Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Նորարար Քայլերը Զարդեղէն Են Հիմնական Ծառին Վրայ

April 19, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ    

Ինչպէ՛ս բացատրեմ միտքս, որպէսզի չձգեմ այն  տպաւորութիւնը, որ ժխտական կեցուածք ունիմ նախաձեռնութեան մը նկատմամբ, որ ինքնին սրտիս կը խօսի եւ շատ ողջունելի է:

Անցնող շաբաթներուն «Ազդակ»-ի էջերով տեղեկացուեցաւ, որ «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկին նախաձեռնութեամբ «Նորարար մշակոյթի ծրագիր» խորագիրին տակ զանազան տեսակի մշակութային, թատերական, նկարչական, ուսումնասիրական եւ այլ մարզերու մէջ շնորհալի եւ խոստմնալից երիտասարդներով ծրագիրներ սկսած են:

«Քորոնա»-ի համաճարակի, Լիբանանի տնտեսական տագնապի, երիտասարդութեան, մանաւանդ իրենք զիրենք փաստած տղոց գաղթի ալիքին դիմաց նման նախաձեռնութիւն մը իսկապէս քաջալերելի է եւ գնահատելի: Վերջին տարիներուն «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկի տնօրէնութիւնը ստանձնած է դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանը, որ թէ՛ Միջին Արեւելքի, եւ թէ Հայաստանի մէջ աշխատանքի նոր ոճով մը կը փորձէ ընդհանրապէս արեւմտահայերէնի եւ յատկապէս հայկականութեան յատուկ ուշադրութիւն դարձնել:

Տակաւին առիթ կ՛ըլլայ այս քաղաքականութեան ընդհանուր գնահատականը տալու:

Տարբեր կառոյցներուն նման «Կիւլպէնկեան» հիմնարկն ալ իր տնօրէնով ստեղծած է աշխատանքի նոր եղանակ, նոր առաջնահերթութիւն եւ նոր մօտեցում:

Գնահատելով հանդերձ «Նորարար մշակոյթի ծրագիր»-ի մասնակցողները եւ գաղափարը, կ՛ուզեմ միտքս հետեւեալ ձեւով բացատրել. Սփիւռքի մէջ գործող կառոյցները, այսինքն` եկեղեցիները, դպրոցները, կրթական եւ մշակութային հաստատութիւնները, մամուլը, հայագիտական ամպիոնները, հրատարակչատուները բոլորը միասին բուն ծառն են արեւմտահայերէնի պահպանման եւ զարգացման: Այդպէս եղած ենք` գոհ եղած ըլլանք կամ դժգոհ: Այդպէս կը գործէ մինչեւ օրս` իր բոլոր բացթողումներով:  Մնացած նախաձեռնութիւնները այդ ծառին վրայի զարդեղէններն են: Այսօր ծառը մնայուն է եւ տեւական, զարդեղէնները կրնան շատ լաւ ըլլալ, տպաւորել, ազդել, նոյնիսկ բան մը պահել ու պահպանել, սակայն հիմնականը ծառն է: Ծառին ալ պէտք է կարեւորութիւն տալ: Ծառին պէտք է գուրգուրալ, ոչ թէ ծառին հաշուոյն` միւսներուն:

Աւելի յստակացնեմ միտքս:

Վերոնշեալ մեր բոլոր կառոյցները մնայուն արժէքներ են: Պէտք չէ այդ կառոյցներուն տարիներու վրայ ներդրած նպաստները փոխարինեն նման նախաձեռնութիւններով:

Շատ կարեւոր են «Նորարար մշակոյթի ծրագիր»-ներու նախաձեռնելն ու զանոնք հովանաւորելը, բայց ատոր գինը կրթական հաստատութիւնները պէտք չէ վճարեն: Աւելի ճիշդը` անոնք պէտք չէ ըլլան կրթական հաստատութիւններուն հաշուոյն:

Հաւանաբար խորթ թուի մտածածս, սակայն համոզուած եմ, որ մէկը միւսը ամբողջացնող ծրագիրներ են: Ուստի, եթէ պիւտճէ կայ երկուքին համար` շա՛տ աւելի լաւ, եթէ չկայ, ուրեմն ծառը աւելի կարեւոր է:

 

 

Նախորդը

Օծում Այլակերպութեան Պատկերի

Յաջորդը

Ամօթալի Պատմութիւն` Վիրաւոր Հայ Զինուորի Մը Մասին, Որ Անտեսուած Է Ու Զրկուած` Բժշկական Օգնութենէ

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.