Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դիրքորոշման Ծանուցում Կամ Հրապարակում

Ապրիլ 16, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

9 նոյեմբեր 2020-ին Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու հրապարակած եռակողմ յայտարարութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ձեւաչափին կողքին ստեղծուեցաւ նոր ձեւաչափ մը: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ ինք է այդ յայտարարութեան կէտերուն հեղինակը: Ռուսական կողմը, նոյն ատեն, չբացառեց համանախագահներուն դերակատարութեան շարունակութիւնը:

Նոյեմբեր 9-ի ձեւաչափի գոյութիւնը հարցականներ ստեղծեց, թէ երկու ձեւաչափերը համատեղելի՞ են, զիրար պիտի ամբողջացնե՞ն, եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ իւրաքանչիւրին դերը: Նոյեմբեր 9-ի ձեւաչափի դերակատարութիւնը նշուած է եռակողմանի յայտարարութեան 9 կէտերուն մէջ: Ուրեմն ի՞նչ պիտի ըլլայ համանախագահներուն դերը, անոնք մասնակից պիտի դառնա՞ն Ռուսիոյ ինքնագլուխ միջնորդութեամբ գոյացած այդ կէտերու գործադրութեան:

Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի միջազգային հարցերու յանձնախումբի նախագահ Կրիկորի Քարասին` ռուսական «Քոմմերսանթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին փոխանցեց այդ բոլորին վերաբերեալ Մոսկուայի պատկերացումը: Քարասին պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կը նախատեսուի՞ Արցախի հոլովոյթներուն մէջ ներգրաւել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները, յայտնեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները կրնան «օգտակար դեր» խաղալ Արցախի մէջ կացութեան կարգաւորման հարցին մէջ:

Ան նշեց, որ «Ռուսիոյ նախագահին նախաձեռնութեամբ կը շարունակուի քաղաքական հարցերու քննարկումը, հանգուցալուծումներու որոնում տեղի կ՛ունենայ», ինչպէս նաեւ յայտնեց, որ ներկայիս հարցերու հիմնական զանգուածը առնչուած է մարդասիրական խնդիրներու, պատերազմական գերիներու փոխանակման աւարտի, զոհուածներու մարմիններու վերադարձի, գաղթականներու եւ անոնց բնակութեան համար պատշաճ պայմաններու ստեղծման` աւելցնելով, որ սուր է նաեւ Արցախի տարածքի եւ ատոր շրջակայքի ականազերծման հարցը:

Այլ խօսքով` Ռուսիոյ նախկին պետական քարտուղարն ու արտաքին գործոց նախկին փոխնախարարը  ընդգծեց, թէ քաղաքական հարցերու քննարկումն ու լուծումը Ռուսիոյ` անձնապէս Փութինի մենաշնորհն է, իսկ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները` Ռուսիան, Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան կրնան «օգտակար դեր խաղալ» մարդասիրական խնդիրներու լուծման մէջ:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը այդ փաստաթուղթի գործադրութեան հիմնական ձեւաչա՞փը պիտի ըլլայ, թէ՞ միայն օժանդակ ձեւաչափ մը: Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան պիտի ուզե՞ն Ռուսիոյ ինքնագլուխ միջնորդութեամբ գոյացած փաստաթուղթի մարդասիրական բնոյթի կէտերու գործադրման հոլովոյթին մասնակից` իմա Մոսկուայի յաջողութեան ապահովման գործիք դառնալ: Անշուշտ ո՛չ:

Քարասինի հարցազրոյցը ենթադրել կու տայ, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի դերակատարութեան շուրջ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան կամ շուտով տեղի պիտի ունենան, եւ ռուսական օրաթերթին հետ անոր հարցազրոյցը Քրեմլինի կողմէ կազմակերպուած էր ռուսական կողմի դիրքորոշումը ծանուցելու կամ հրապարակելու համար:

 

 

Նախորդը

Նոր Մարդ` «Քորոնա»-էն Ետք

Յաջորդը

«Նորարար Մշակոյթի Ծրագիր»

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?