Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Օգոստոս 19, 2021
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Համազգայինը Օժտուեցաւ Մշակութային Համապարփակ Նոր Կառոյցով

Հակառակ Սուրիոյ տնտեսական եւ քաղաքական ծանր պայմաններուն` Հալէպի մէջ Համազգայինի գործունէութիւնը «Զաւարեան» մշակութային նոր կեդրոնի հաստատումով աշխուժ թափ ստացաւ: Սոյն կեդրոնը միութեան կեանքի կոչուած օրէն առաջինն է որպէս համապարփակ կառոյց: Կեդրոնին հիմնարկէքը կատարուեցաւ 10 դեկտեմբեր 2018-ին:

Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Պերճ Պօղիկեան յայտնեց, որ 2018-ին, երբ Ազգային Զաւարեան վարժարանին շէնքը տրամադրուեցաւ Համազգայինին, անոնք աշխատանք տարին առաջին հերթին պարախումբի փորձատեղիի վերածելու զայն: Հետագային պատրաստուեցան Համազգայինի Հալէպի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան եւ յանձնախումբերու սենեակները: Նորոգութեան աշխատանքը ստանձնելու համար կազմուեցաւ կեդրոնի խնամակալութիւնը, եւ շնորհիւ նուիրատուներու` նորոգութեան աշխատանքները աշխուժ թափով ընթացք առին: Հետագային յաջորդաբար Հայագիտական հիմնարկը, «Զուարթնոց» երգչախումբը, թատերական միաւորը եւ «Արշիլ Կորքի» կերպարուեստի ուսումնարանը տեղափոխուեցան նոր կեդրոն: Ան նկատել տուաւ, որ նորոգութեան աշխատանքները նախատեսուածէն աւելի կարճ ժամանակամիջոցի մէջ իրագործուեցան: Պօղիկեան յայտնեց, որ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական դպրոցը այժմ իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ Ազգ. Միացեալ Կիւլպէնկեան վարժարանին մէջ, իսկ թատերական ելոյթները տեղի կ’ունենան «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ: Ան յայտնեց նաեւ, որ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ տեղադրուած են նաեւ Համազգայինի բոլոր գործունէութիւնները եւ արխիւները:

Նոր կեդրոնը դարձաւ նոր սերունդին համախմբումի, նոր ստեղծագործութիւններ յայտնաբերելու, հայ կրթական եւ մշակութային գործունէութեան ենթահող պատրաստելու ամբողջական վայր: Պօղիկեան յոյս յայտնեց, որ արտերկրի բոլոր համազգայնականները զօրավիգ կը կանգնին եւ իրենց բարոյական ու նիւթական ներդրումը կը բերեն Համազգայինին, որպէսզի թատերասրահի նորոգութիւնը ամբողջանայ, եւ երաժշտական դպրոցը փոխադրուի նոր կեդրոն:

Միացեալ Նահանգներ

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնարկի Ներկայացուցիչները

29 յուլիսին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայկական ոսկրածուծի հիմնարկի ներկայացուցիչներուն` գլխաւորութեամբ վարչութեան նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընի:

Հանդիպման ընթացքին հիւրերը սրբազան հօր ներկայացուցին ցարդ իրագործած իրենց աշխատանքները, խօսեցան համաճարակի ներկայ օրերուն իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ զանոնք յաղթահարելու համար իրենց կողմէ ի գործ դրուած ճիգերուն մասին, ապա խնդրեցին սրբազանին օրհնութիւնը` իրենց հետագայ ծրագիրներու յաջողութեան համար:

Մտերմիկ զրոյցի աւարտին առաջնորդը բարձր գնահատեց Հայկական ոսկրածուծի հիմնարկին առաքելութիւնն ու կամաւորներու միջոցով ծաւալած գործունէութիւնը, օրհնեց հիմնարկին աշխատանքները եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց կարելի բոլոր միջոցներով նպաստելու հիմնարկի ծրագիրներուն:

Ընդունելութիւն` Ի Պատիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր

Կազմակերպութեամբ  Պետիկ եւ Մարօ Ֆերմանեան ամոլին, 6 օգոստոսին անոնց տան մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ընդունելութիւն` ի պատիւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի:

Ընդունելութեան հանդիսավար Գարեգին քհնյ. Պետուրեանը արտասանեց բարեմաղթական խօսքեր, ապա Մարօ Ֆերմանեան իր եւ իր ընտանիքին անունով բարի գալուստ մաղթեց աւելի քան հարիւր ներկաներու եւ իր սրտագին մաղթանքները կատարեց սրբազան հօր:

Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս, դեսպան Արմէն Բայբուրդեան այս առիթով արտասանեց իր սրտի խօսքը` ընդգծելով սրբազան հօր առաջնորդական առաքելութեան կարեւորութիւնը, դրուատեց անոր նուիրական ծառայութիւնը եւ իր սրտագին շնորհաւորանքները մատուցեց սրբազանին:

Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանը իր խօսքին մէջ վեր առաւ եզակի այս առիթը, որ սրբազան հօր ի պատիւ ընդունելութիւն ըլլալու կողքին, նաեւ օրհնեալ պահ է քով-քովի գալու եւ միասնաբար վայելելու Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի հովուական ներկայութիւնը ոչ միայն սոյն երեկոյին, այլեւ ընդհանրապէս իրենց կեանքին մէջ: Ան շնորհաւորեց հիւրընկալ Ֆերմանեան ամոլը` իրենց ազնիւ մտածումին ու բարձր կազմակերպուածութեան համար, ապա հրաւիրեց առաջնորդ սրբազանը, որ ներկաներուն ուղղէ իր սրտին խօսքը:

Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆերմանեան ամոլին` բացառիկ ընդունելութեան առիթով, նաեւ` ներկաներուն, որոնք ընդառաջելով հրաւէրին` ներկայ եղան երեկոյին: Ան գնահատեց հրաւիրեալներուն ցուցաբերած մնայուն զօրակցութիւնը Արեւմտեան թեմին եւ սրտագին կոչ ուղղեց բոլորին, որ իրենց խնամքն ու զօրակցութիւնը անվերապահօրէն յայտնեն Լիբանանի մէջ ներկայիս տնտեսական եւ ընկերային գետնի վրայ անմարդկային ծանր պայմաններ դիմագրաւող լիբանանահայութեան, որ ազգի վերջին դարու կեանքին մէջ իր լուսափառ ներկայութեամբ միշտ եղած է յաղթանակներու կերտիչ, իսկ այսօր, դժբախտաբար, կը տուայտի երկիրը հարուածող տեսակ-տեսակ տագնապներու անողոք հարուածներուն տակ: Իր խօսքի աւարտին Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, «Կիլիկեան ասպետ»-ի շքանշանով պարգեւատրեց  Պետիկ եւ Մարօ Ֆերմանեան ամոլը` Արեւմտեան թեմի եւ ընդհանրապէս հայութեան կեանքին մէջ կատարած իրենց յոյժ գնահատելի բարեգործութեանց եւ ցուցաբերած ծառայական ոգիին համար:

Ազգային բարերար Պետիկ Ֆերմանեան իր եւ իր ընտանիքին անունով խորին շնորհակալութիւններ յայտնեց  Արամ Ա. վեհափառին` իրեն տրուած շքանշանին համար, առաջնորդ սրբազան հօր` իր հրաւէրին ընդառաջելուն համար եւ բոլոր հիւրերուն` իրենց ոգեշնչող ու գօտեպնդիչ ներկայութեան համար:

Կոչ` Լիբանանահայութեան Զօրակցութեան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի` լիբանանահայութեան զօրավիգ կանգնելու համար ուղղուած կոչին ընդառաջ, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց իր նախագահութեամբ եւ Ազգային վարչութեան կազմակերպութեամբ իրականացուելիք զօրակցական դրամահաւաքը, որ կը միտի ըստ կարելւոյն լրացնել աւելի քան տարիէ մը ի վեր տնտեսական, համաճարակային եւ ապրուստի դժնդակ պայմաններու տակ գտնուող Լիբանանի հայութեան մարդասիրական, առողջապահական, ընկերային եւ կրթական կարիքները:

Սրբազանը սրտագին կոչ ուղղեց թեմի հոգեւորական դասուն, հոգաբարձական կազմերուն, Ազգային երեսփոխաններուն, տիկնանց միութիւններուն, ազգային վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ ուսումնական մարմիններուն, թեմի բարերարներուն ու բարեկամներուն եւ համայն հաւատացեալ ժողովուրդին, որ իրենց առաւելագոյն կարելին ի գործ դնեն եւ մարդասիրական ձեռք երկարեն Լիբանանի հայութեան` «Ձեռքս ձեռքի՛դ մէջ, լիբանանահայ եղբայր» նշանաբանով:

Սրբազանը խնդրեց ծուխէն, որ նշանակալից գումարով մը հաւաքաբար զօրավիգ կանգնին Լիբանանի ժողովուրդին:

Հանգանակուած գումարը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով պիտի փոխանցուի Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանին` առ ի տնօրինում գործոց բարեաց յաջողութեան:

Նոր Ջուղա

 «Իրանի Հայկական Վանքերը Երեխաներու Աչքերով» Խորագիրով Նկարչական Ցուցահանդէսին Նմուշներու Ցուցադրութիւն

Համագործակցութեամբ Սպահանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդին եւ Իրանի Պատմական եկեղեցիներու կեդրոնին, 20-24 յուլիսին Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի ցուցասրահին մէջ  ցուցադրուեցաւ մէկ տարի առաջ, Իրանի պատմական վանքերու գրանցման 12-ամեակի առիթով, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Ուըրլտ Հերիթէյճ» բաժինի պահանջով եւ Իրանի պատմական եկեղեցիներու կեդրոնի միջոցով կազմակերպուած «Իրանի հայկական վանքերը երեխաներու աչքերով» խորագրով նկարչական ցուցահանդէսին նմուշները:

Սոյն հաւաքածոյի առաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած էր յուլիս 2020-ին, Ս. Թադէի վանքի ցուցասրահին մէջ: Այս ծիրէն ներս երեք տարիքային բաժանումներով իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Իրանի տարբեր քաղաքներէն, Հայաստանէն եւ Արցախէն աւելի քան 70 հայ մանուկ-պատանիներ, որոնցմէ 12-ը Սպահանի հայոց թեմի հայաշատ համայնքներէն` Նոր Ջուղայէն եւ Շահինշահրէն էին:

Ցուցահանդէսի բացումը տեղի ունեցաւ 20 յուլիսին` ձեռամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քէչէճեանի:

Ցուցահանդէսի մասին բացատրութեամբ հանդէս եկաւ առաջնորդարանի հանրային կապի պատասխանատու Բարելի Այվազբալեանը, ապա մասնակիցներուն գնահատագիրներ յանձնուեցան ձեռամբ սրբազան հօր եւ Թեմական խորհուրդի անդամներ Ժորժ Ղազարեանի ու Վահիկ Թորոսեանի:

Սրբազան հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց նման նախաձեռնութեան համար եւ գովելի մտայղացում համարեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Ուըրլտ Հերիթէյճ» բաժինի եւ Իրանի պատմական եկեղեցիներու կեդրոնի համագործակցութեամբ իրականացուած այս ցուցահանդէսը: Սրբազանը պատմութեամբ մը փոքրիկներուն պատգամեց, որ թէեւ տարբեր ոճեր եւ մակարդակներ ունին ներկայացուած նկարչութիւնները, սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իւրայատուկ գրաւչութիւն եւ գեղեցկութիւն, քանի որ անոնց խորքին մէջ կ՛արտացոլան հեղինակի սրտին եւ հոգիին մէջ թաքնուած զգացումները եւ հարազատութիւնը` այդ կոթողներուն նկատմամբ:

Թեհրան

Այցելութիւն Նոր Բուրաստան Գերեզմանատուն

11 օգոստոսին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ Թեհրանի հայոց. թեմի Թեմական խորհուրդի ատենապետ Նորայր Արամեանի եւ նոյն խորհուրդի անդամ ու զոյգ գերեզմանատուներու հետ կապ Րաֆիկ Մելիքսէթեանի, այցելեց Նոր Բուրաստան գերեզմանատուն:

Այցելութեան նպատակն էր քննել բարեկարգման եւ ներկայացուած շինարարական շարք մը նախագիծներու ուսումնասիրութիւնը, որոնցմէ կարելի է նշել քահանայից հանգստեան սենեակի կառուցումը:

Սրբազան հայրը իր ուղեկիցներուն հետ շրջագայեցաւ գերեզմանատան մէջ եւ յետխորհրդակցութեան գերեզմանատան խորհուրդի անդամ Ռուբիկ Սարգիսեանի, որոշուեցաւ հանգստեան սենեակ կառուցելու համար ունենալ նաեւ քահանայ հայրերուն կարծիքը եւ այնուհետեւ ամենակարճ ժամանակամիջոցի մէջ սկսիլ աշխատանքները:

Առաջնորդ սրբազանը այցելեց նաեւ Ս. Ստեփանոս մատուռ:

 

Նախորդը

Փորձ-Հարցարան. Ձեր Խոհանոցը Կը Պատմէ Ձեր Մասին

Յաջորդը

Տեսակէտ. Դիմադրականութեան Եւ Կառուցողական Գործակցութեան Հաւասարակշռութիւնը, Այլընտրանքը Եւ Օրուան Հրամայականը

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Հոկտեմբեր 9, 2025
Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 135-Ամեակի Տօնակատարութիւն Քուէյթի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 135-Ամեակի Տօնակատարութիւն Քուէյթի Մէջ

Հոկտեմբեր 8, 2025
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Հոկտեմբեր 2, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?