Յօդուածներ

Ո՛չ Պատերազմ, Ո՛չ Ալ Անարժանապատիւ Խաղաղութիւն. Այլ Համազգային Դիմացկունութիւն

Տեսակէտ. Դիմադրականութեան Եւ Կառուցողական Գործակցութեան Հաւասարակշռութիւնը, Այլընտրանքը Եւ Օրուան Հրամայականը

Մաս Ա.- Ժահրին Դէմ Յարատեւ Պայքարի Գործակցութիւնը ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ Ազգային ժողովի 8-րդ գումարման վերջին փոխցեխարձակումներու մթնոլորտին ականատես ըլլալէ ետք, առիթ ունեցայ վերագնահատելու ընդդիմութեան քաղաքական վարքագիծի այլընտրանքները: Կատարելապէս համոզուած եմ, որ հայ քաղաքական միտքը այսօր պէտք ունի նոր մտայնութեան մը, որ խորապէս հիմնուած է մեր պետականութեան շահերուն վրայ: Ուստի պարտականութիւն զգացի քանի մը միտքեր արծարծել: Խորհրդարանական ժողովրդավարութեան բնական պայմաններուն մէջ ընդդիմութեան...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Համազգայինը Օժտուեցաւ Մշակութային Համապարփակ Նոր Կառոյցով Հակառակ Սուրիոյ տնտեսական եւ քաղաքական ծանր պայմաններուն` Հալէպի մէջ Համազգայինի գործունէութիւնը «Զաւարեան» մշակութային նոր կեդրոնի հաստատումով աշխուժ թափ ստացաւ: Սոյն կեդրոնը միութեան կեանքի կոչուած օրէն առաջինն է որպէս համապարփակ կառոյց: Կեդրոնին հիմնարկէքը կատարուեցաւ 10 դեկտեմբեր 2018-ին: Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Պերճ Պօղիկեան յայտնեց, որ 2018-ին, երբ Ազգային Զաւարեան վարժարանին շէնքը...

Մահախօսական.  Մեծ Ընկերներէս` Վարդան Փայասլեանի Յիշատակին

Թոքիոյի Ողոմպիական Խաղերն ու Մենք

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Օգոստոս 8 ին, պատմութեան անցաւ, Թոքիոյի մէջ Յուլիս 23-ին սկիզբ առնող Համաշխարհային Ամառնային Ողոմպիական 32-րդ խաղերը: Այսպէս, երկու եւ աւելի շաբաթներու ընթացքին, ամէն օր հետեւելով ճշդուած յայտագրերուն, հիւրըընկալող Ճաբոնի մեծ ու փոքր եւ գեղեցիկ ու արդիականացուած մարզադաշտերու, լողաւազաններու եւ մարզասրահներու եւ մարզադաշ-տերու մէջ, աշխարհի բազմազան երկիրներու հազարաւոր մարզիկներ, նոյնիսկ «Քորոնա» համաճարակի պատճառով սահմանուած արգելքին, առանց հանդիսատեսի ներկայութեան, իրարու դէմ մրցեցան: Շատեր յաղթեցին,...

Սեւրէն Մինչեւ Տաւուշ

Ո՛չ Ինքնապարտուողականութեան

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Ժողովուրդ մը կ՛ապրի, եթէ ուզէ՛ ապրիլ: Իսկ ան կը պարտուի, եթէ ինքզինք պարտուած զգայ, եթէ ինքզինք պարտութեան մատնէ: Այս օրերուն, երբ, հակառակ բոլոր բացասական պայմաններուն, Ողիմպիական խաղերը դարձեալ կը կայանան, կ՛արժէ վերյիշել արդի խաղերու հիմնադիր Փիեռ Տը Քուպերթենի այն խօսքը, որ 1948-ին Լոնտոնի խաղերու մարզադաշտի մուտքին զետեղուած էր, եւ որ պատահաբար աչքիս զարկաւ օրաթերթի մը էջերուն մէջ. «Ողիմպիական խաղերուն...

