ Թուրքիոյ   Հարազատ Հայելին

Թուրքիոյ Հետ Խօսելու Գինը…

ԱՀԱՐՈՆ  ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Հայաստանի  քաղաքական այրերէն վերջերս յաճախ կը լսուին Թուրքիոյ հետ խօսելու կոչեր,  յայտարարութիւններ: Խորհրդարանէն ներս եւ  դուրս: Նախորդ շաբաթ Հայաստանի Ազգային ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան   հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ  Անդրանիկ Քոչարեան յայտարարեց, որ Հայաստան պէտք է երկխօսութեան սկսի  Թուրքիոյ հետ: Գաղտնիք չեն Հայաստանի նկատմամբ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի թշնամական  տրամադրութիւնները: Թշնամանք, որ խլած է հայ ժողովուրդի հայրենիքին մեծ մասը, բնաջնջած...

Տոքթ. Սահակ Քէշիշեանի Յիշատակին

Տոքթ. Սահակ Քէշիշեանի Յիշատակին

(ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Անունով Արտասանուած Դամբանական Խօսքը` Տոքթ. Գրիգոր Էճիտեանի Կողմէ) Դժուար է սիրելի եւ գործունեայ ընկեր մը հողին յանձնել: Աւելի դժուար է սիրելի ու գործունեայ ընկերոջ կորուստին առիթով դամբանական խօսիլ: Վաղաժամ մահը ընդհատեց երկար երթ մը, որ սկսաւ տոքթ. Սահակի բժշկական կազմաւորումէն, Երեւանի համալսարանէն, որմէ տոքթ. Քէշիշեան շրջանաւարտ եղաւ որպէս սրտի հիւանդութեանց մասնագէտ: Ան իր ասպարէզին մէջ անձնական...

Ծառայասէր, Օրինակելի Եւ Տիպար ՀՄԸՄ-ական Եղբայր Ճոնի Արեւեան (1943-2017)

Տոքթ. Սահակ Քէշիշեան` Ժողովուրդին Մօտիկ Բժիշկը

Քառասուն օրեր անցած են, եւ տակաւին դժուար է  հաշտուիլ  տոքթ. Քէշիշեանի վաղաժամ կորուստին հետ: Իր կեանքի արագընթաց երթին առաջին հիմնական հանգրուանը եղաւ բժշկական կազմաւորումը` Երեւանի պետական   համալսարանին մէջ, որմէ շրջանաւարտ եղաւ  1993-ին` իբրեւ սրտաբան: Լիբանան վերադառնալով` տոքթ. Քէշիշեան գործեց բազմաթիւ հիւանդանոցներու մէջ, որոնց շարքին` Տահր Պեշըք պետական հիւանդանոցը, ուր հետագային նշանակուեցաւ բժշկական տնօրէն: Ժողովուրդին հետ մնայուն կապի մէջ էր դարմանատուներու...

«Մարտական Խաչ» Շքանշաններ  Եւ «Արիութեան Համար» Մետալներ`  ՀՅԴ Նահատակ Կամաւորներուն

Միայն Թէ Արդիւնք Լինի

14 ապրիլին «Յակոբ Պարոնեան»-ի անուան թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան գումարտակի նահատակներու պարգեւատրման արարողութիւն, որուն ընթացքին խօսք առաւ «Կամաւորական շարժում»-ի նախագահ Հրանդ Մարգարեան: Ստորեւ` խօսքին ամբողջութիւնը: Խոնարհւում եմ արցախեան պատերազմի բոլոր նահատակների, ի մասնաւորի «Կամաւորական շարժման» միջոցով Արցախ մեկնած ու նահատակուած հայորդիների, ընկերների յիշատակի առջեւ: Խոնարհւում եմ նաեւ սրահում ներկայ մեր նահատակների ծնողների, հարազատների առջեւ: Ձեր...

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

 «Պատմական» Կիրօ Գարավարդանեան Եւ Սերժ Մանուկեան - Ի՞նչ է ձեր ծրագիրը: Ուրեմն մեր ծրագիրը կը կոչուի «Պատմական» եւ, ինչպէս որ անունը կը յուշէ, պատմութեան մասին նախագիծ մըն է, աւելի ճիշդ` հայոց պատմութեան մասին եօթը գծանկարային ժապաւէններու (animation film) շարք մը: Այս եօթը ժապաւէններուն ընդմէջէն հայոց պատմութեան մասին պիտի խօսինք ո՛չ թէ հիմնուելով ժամանակագրական տրամաբանութեան մը կամ դէպքերու շարունակականութեան վրայ, այլ...

