Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օծում Այլակերպութեան Պատկերի

April 19, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մ. Ծ.

Թէեւ վերջին տասնամեակներուն, Հայաստանի անկախացումէն ետք, սրբանկարչութիւնը որոշ զարգացում ապրեցաւ թէ՛  հայրենիքի, թէ՛ սփիւռքի տարածքին, այնուամենայնիւ, մեր եկեղեցիներէն քիչեր միայն բախտը ունեցած են օժտուելու բարձրորակ սրբանկարներով: Այդ քիչերէն է Մոնրէալի Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցին, որ վերջերս համալրուեցաւ Քրիստոսի պայծառակերպութիւնը պատկերող գեղեցիկ սրբանկարով մը: Հեղինակը` Պերճ Չաքըճեան, ինքնատիպ ու տաղանդաւոր գեղանկարիչ մըն է, որուն արուեստը արդէն իսկ սկսած է գնահատուիլ, յատկապէս` Քանատայի ու Միացեալ Նահանգներու տարածքին: Հոս կ՛ուզենք յստակացնել, որ քրիստոնեայ աշխարհը կ՛օգտագործէ այլակերպութիւն սուրբգրային անուանումը, որ սխալ չէ: Սակայն մենք` հայերս միակ ժողովուրդն ենք, որ  պայծառակերպութիւնը եւս կը գործածենք ու կ՛առնչենք նաեւ հեթանոսութենէ աւանդուած Վարդավառի տօնին հետ: Նախընտրելի է պայծառակերպութիւն բառը, որովհետեւ իր բովանդակութեամբ աւելի կը համապատասխանէ այս հրաշքին, քանի որ Քրիստոս ոչ թէ դուրսէն լուսաւորուեցաւ, այլ ինք պայծառացաւ ու սկսաւ լուսաւորել ողջ շրջապատը նաեւ: Գնահատելէ ետք Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ աստուածահաճոյ ձեռնարկը,  ցանկալի է, որ մեր միւս եկեղեցիները եւս հետեւին նոյն օրինակին:

—————————-

Կիրակի, 11 ապրիլ 2021-ին, Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս ս. պատարագի կատարուեցաւ օծումը այլակերպութեան պատկերի, որուն նկարիչն է տաղանդաւոր արուեստագէտ Պերճ Չաքըճեանը: Պատկերը օծուեցաւ ձեռամբ առաջնորդ սրբազանին` Բաբգէն արքեպիսկոպոսի: Անիկա պատուիրուած էր ի յիշատակ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան 1950-ականներու սաներէն Վարդավառ Չարփանաճեանի, նուիրատուութեամբ` Գայեանէ Պոտրումեանի:

Չաքըճեանէն եկեղեցին ունէր երկու այլ պատկերներ եւս. մին Քրիստոսի մկրտութիւնը, միւսը` յարութիւնը ներկայացնող:

Ծանօթ է, որ այլակերպութեան դէպքը նկարագրուած է աւետարաններէն երեքին մէջ` Մատթէոսի, Մարկոսի եւ Ղուկասի:

Օծուածը լուսաւոր, ջինջ եւ ոճաւոր պատկեր մըն է: Անիկա երկուքի կը բաժնուի. բարձունքէն քիչ վար` Յիսուսի երեք աշակերտներ, որոնցմէ մէկը գետին ինկած է, միւս երկուքը իյնալու վրայ են. հակառակ պահուան ահին` անոնց դէմքերը անդորր են: Այս կերպարները նրբօրէն նկարուած են: Վերեւ` կեդրոնին Քրիստոսն է, մեղմ ամպի մէջ, ճառագայթուն, երկու կողմը` Մովսէս եւ Եղիա մարգարէները: Ասոնք ալ մեղմ ամպով ծածկուած են, նաեւ` ամպի ծուէններով: Քրիստոսի վրայ տարածուած է խիտ, թեւաւոր ամպ մը` որպէս խորհրդանշան Աստուծոյ ներկայութեան: Այլակերպութեան պատկերը. խորհրդաւոր է, բայց` անմիջական ու պարզ:

Ս. Յ.

 

Նախորդը

Լիբանանի Մղձաւանջը

Յաջորդը

Տեսակէտ. Նորարար Քայլերը Զարդեղէն Են Հիմնական Ծառին Վրայ

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.