«Խոհեմութեան» Իմաստակութիւնը

Թրքական Կայսերապաշտութեան Հաշուեյարդարը

ՀՐԱԶԴԱՆ ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ Արցախի գոյամարտին 2020-ի վերջաւորութեան մեր ձախողութիւնները բացատրել փորձող երկու սխալական մօտեցումներ լայն տարածում գտան հայկական քաղաքական մամուլին մէջ եւ ընկերային ցանցերուն վրայ՝ հակառակ իրենց պարզունակ եւ կրկնաբանական տրամաբանութեան: Առաջինը, որ թէեւ հազիւ թէ համոզեց Հայաստանի յունիսեան ընտրութիւններու քուէարկածներէն քիչ մը աւելի քան մէկուկէս առ հարիւրը միայն, կը շարունակուի առաջ քշուիլ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի եւ ՀԱԿ-ի կողմէ եւ այն...

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Գլխաւոր Գործօնը Ժողովուրդն Է

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Գլխաւոր Գործօնը Ժողովուրդն Է

19-րդ դարի վերջերին հրապարակ իջած հայկական առաջին կուսակցութիւնները, որդեգրելով հայութեան եւ Հայաստանի ազատագրութեան գաղափարներ, իրենց վերջնանպատակին հասնելու կարեւոր պայման էին համարում ժողովրդի լուսաւորութիւնը: Նրանք տեսնում էին, որ անկիրթ ու չլուսաւորուած հասարակութիւնը զուրկ է ոչ միայն ազատութեան ու անկախութեան ձգտումից, այլեւ` արժանապատուութեան զգացումից: Իր ստրկական գոյութիւնը նա համարում է իրենից վեր ուժերի նախանշած ճակատագիր եւ կամազուրկ հնազանդութեամբ կրում է այդ «ճակատագրի»...

Ի՞նչ Կը Կատարուի Այնտեղ` Մութին … ( Ազգային Ժողովի Ամպիոնէն` Պրաթիսլաւա )

Նշմար. Հո՛ս Է Ահաւասիկ Խորքային Մեր Տարբերութիւնը

ՀՐԱՉ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ «...Մենք տարածքներ նուաճելու որեւէ տրամադրութիւն չունենք...»: Այս յայտարարութիւնը կատարեց Նիկոլ Փաշինեան` Հայաստանի կառավարութեան 12 օգոստոսի նիստին, խօսելով բանակի արդիականացման անհրաժեշտութեան մասին... Հեռու` դիմատետրային ընթացիկ գրառման տրամաբանութենէ, որ այլապէս տարբեր հակազդեցութիւն կրնար ունենալ թէ՛ ոճի եւ թէ՛ բառամթերքի առումով, կառավարութեան ղեկավարին այս յայտարարութիւնը յամենայն դէպս առնուազն հպանցիկ նշմարի մը արժանի է, նոյնիսկ եթէ նոր յայտնութիւն մը չէ անոր կողմէ:...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

«Քորոնա» Ժահրի Դէմ Պատուաստ Եւ Զգուշացման Կոչ

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Երկար եւ մանրամասն յօդուած մը գրած էի 8 փետրուար 2021-ին` «Քորոնա» ժահրի համաճարակի մասին, որ լոյս տեսաւ սփիւռքի հայկական շատ մը թերթերուն մէջ: Այդ յօդուածին մէջ անդրադարձած էի` «Քորոնա» ժահրի համաճարակի սկզբնաղբիւրին, անոր տարածման, փոխանցման, տարողութեան, պատճառած հիւանդութիւններուն, կանխազգուշական միջոցներուն, համաշխարհային տնտեսութեան հասցուցած վնասներուն, ընկերային եւ կրթական համակարգի խախտումներուն եւ նորաձեւութիւններուն, ինչպէս նաեւ անոր դէմ տեսակաւոր պատուաստներու...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ ՀՅԴ-ի Կողմէ` Արցախի Մէջ Երիտասարդ Գործիչներ Պատրաստող Դասընթացքներ 12 օգոստոսէն սկսեալ, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան գրասենեակին մէջ ընթացք առին դասընթացքներ, որոնց նպատակն է Արցախի երիտասարդական դաշտին մէջ աշխատող գործիչներ պատրաստել: Դասընթացքին երիտասարդները պիտի ծանօթանան ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան կանոնադրութեան, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու գործունէութեան: Դասընթացքի աւարտին երիտասարդները պիտի գործուղուին...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Գետաշէնցիներու Հերոսական Դիմադրութիւնը Գիւլիստանի Մելիք Յովսէփի Եւ Ջրաբերդի Մելիք Հաթամի Վերադարձը Իրենց Հայրենի Տիրոյթներ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Գետաշէնցիներու Հերոսական Դիմադրութիւնը Գիւլիստանի Մելիք Յովսէփի Եւ Ջրաբերդի Մելիք Հաթամի Վերադարձը Իրենց Հայրենի Տիրոյթներ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ջրաբերդ Արցախի ազատագրութեան նպատակով լեզգի կռուող ուժերը առաջնորդած Յովսէփ Էմին Ծարի հայութեան պատուհաս դարձած Քոլանի թափառաշրջիկ ցեղը հարուածելէն ետք պիտի շարունակէր յառաջխաղացքը: Նոյն ժամանակ Գիւլիստանի մելիք Յովսէփ ընդառաջացած էր Քոլանիներու օգնութեան կանչին, յոյս ունենալով անոնց աջակցութեամբ ջախջախել Գանձակի Շահվերտի խանը եւ վերադառնալ իր հայրենի երկիրը: Ստեղծուած կացութեան առջեւ Շահվերտի խան իր որդւոյն` Մոհամէտ Հասան  խանի հրամանատարութեամբ տասնութ հազարանոց...