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները  Կրնան Օգտակար Դեր Խաղալ Արցախի  Կացութեան Կարգաւորման Հարցին Մէջ»  Կ՛ըսէ Քարասին

Դիրքորոշման Ծանուցում Կամ Հրապարակում

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 9 նոյեմբեր 2020-ին Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու հրապարակած եռակողմ յայտարարութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ձեւաչափին կողքին ստեղծուեցաւ նոր ձեւաչափ մը: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ ինք է այդ յայտարարութեան կէտերուն հեղինակը: Ռուսական կողմը, նոյն ատեն, չբացառեց համանախագահներուն դերակատարութեան շարունակութիւնը: Նոյեմբեր 9-ի ձեւաչափի գոյութիւնը հարցականներ ստեղծեց, թէ երկու ձեւաչափերը համատեղելի՞ են, զիրար պիտի ամբողջացնե՞ն, եւ ի՞նչ պիտի...

Նոր Մարդ` «Քորոնա»-էն Ետք

Նոր Մարդ` «Քորոնա»-էն Ետք

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Մարդկութիւնը կ՛անցնի  նոր եւ աննախընթաց փորձառութենէ արագօրէն տարածուող «Քորոնա»-ի համաճարակի լոյսին տակ: Մենք տակաւին չենք գիտեր, թէ ո՛վ է «հիւանդ զերօ»-ն` առաջին մարդը, որ վարակուած է եւ ժահրը փոխանցած ուրիշներուն: Աշխարհը անակնկալի բերած այս ժահրի սաստկութիւնը կը կայանայ ոչ միայն արդիւնաւէտ պատուաստ գտնելու գիտնականներու ուշացման մէջ, այլ նաեւ այն փաստին մէջ, որ ատոր հակազդելու համար ձեռնարկուած միջոցները...

Կը Շարունակուին Հայ Օգնութեան Միութեան  Աշխատանքները` Ի Նպաստ Լիբանանահայութեան

Կը Շարունակուին Հայ Օգնութեան Միութեան Աշխատանքները` Ի Նպաստ Լիբանանահայութեան

Լիբանանի մէջ հոկտեմբեր 2019-ին սկիզբ առած տնտեսական եւ քաղաքական տագնապին օր ըստ օրէ վատթարացող անկայուն առողջապահական եւ ընկերային կացութեան ու լիբանանեան թղթոսկիին արձանագրած նահանջին իբրեւ հետեւանք, լիբանանցի քաղաքացին այսօր կը գտնուի մութ անորոշութեան մէջ: Առաւելաբար, 4 օգոստոս 2020-ի Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ ահաւոր պայթումէն ամիսներ ետք, հարիւրաւոր ընտանիքներ տակաւին կը դիմագրաւեն կենցաղային բազմաթիւ դժուարութիւններ: Հայ օգնութեան միութիւնը (ՀՕՄ) Լիբանանի տագնապին առաջին...

Ազգային Միացեալ Վարժարանի 308 Ընտանիքներ Թապլեթ-ներ Ստացան

Ազգային Միացեալ Վարժարանի 308 Ընտանիքներ Թապլեթ-ներ Ստացան

Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնութիւնը մեծ ուրախութեամբ կը յայտնէ, թէ վարժարան յաճախող աշակերտներու 308 ընտանիքներու յանձնուեցան թապլեթ-ներ` նուիրուած «Աներա» կազմակերպութեան կողմէ: Նկատի ունենալով «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով մեր իրականութեան մէջ ստեղծուած նոր պայմաններն ու առցանց ուսուցման դրութեան որդեգրումը, նաեւ գիտակցելով, որ բոլոր ընտանիքներն ալ կարելիութիւն չունին այս նոր ոճին յարմարելու պայմաններն ու անհրաժեշտ սարքերը, վարժարանի պատասխանատուները անհրաժեշտ նկատեցին կարելի եղած սահմաններուն մէջ...

Իտալիոյ Վարչապետը Էրտողանը Բռնապետ Կոչած Է.  Չաւուշօղլու` «Յայտարարութիւնը  Տգեղ Ու Ամբոխավարական Է»

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Աք Սարայի Մէջ «Սոֆակէյթ». Կիներու Իրաւունքի Անտեսում

