Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոքթ. Սահակ Քէշիշեանի Յիշատակին

April 17, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
(ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Անունով Արտասանուած
Դամբանական Խօսքը` Տոքթ. Գրիգոր Էճիտեանի Կողմէ)

Դժուար է սիրելի եւ գործունեայ ընկեր մը հողին յանձնել:

Աւելի դժուար է սիրելի ու գործունեայ ընկերոջ կորուստին առիթով դամբանական խօսիլ:

Վաղաժամ մահը ընդհատեց երկար երթ մը, որ սկսաւ տոքթ. Սահակի բժշկական կազմաւորումէն, Երեւանի համալսարանէն, որմէ տոքթ. Քէշիշեան շրջանաւարտ եղաւ որպէս սրտի հիւանդութեանց մասնագէտ:

Ան իր ասպարէզին մէջ անձնական գործունէութեան կողքին ունեցաւ նաեւ հանրային բեղուն եւ ընդարձակ գործունէութիւն, նախ որպէս բժիշկ` Հայ կաթողիկէ «Նարեկի Տիրամօր» դարմանատան մէջ, ապա ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ, նախ` իբրեւ շտապ օգնութեան բժիշկ, ապա իբրեւ սրտաբան, հետագային` Բժշկական յանձնախումբի անդամ, իսկ աւելի ուշ` Կեդրոնի յանձնախումբի անդամ, ապա` ատենապետ:

Իր բժշկական ասպարէզին մէջ նաեւ կարեւորութեամբ նշենք, որ ան գործեց Տահր Պէշըք պետական հիւանդանոցին մէջ` որպէս բժիշկ, իսկ հետագային որպէս բժշկական տնօրէն:

Որպէս դաշնակցական ան գործօն մասնակցութիւն ունեցաւ կազմակերպական կեանքին` անդամակցելով մարմիններուն                   (ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման», «Աղբալեան», ապա «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէներ), նաեւ մասնակից դառնալով բազմաթիւ Շրջանային ժողովներու:

Հանրային դերակատարութեան մէջ կարեւոր ներդրում ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ Աղքատախնամ միութեան, աւելի ուշ` երկար տարիներով Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութեան մէջ:

Վերջին տարիներուն ան մաս կազմեց Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդին, ուր ստանձնեց Առողջապահական յանձնախումբին ատենապետութիւնը:

Տոքթ. Քէշիշեանի հանրային գործունէութիւնը համակարգուած էր Հայկական երեսփոխանական գրասենեակին հետ, յատկապէս Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումէն ետք: «Քորոնա» ժահրին Լիբանանի մէջ տարածման առաջին օրերէն իսկ, աշխուժ դերակատարութիւն ունեցաւ «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապի աշխատանքներուն մէջ` իր խորհուրդներով եւ ցուցմունքներով: Որպէս բժիշկ ան գործօն անդամ էր Լիբանանահայ բժշկական միութեան, մասնակից` ժողովներու, ձեռնարկներու, ապա բազմաթիւ տարիներ ան մաս կազմեց միութեան վարչութեան:

Տոքթ. Սահակ Քէշիշեանի նկարագրային հիմնական գիծերն էին աշխուժութիւնը, հաւաքական, հասարակական կեանքին  ինքնաբուխ մասնակցութիւնը, ժողովուրդին ծառայելու, ժողովուրդին օգտակար ըլլալու մնայուն ձգտումը:

Ան քննական միտք ունէր, տեսակէտ ունէր, կեցուածք կ՛արտայայտէր` ամենայն յստակութեամբ եւ անկեղծութեամբ, եւ ան իր դրոշմը ձգեց այն բոլոր մարզերուն մէջ, ուր գործեց:

Տոքթորին ամբողջ կեանքը եղաւ արտայայտութիւնը դաշնակցական մարդու մօտեցումին, ԳՈՐԾ-ին հանդէպ հաւատքին ու նուիրումին:

Սիրելի՛ տոքթ. Սահակ Քէշիշեան,

Սիրելի՛ ընկեր Սահակ Քէշիշեան,

Սիրելի՛ Սահակ,

Վաղաժամ էր մահդ` ճակատագիրին լեղի մէկ հարուածով:

Մեծ է մեր բոլորին զգացած վիշտը, թախիծը, սակայն մեր բառամթերքին մէջ յուսահատիլ չկայ, այլ` գործին հանդէպ   յարատեւ պատասխանատու  յանձնառութիւն կայ:

 

Նախորդը

Տոքթ. Սահակ Քէշիշեան` Ժողովուրդին Մօտիկ Բժիշկը

Յաջորդը

Թուրքիոյ Հետ Խօսելու Գինը…

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.