Մահախօսական.  Մեծ Ընկերներէս` Վարդան Փայասլեանի Յիշատակին

Գրել, Թէ Չգրել…

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Վերջերս, բարեկամներէս մէկը, անմեղօրէն ինծի հարցուցած էր,  թէ «ի՞նչ կ'ընէի» այս օրերուն: - Գրել-կարդալով կը զբաղուիմ.-համեստօրէն պատասխանած էի : - Ինչո՞ւ , յանկարծ ընդմիջած էր. արդեօ՞ք այնքան հայերէն կարդացողնե՞ր կային: Լաւ գիտես, որ հայերէն թերթ կամ գիրք ընթերցողներուն թիւը, մանաւանդ արեւմտահայերուս մօտ, զգալիօրէն նուազած է։ - Այո՛, ըսած էի արագ մը, գիտեմ այդ մէկը: - Լաւ... ուրեմն ինչո՞ւ կը գրես: - Գիտեմ, կրկնած էի վշտոտ ձայնով, հաստատ գիտեմ, որ հայերէն կարդացողներուն թիւը ո՛չ միայն նուազած է, այլ՝ նօսրացած: Բայց գիտեմ նաեւ, որ կայ մէկը, որ ամէն օր հայերէնով կ՛արթննայ, հայերէնով կ՛արտայայտուի, հայերէնով կ՛աղօթէ, հայերէնով կը սնանի ու կ՛ապրի, նոյնիսկ հայերէնով կը հայհոյէ, հայերէնով սիրած է եւ տակաւին կը սիրէ, ու աւելին՝ հայերէնով կը խնդայ եւ կը խօսի: Անոր համար է, որ իբրեւ սրտի մտքի ու հոգիի պարտք, կը գրեմ։ -Իսկ, ո՞վ է այդ խենթը,- հարցուցած էր խօսակիցս: -Ե՛ս եմ. պատասխանած էի: Ե՛ս: Եթէ նոյնիսկ անձս դառնայ տողերուս կամ էջերուս միակ ընթերցողը, պիտի շարունակեմ գրել, ե՛ս ինծի համար, ի՛մ ընթերցող անհատիս համար, հայերէնով գրելու պապա՛կս գոհացնելու համար: Ու մի՛ զարմանար, յաճախ ես ինծի հարց կու տամ, թէ առանց այս գիրերուն եւ բառերուն, ես ինչպէ՞ս պիտի կարենայի ճանչնալ ինքզինքս, ինչպէ՞ս պիտի կարենայի արտայայտել լացերս, սէրերս, ուրախութիւնս։ Անկեղծօրէն, բան մը արդարացնելու ճիգ մը չէ՛ այս մէկը, ոչ ալ ինքնագովութիւն: Երբե՛ք: Նաեւ ըսեմ, որ յստակ, պարզ...

Սթափելու Ժամանակը

Ազգային Ժողովը Կազմաւորուեցաւ, Հերթը Կառավարութեան Է

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Վերջապէս աւարտեցաւ Ազգային ժողովի 12 մնայուն յանձնաժողովներու նախագահներու ընտրութեան գործընթացը: Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը, որ Ազգային ժողովի մէջ մեծամասնութիւն ունի, առողջապահութեան եւ ընկերային հարցերու մնայուն յանձնաժողովը վերածած էր երկու անջատ յանձնաժողովներու` տասնմէկի փոխարէն յանձնաժողովներու թիւը բարձրացնելով տասներկուքի, որ, ըստ Սահմանադրութեան, յանձնաժողովներու առաւելագոյն թիւն է: Այս քայլով կանխուեցաւ յաւելեալ որեւէ նոր մնայուն յանձնաժողովի կազմութիւնը, եւ օրինականացաւ ընդդիմութեան առաջարկով Արցախի հարցով...

Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն  Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ.  Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…

Անորոշ Վաղորդայններ. Հայաստան, Կովկաս, Եւրոպա, Ամերիկա, Ասիա Եւ Այլուր

Յ. ՊԱԼԵԱՆ D՛Atatürk à Erdogan, de la caserne à la mosquée, de la nationalisation de l՛islam à l՛islamisation de la nation, de l՛Europe à l՛Oumma, de l՛Otan au Califat, voici la face cachée de la Turquie. Աթաթիւրքէն Էրտողան, զօրանոցէն մզկիթ, իսլամի  ազգայնացումէն ազգի իսլամացում, Եւրոպայէն Ումմա, ՕԹԱՆ-էն խալիֆայութիւն` ահաւասիկ Թուրքիոյ թաքուն դէմքը (կողքի 4-րդ էջ) Ոչ ոք ինքզինք թող խաբէ,...

Կարինէ Քոչար. «Քաղաքական Եւ Տնտեսական  Հարցերը  Պէտք Չէ Մեզ Մոռցնել Տան Մեր Հոգեկան Արժէքները, Ոչինչ Պէտք Է Խանգարէ Մեզ Լսելու Գեղարուեստին Ձայնը»

Կարինէ Քոչար. «Քաղաքական Եւ Տնտեսական Հարցերը Պէտք Չէ Մեզ Մոռցնել Տան Մեր Հոգեկան Արժէքները, Ոչինչ Պէտք Է Խանգարէ Մեզ Լսելու Գեղարուեստին Ձայնը»

ՍՈՆԱ ՏԷՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ-ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ Կարինէն` Երուանդ Քոչարի  թոռնուհին, միեւնոյն ատեն «Երուանդ Քոչար» թանգարանի տնօրէնուհին է: Հայաստան գտնուելու առիթը օգտագործելով` մտերմիկ զրոյց մը ունեցայ անոր հետ եւ հետաքրքրական գիտելիքներով հարստացայ: Փափաքեցայ մեր ընթերցողները եւս հաղորդակից դարձնել այս տեղեկութիւններուն ու «Գանձասար»-ին տրամադրել մեր զրոյցին բովանդակութիւնը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ. «ԳԱՆՁԱՍԱՐ».- Պատմեցէք ձեր մեծ հօր կեանքէն: ԿԱՐԻՆԷ ՔՈՉԱՐ.- Մեծ հաճոյքով կ’ուզեմ բաժնեկցիլ ապրումներս եւ...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը – Է. Հայկազեանի Հրթիռները

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ «Ազդակ»-ի 22 յունիս 1962-ի թիւին մէջ (1) կը հանդիպինք հայ անուններու, որոնք հաւանաբար գործնական կառուցողական օժանդակութիւն տրամադրած են «Մայրի Բ.» (Cedar 2B) հրթիռի արձակումի նախօրեակին. «Հայկազեանի հրթիռներու յանձնախումբը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք կարելի դարձուցին հրթիռին պատրաստութիւնը` լիբանանեան բանակը, մեքենագիտական միութիւնը, նաեւ` պրն. Հրայր Սարոյեանը եւ պրն. Փանոսեանը ու շատ ուրիշներ, որոնք օգնեցին հրթիռի յանձնախումբին»: 1. Հայկազեանի...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

Ոսկրաթեքութիւն Եւ «Տէ» Կենսանիւթ Rickets And Vitamin D

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Ոսկրաթեքութիւնը ոսկորներու հիւանդութիւն մըն է: Ան տեղի կ՛ունենայ, երբ Տէ (vit. D) կենսանիւթը, կրածինը (calcium) եւ ֆոսֆորը (phophoru ) կը նուազին մարմնին մէջ: Այս երեքը շատ կարեւոր ազդակներ են` ոսկորներու առողջ աճման, զօրաւոր կազմաւորման եւ առողջութեան: Ոսկրաթեքութիւն ունեցող անհատը կ՛ունենայ տկար, կակուղ եւ փխրուն ոսկորներ, աճման դանդաղում եւ ոսկորներու տձեւութիւններ: Ոսկրաթեքութիւնը ընդհանրապէս մանկական հիւանդութիւն մըն է, բայց...

