«Կիները պէտք է ըլլան բոլոր այն դիրքերուն, ուր որոշումներ կը տրուին: … Այնպէս պէտք չէ կարծել, որ անոնք բացառութիւն կը կազմեն»:
ՌՈՒԹ ՊԷՅՏԸՐ ԿԻՆԶՊԸՐԿ
(1933-2020, Միացեալ Նահանգներու
Գերագոյն դատարանի անդամ)
Պարզ անուշադրութեան հետեւանք կամ երկրորդական սխալ մը չէր եղածը` «Սոֆակէյթ»-ը (Ուոթըրկէյթէն ներշնչուած), որ պատահեցաւ երեքշաբթի, ապրիլ 6-ին, Թուրքիոյ նախագահական նստավայր Սպիտակ պալատին` Աք Սարային մէջ, Անգարա: Անոր պատճառով արդարօրէն յուզում բարձրացաւ, ու դեռ շա՜տ փոթորիկներ կրնան ստեղծուիլ:
Դէպքը գրաւեց լրատու աղբիւրներուն անմիջական ուշադրութիւնը: Երբ եւրոպական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, կազմուած` Եւրոխորհուրդի նախագահ տիկին Ուրսուլա Ֆոն Տէր Լէյընէ (Գերմանիա) եւ Եւրոխորհրդարանի նախագահ Շարլ Միշէլէ (Պելճիքա), ժամանած էր Անգարա` յատուկ առաքելութեամբ մը խորհրդակցելու Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ, միայն երկու աթոռ կը սպասէին հակադիր զրուցակիցներուն: Եւրոպացի երկու պատուիրակները համազօր պաշտօն ունին, եւ ահա Էրտողան գրաւեց աթոռներէն մէկը, իսկ երկրորդին հրաւիրեց Միշէլը` այր մը, ոտքի կանգնած ձգելով տիկին Լէյընը: Ի դէպ, Թուրքիա-Եւրոպա մերձեցման միտող բանակցութեանց օրակարգին վրայ էին բռնութեան կանխարգիլումը եւ… կիներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը:
Արդեօք կահ-կարասիի պակա՞ս կար աւելի քան 350 միլիոն տոլար արժած շքեղ համալիրին մէջ, որ կը տարածուի երկու հարիւր հազար քառակուսի մեթրի վրայ, կ’ընդգրկէ շուրջ հազար սենեակ եւ ենթաբաժանումներ, նաեւ` համակարգչային արդիական սարքերով կատարելագործուած փապուղիի դրութիւն մը:
Իրա՛ւ որ «օսմանական ասպնջական ընդունելութիւն» մըն էր եղածը, սարքուած` ապարանքին սուլթանամէտ վարձակալին` Էրտողանի կողմէ. ան նստելու պատշաճ տեղ մը չէր վերապահած տիկին Ուրսուլա Ֆոն Տէր Լէյընի, որ պարզապէս «Հը՛մմ» (Եւրոպայի մամուլին մէջ հետզհետէ կրկնուող) բացագանչութիւնը արձակելով` ստիպուեցաւ տեղաւորուիլ բաւական հեռու զետեղուած լայն բազկաթոռին վրայ (սոֆա), եւ փորձեց հետեւիլ զրոյցին: Տիկին Ֆոն Տէր Լէյընի նստարանը հաւանաբար աւելի հանգստաւէտ էր, սակայն հեռաւորութեան պատճառով յայտնապէս լսելու հարց մը ստեղծած էր, եւ ան դժուարութեամբ կը հետեւէր զրոյցին: Աւելորդ չ’ըլլար կրկնել, որ բանակցութեան նիւթերուն շարքին էին ընտանեկան բռնութեան եւ յատկապէս կիներու իրաւունքներուն հարցերը: Ընդգծելի է, որ սա ոլորտ մըն է, որուն զարգացումներուն այնքա՛ն մօտէն հետեւած ու պայքարած է եօթը զաւակներու մայր, իւրայատուկ գաղափարներու տէր տիկինը. ան իր հայրենիքին` Գերմանիոյ մէջ հետեւողականօրէն պայքարած է ընկերային իրաւունքներու ի խնդիր, բազմիցս ստանձնած է նախարարական պաշտօններ, որոնց կարգին` պաշտպանութեան, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու, ընտանեկան, կնոջական եւ երիտասարդական հարցերու նախարարութիւնները:
Դժբախտաբար տիկին Ֆոն Տէր Լէյընի գործընկերը` Պելճիքայի նախկին վարչապետ Շարլ Միշէլ տեղւոյն վրայ հարց չստեղծեց, ո՛չ ալ գէթ իր աթոռը զիջեցաւ գործընկերոջ: Ուրեմն, գրեթէ երեք ժամ տեւողութեամբ տեսակցութիւնը անցաւ երկու աթոռի եւ… հեռաւոր բազմոցի շուրջ:
«Հը՛մմ»… Օսմանական հին բարքերը «սուլթան Էրտողան»-ի օրով ալ անխախտ կը մնան այս պալատին մէջ, թերեւս նաեւ վարակիչ են այր հիւրերու համար: Գէթ տիկին Ֆոն Տէր Լէյըն համտեսեց լեղի պատառը, գլխաւոր դերակատարը եղաւ «սոֆակէյթ»-ին` հանգստաւէտ բազմոցին բազմած:
… Իսկ Եւրոպան դեռ քանի՞ նման դառն ու լեղի դեղահատ պիտի հանդուրժէ եւ փորձէ սիրաշահիլ ոճիրներով ծանրաբեռնուած Էրտողան(ներ)ը: