Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. «Եկանք, Տեսանք, Յաղթեցինք»…

Ապրիլ 16, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Անցեալ շաբաթավերջին Մոսկուայէն Երեւան վերադարձաւ Հայաստանի ծանրաբարձներու հաւաքականը` Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներէն ոսկեայ, արծաթեայ եւ պրոնզեայ մետալներու հունձքով մը: Չմոռնանք անոնց հաստատած նոր մրցանիշները:

Ո՛չ մէկ կասկած, որ մեր երիտասարդներուն եւ երիտասարդուհիներուն նուաճումները հպարտութեան առիթ են բոլորիս համար: Մարզիկներէն մէկուն յայտարարութիւնը դիպուկ էր. ըսաւ մօտաւորապէս հետեւեալը. «Այսքան եղած բաներէն ետք (ակնարկութիւնը` Արցախի վերջին պատերազմին) ուրախանալու եւ հպարտանալու առիթ ունինք»: Օրին անոնք չէին մոռցած իրենց մետալները ձօնել պատերազմի նահատակներուն:

                                                               Սիմոն Մարտիրոսեան                                                                                                                  Ռաֆիկ Յարութիւնեան

Մեր մարզական հերոսները` մանուկին, պատանիին ու չափահաս-տարեցին հպարտութեան առիթ տուողները կը կոչուին` Սիմոն Մարտիրոսեան, Ռաֆիկ Յարութիւնեան, Անդրանիկ Կարապետեան, Կարէն Աւագեան, Յակոբ Մկրտչեան, Սամուէլ Գասպարեան, Արսէն Մարտիրոսեան, Գոռ Մինասեան, Վարազդատ Լալայեան եւ Լիանա Կիւրճեան: Այս հոյլը քիչ մը աւելի կը պայծառացնէ հայ ծանրաբարձներու սխրանքներով տասնամեակներէ ի վեր լուսաւորուած հայկական երկնակամարը: Տասնամեակներ առաջ Եուրի Վարդանեաններու, Օգսէն Միրզոյեաններու եւ այլ ախոյեաններու անունները արագօրէն կը տարածուէին հայութեան բերաններուն: Այս տղաքն ու աղջիկները արժանաւոր յաջորդներն են անցեալի ախոյեաններուն, հետեւաբար իրաւունք ունին բոլորէս ակնկալելու, որ իրենց անունները ամրագրուին անուանի հայերու շարքին, Հենրիկ Մխիթարեաններ չմնան «որբ»… Իրաւունք ունինք, մանաւանդ, անոնց անուններուն վրայ ստուեր չտեսնելու` ի լուր պատերազմական գերիներու վերադարձին (գրեթէ նոյն պահուն) սպասող ծնողներուն «պարգեւ տրուած» նորագոյն յուսաբեկութեան, խայտառակութեան:

                                                 Կարէն Աւագեան                                                                                                                                    Լիանա Կիւրճեան

***

Ճիշդ 5 տարի առաջ հայկական մարզաշխարհը նմանապէս հպարտառիթ օրեր ապրեցաւ: Այդ օրերուն ալ, 2016-ի ապրիլին, Նորվեկիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն հայկական եռագոյնը քանիցս բարձրացած էր մեր քայլերգին հնչումներուն դիմաց, երբ Անդրանիկ Կարապետեան, Տիգրան Մարտիրոսեան, Գոռ Մինասեան, Նազիկ Աւդալեան, Հռիփսիմէ Խուրշուդեան եւ տասնեակ մը ուրիշներ իրենց անունները արձանագրած էին մետալակիրներու եւ պատուաբեր արդիւնք ձեռք բերողներու ցանկերուն: Այդ օրերուն ալ մեր ախոյեանները իրենց մետալները նուիրած էին ապրիլեա՛ն պատերազմի նահատակներուն…

***

Աւելորդ է արձանագրել, որ հայ ծանրաբարձները միշտ ալ հպարտութիւն բերող արդիւնքներով եւ նուաճումներով փայլած են այս մարզի մրցաշարքերուն: Նոյնը ըրած են` կռփամարտիկներ, ըմբիշներ, աթլեթներ (օղակներ, ոստում եւ այլն), իսկ հայկական ֆութպոլը փառքի օրեր պարգեւած է հայութեան` խորհրդային տարիներուն, հիմա Հայաստանի հաւաքականը իր նոր մարզիչին հետ կ՛աշխատի վերականգնել փայլուն օրերու յիշատակները` աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն (կը յուսանք, որ յաղթանակներու թափը ուժեղանայ):

Ծանրաբարձներու այսօրուան նուաճումը առանձնակի իմաստ ունի. ինչպէս 2016-ի մրցումները, նոյնպէս ալ Մոսկուայի մրցումները յաջորդած են հայութեան համար ծանր օրերու: 2016-ին ծանր կորուստներով յաղթական դուրս եկած էինք ազերի նախայարձակներուն դէմ պատերազմէն, հիմա կը նախընտրենք չյիշել 44-օրեայ պատերազմին մեր կրած պարտութիւնն ու անոր հետեւանք` ահաւոր վնասները, սակայն իրականութենէն չեն կրնար խուսափիլ:

Նման նուաճումներ, հոգ չէ թէ` զգացական առումով (թէեւ զգացականէն անդինն ալ կայ), մեզի կը յուշեն, որ հայը կարո՛ղ է ու արժանի` յաղթանակներ արձանագրելու, իրաւունք ունի չմոռնալու, որ նման նուաճումներ արդար հպարտանքի առիթ են, թէեւ չեն ամոքեր պատերազմին դառնութիւնները:

Պատերազմին անմոռանալի դառնութիւնները դարմանելու համար, հպարտանքէ անդին, պէտք ունինք ներքին ու արտաքին գետիններու վրայ անդուլ եւ միասնական աշխատանքի, նման` այն նախապատրաստութեան, որ կատարեցին մեր ախոյեանները Մոսկուա (կամ այլուր) մեկնելէ առաջ. անոնք պատրաստուեցան «Պիտի յաղթե՛նք» նշանախօսքը մարմնաւորելու կամքով, եւ ահա կը վերադառնան «Յաղթեցինք»-ով, այնպէ՛ս` ինչպէս հռոմէացի զօրավար մը դարեր առաջ յայտարարած էր. «Եկայ, տեսայ, յաղթեցի»:

12 ապրիլ 2021

Նախորդը

Խնդրում Եմ Եւ Յորդորում` Ոտքի Կանգնել

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Աք Սարայի Մէջ «Սոֆակէյթ». Կիներու Իրաւունքի Անտեսում

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?