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Նախորդ Տարեշրջանը` Բազում Մարտահրաւէրներու Շրջանցման Փուլ

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Նախորդ Տարեշրջանը` Բազում Մարտահրաւէրներու Շրջանցման Փուլ

Դժուար է արժեւորել քառամեայ կեանք ու գործունէութիւն ունեցող հաստատութիւն մը, կազմակերպութիւն մը, վարժարան մը, որովհետեւ տակաւին տարիներու վաստակ չէ կապուած անոր անուան: Բայց եւ այնպէս հիմնական է հաւատքով մօտենալ անոր, որպէսզի անիկա վաստակ կերտէ, իր դերակատարութիւնը ամրապնդէ եւ ներդրումը ունենայ գաղութային կեանքին մէջ: Ազգային միացեալ վարժարանը մեծ երազի մը, կրթական մեծ տեսիլքի մը մարմնացումն է, անոր երդիքին տակ կը համախմբուին...

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Նշանակութիւնը` Այսօր

Թրքական Կայսերապաշտութեան Հաշուեյարդարը

ՀՐԱԶԴԱՆ ԶԷՅԹԼԵԱՆ Հայաստանը առաջին օրէն իսկ, ինիսունական թուականներէն պէտք է որ յայտարարեր ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀՕՐԷՆ որ հարցը ինքնավարութեան հարց չէր, նախկին ԼՂԻՄը ինքնավար էր Արցախեան շարժման սկիզբէն առաջ, հարցը Արցախի ԱՆԿԱԽԱՑՈՒՄՆ ԷՐ և ՎԵՐԱՄԻԱՑՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ հետ իբրև թրքական կայսերապաշտութեան Հայաստանի և հայութեան քանդումին ի դէմ ՀԱՅ ԴԱՏԻ լուծման հոլովոյթի ԱՌԱՋԻՆ ԱՐԱՐԸ: Արցախի գոյամարտին 2020-ի վերջաւորութեան մեր ձախողութիւնները բացատրել փորձող երկու սխալական մօտեցումներ...

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի 8րդ Թիւը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի 8րդ Թիւը

Ընթերցողը համացանցին կրնայ ընթերցել ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 8րդ թիւը: Այս անգամ եւս «Դրօշակ»-ի ուշադրութեան առանցքը կը հանդիսանայ Արցախը եւ Հայաստանի արտաքին ու ներքին հիմնահարցերը: Ներկայացուող վերլուծութիւնները կ՛անդրադառնան հայ հասարակութեան մէջ տիրապետող մտայնութիւններուն ու բարոյական մթնոլորտին, ներքաղաքական իրավիճակին, տարածաշրջանային ու աշխարհաքաղաքական խնդիրներուն՝ վեր առնելով եւ ելքեր առաջարկելով հայութեան համար ներկայ ճակատագրական կացութենէն: Այս թեմաները կը քննարկուին թիւի առաջնորդող յօդուածին մէջ, Վ․...

125 Տարիներ Առաջ Այս Օրը Պոլսոյ Պանք Օթոմանը Կը Գրաւուի Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կ. Կոմիտէին Կողմէ:

125 Տարիներ Առաջ Այս Օրը Պոլսոյ Պանք Օթոմանը Կը Գրաւուի Դաշնակցութեան Պոլսոյ Կ. Կոմիտէին Կողմէ:

Գործողութեան միտքը յղացողը, 23 տարեկան յեղափոխական գործիչ, Պոլսոյ Կ. Կոմիտէի անդամ Բաբգէն Սիւնին էր: «Վերջին օրը՝ ժամադրավայրին մէջ,ոգեւորիչ խօսքերով յորդորեց իր ընկերները (26 հայորդիներ)՝ չընկրկիլ որեւէ զոհողութեան առջեւ, Հայկական հարցը կը թաղուի, պէտք է կռուինք եւ յարութիւն տանք անոր կ'ըսէր: Յետոյ իր ձեռքով բաժնեց զէնք, փամփուշտ եւ ռումբ: Բայց աւա՜ղ, իր սիրած ու կատարած սուրբ գործին վերջնական յաղթութիւնը չի տեսած...

Page 405 of 1112 1 … 404 405 406 … 1,112

Արխիւներ