«Կիները պէտք է ըլլան բոլոր այն դիրքերուն, ուր որոշումներ կը տրուին: ... Այնպէս պէտք չէ կարծել, որ անոնք բացառութիւն կը կազմեն»: ՌՈՒԹ ՊԷՅՏԸՐ ԿԻՆԶՊԸՐԿ (1933-2020, Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն դատարանի անդամ) Պարզ անուշադրութեան հետեւանք կամ երկրորդական սխալ մը չէր եղածը` «Սոֆակէյթ»-ը (Ուոթըրկէյթէն ներշնչուած), որ պատահեցաւ երեքշաբթի, ապրիլ 6-ին, Թուրքիոյ նախագահական նստավայր Սպիտակ պալատին` Աք Սարային մէջ, Անգարա: Անոր պատճառով արդարօրէն յուզում...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. «Եկանք, Տեսանք, Յաղթեցինք»…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Անցեալ շաբաթավերջին Մոսկուայէն Երեւան վերադարձաւ Հայաստանի ծանրաբարձներու հաւաքականը` Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներէն ոսկեայ, արծաթեայ եւ պրոնզեայ մետալներու հունձքով մը: Չմոռնանք անոնց հաստատած նոր մրցանիշները: Ո՛չ մէկ կասկած, որ մեր երիտասարդներուն եւ երիտասարդուհիներուն նուաճումները հպարտութեան առիթ են բոլորիս համար: Մարզիկներէն մէկուն յայտարարութիւնը դիպուկ էր. ըսաւ մօտաւորապէս հետեւեալը. «Այսքան եղած բաներէն ետք (ակնարկութիւնը` Արցախի վերջին պատերազմին) ուրախանալու եւ հպարտանալու առիթ ունինք»:...

Խնդրում Եմ Եւ Յորդորում` Ոտքի Կանգնել

Խնդրում Եմ Եւ Յորդորում` Ոտքի Կանգնել

ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Հայաստանի Սփիւռքի նախկին նախարար «Ո՜վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»։ Եղիշէ Չարենց:  Սիրելի՛ սփիւռքահայեր, իմ լա՛ւ բարեկամներ, Թուրք-ազրպէյճանական տանդեմն, ահաբեկիչ վարձկանների օգնութեամբ, կիրառելով միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կողմից արգելուած զէնք եւ զինամթերք, պատերազմի անթոյլատրելի միջոցներ ու մեթոտներ, բզկտեցին եւ անդամահատեցին երեսուն տարի մեր բոլորի ոգեւորութեան աղբիւրը հանդիսացող հերոսական Արցախը: Անհաւասար պայքարում ունեցանք բիւրաւոր սրբազնացած...

Երեւան Քաղաքի Հիմնադրութեան Պատմականը – Բ. –

Դիւցազնական Ուրֆան Եւ Իր Հայորդիները

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Որպէս նախաբան Հետաքրքրական է, նախ պատմեմ, թէ ինչպէ՛ս ձեռքս անցաւ պատմական մեծ արժէք ներկայացնող «Ուրֆայի յուշապատում»-ի` 1955-ին  ուրֆացի մեծանուն մտաւորական եւ վիպագիր Արամ Սահակեանի պատրաստած այս  հսկայածաւալ գործը` շուրջ 1500 էջեր պարունակող սոյն հատորը: 1964-ի ապրիլ 23-ին բախտը ունեցայ նշանուելու ուրֆացի Եստեր Ատուրեանին հետ. հոս չմոռնամ ըսելու, որ ես ալ սիսեցի եմ: Քանի մը շաբաթներ ետք իր ծնողներն...

Ապրիլ 24, Պարզ Խօսքեր. Պարզ Մարդիկ. Յասմիկին Կրպակը Բաց Էր, Կը Վաճառէր Ջերմուկ, Կոլա Եւ Հաց

Հայաստանի Եւ Սփիւռք(ներ)ի Վերականգնումը Կը Լսէ Առասպելի Յուշկապարիկներու Երգը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Յունական դիցաբանութեան մէջ ծանօթ է յուշկապարիկներու (sirènes) փորձութեան կանչը, որոնց կը դիմադրէ Ոդիսեւս (Ulysse), որ առաջնորդ էր (leader) եւ գիտէր, թէ ո՛ւր կ՛ուզէր հասնիլ: Դիմադրեց յուշկապարիկներու փորձութեան: Կը խարխափենք` ղեկավարել կարծելով: Յիշե՛լ ծովերու վրայ Ոդիսեւսի ճամբորդութիւնը: Հին-նոր առասպել. մեր ցանկութիւններուն երգերը մենք կը հնարենք, կը հաւատանք մեր ստեղծած յուշկապարիկի հայրենասիրական երգին: Ինչպիսի՜ լսուած-չլսուած կանչերու հաւատացած ենք: Կը ջարդուէինք,...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա  Ս. Յարութեան Տօնին Առիթով Աւանդական Տողանցք 4 ապրիլին, Ս. Յարութեան տօնին առիթով Դամասկոսի ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը, ընկերակցութեամբ սկաուտներուն եւ գայլիկներուն, տողանցեց «Ահարոնեան» կեդրոնի մօտակայ շրջաններուն մէջ: Տողանցքին մասնակցեցան Դամասկոսի Սկաուտական պետական շարժումի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը եւ ընդհանուր խմբապետը: Տողանցքի աւարտին երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան եւ վարչութեան ատենապետ Միհրան Ղազարեան շնորհաւորեցին հոծ բազմութիւնը Ս. Յարութեան տօնին առիթով` մաղթելով...

Page 434 of 1112 1 … 433 434 435 … 1,112

Արխիւներ