Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոքթ. Սահակ Քէշիշեան` Ժողովուրդին Մօտիկ Բժիշկը

April 17, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քառասուն օրեր անցած են, եւ տակաւին դժուար է  հաշտուիլ  տոքթ. Քէշիշեանի վաղաժամ կորուստին հետ:

Իր կեանքի արագընթաց երթին առաջին հիմնական հանգրուանը եղաւ բժշկական կազմաւորումը` Երեւանի պետական   համալսարանին մէջ, որմէ շրջանաւարտ եղաւ  1993-ին` իբրեւ սրտաբան:

Լիբանան վերադառնալով` տոքթ. Քէշիշեան գործեց բազմաթիւ հիւանդանոցներու մէջ, որոնց շարքին` Տահր Պեշըք պետական հիւանդանոցը, ուր հետագային նշանակուեցաւ բժշկական տնօրէն: Ժողովուրդին հետ մնայուն կապի մէջ էր դարմանատուներու ճամբով` ծառայելով Հայ կաթողիկէ «Նարեկի Տիրամօր» դարմանատան եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ, ուր հետագային նաեւ վարչական պատասխանատուութիւններ ստանձնեց:

Ան գործօն անդամ էր Լիբանանահայ բժշկական միութեան` 1994-էն ի վեր, մասնակից` ձեռնարկներու, դասախօսութիւններու, Սենտիքայի ընտրութիւններու, հանրութեան ուղղուած բժշկական յայտագիրներու (Էյ. Թի. Էն. պատկերասփիւռի կայանէն եւ «Վանայ ձայն»-էն):

Երբ վարչութիւնը նախաձեռնեց ներքին  դասախօսութիւններ կատարելու` միութեան անդամներու կողմէ, ան  առաջին  ընդառաջողներէն  էր:

Տոքթ. Սահակ գործօն մասնակցութիւն բերաւ միութեան ընդհանուր անդամական ժողովներու: Ան յաջորդական 6 տարիներ մաս կազմեց վարչութեան` որպէս խորհրդական, ապա որպէս գանձապահ` պատասխանատուութիւն մը, զոր կատարեց ամենայն բծախնդրութեամբ:

Ան` որպէս վարչական, իր մասնակցութիւնը բերաւ 2005-ին լոյս տեսած Լիբանանահայ բժշկական միութեան  5-րդ հասցէագիրքի պատրաստութեան:

Բժշկական ասպարէզի կողքին, տոքթ. Սահակ Քէշիշեան ունեցաւ հանրային եւ կուսակցական ծաւալուն գործունէութիւն (Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ Աղքատախնամ միութիւն, Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութիւն, «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապ): 2016-ին ընտրուեցաւ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ ստանձնեց Առողջապահական յանձնախումբին ատենապետութիւնը:

Տոքթ. Սահակ Քէշիշեան միշտ տպաւորած էր իր  աշխուժ գործունէութեամբ եւ անմիջականութեամբ: Քննական միտք ունէր  եւ  յատուկ ոճ` առանց դարձուածքի անկեղծօրէն իր տեսակէտը արտայայտելու: Ան իր դրոշմը ձգեց այն բոլոր մարզերուն մէջ, ուր գործեց:

Պատնէշի վրայ մնալու իր անձնական օրինակը լաւագոյնս կը ցոլացնէր բժշկական խաւին  յանձնառութիւնը եւ նուիրումը` «Քորոնա» ժահրի մահասփիւռ համաճարակին դէմ յանդիման:

Ափսոս, որ մահը խլեց զինք 58 տարեկան հասակին, երբ տակաւին շատ տալիք ունէր:

Յարգա՛նք յիշատակիդ:

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Նախորդը

Միայն Թէ Արդիւնք Լինի

Յաջորդը

Տոքթ. Սահակ Քէշիշեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.